Երկու շարունակական տարիներու յաջող իրագործումէն ետք, Յունաստանի «Համազգային»ի Շրջանային վարչութիւնը, այս տարի եւս կը կազմակերպէ հայերէն լեզուի դասընթացքներ՝ հայերէնէ բոլորովին անտեղեակ անձերու համար, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ու հայախօսութեան զարգացման նպատակով։ Լեզուի դասընթացքներուն զուգահեռ, պիտի իրագործուի նաեւ հայկական մշակոյթի, աշխարհագրութեան, պատմութեան, երգի ու պարի շուրջ ուսուցման ծրագիր մը, որ պիտի ամբողջացնէ հայկական դաստիարակութիւնը։
Երկու տարուան կարեւոր փորձառութիւն մը կայ «Համազգայինի»ի այս ծրագիրին մէջ, որ իր շուրջ համախմբեց հայրենակիցներ, որոնց համար մեր մայրենին իրենց շրթներուն վրայ չգործածուած լեզու մըն էր։ Սակայն, ինչպէս ամէն անգամ ցեղին ձայնը կ՚արձագանգէ, անոնք բացառիկ խանդավառութեամբ մասնակցեցան դասընթացքներուն ու մայրենիին առաջին դայլայլումները անուշ մեղեդիի նման լսուեցան իրենց բերաններէն։
Հայերէնի դասընթացքներու նպատակի վեհութիւնը եւ անոնց բարերար ներգործութիւնը հայ մարդոց վրայ առարկելի չեն կրնար ըլլալ։
Ո՛չ ալ այս սիւնակէն անոնց կարեւորութեան մասին վերլուծումներու շարան մը ներկայացնելու միտք ունինք։
Ամէն ինչ յստակ է եւ մասնաւորաբար` ողջունելի եւ յոյժ գովելի։
Հայերէնի պաշտպանութիւնը գերխնդիր մըն է բովանդակ Սփիւռքին համար։
Խօսելով յունահայութեան մասին, պիտի յիշեցնենք մեր մտածումները, որոնք տեղ գտան թերթիս խմբագրականին մէջ, Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու վերաբացման առիթով։ Անոնք, ուղղուած էին պատանի սերունդի հայորդիներուն ու իրենց ծնողներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հայակրթութիւնը, ամենայն գիտակցութեամբ, աչքի լոյսի նման կը պահպանեն ու կը տարածեն։
Մեր վարժարաններու ջամբած հայակրթութեան ծրագիրներէն անդին երթալով, անվարան պիտի յայտնենք, թէ «Համազգային»ի ծրագիրը ներկայիս կու գայ հայերէնի ուսուցման ու տարածման արժանի տեղ տալու բոլոր անոնց, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չկարողացան մեր ոսկեղինիկ հայերէնը սորվիլ ու գործածել անցեալին։ Հայերէնի դասաւանդութեան կողքին հայ մշակոյթի գանձերու ներկայացումը եւ ուսուցման մատուցումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, ամբողջական հայակերտ կերպար մը ստեղծելու համար հայերէնէ զուրկ մեր հայրենակիցներուն մօտ։
Հո՛ս է արժէքը այս ծրագիրին։ Անշուշտ, չենք ակնկալեր, որ անոնք լրիւ կերպով պիտի տիրապետեն լեզուին։ Սակայն, սպասումն է, որ մեծ մաս մը անոնցմէ, որոնք հեռու մնացած էին մեր կազմակերպ կեանքի իրականութենէն, առաւել խանդով եւ ոգեւորութեամբ մուտք պիտի գործեն մեր համայնքային այնքա՜ն սնուցիչ միջավայրէն ներս, պիտի սուզուին միութենական եւ ընկերային մթնոլորտին մէջ, հայերէն պիտի խօսին ու տարածեն, որպէսզի, մեր լեզուի, գրականութեան ու մշակոյթի բաց դռներուն ետեւէն, անոնց առջեւ յայտնուի հայկական արժէքներու հոգեմտաւոր հսկայ հարստութիւնը։
Կը մնայ յաջողութիւն մաղթել ծրագիրի իրականացման ջանքերուն։
Կը մաղթենք, որ այսպիսի ծրագիրներ իրենց ճամբան գտնեն նաե՛ւ բոլոր անոնց համար, որոնք մեր մայրենին քիչ մը աւելի գործածելով հանդերձ, պիտի ուզեն քայլ մը յառաջ երթալ ու կատարելագործել հայերէն լեզուի իրենց պաշարները։
Վստահ ենք, որ թէ՛ սորվելու փափաքողներ կան, թէ՛ մեր լեզուի գանձերը մատուցողներ կան։
Կը սպասենք «Համազգային»ի նորանոր նախաձեռնութիւններուն։
«Ազատ Օր»