Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Եր­կու­շաբ­թի՝ 8 ­Յու­նո­ւար 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դար­նի իր գրա­սե­նեա­կէն ներս, ըն­դու­նեց ա­ցե­լու­թիւ­նը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի։ ­Դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեա­նին կ­՛ըն­կե­րա­նար ­Յու­նաս­տա­նի հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­Վեր. ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան։
­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան։
­Դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեան Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր յայտ­նեց, թէ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ Եւ­րո­պա­յի տնօ­րէն­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վին ա­ռի­թով կը գտնո­ւի Ա­թէնք եւ, պա­տեհ ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով, փա­փա­քած է այ­ցե­լել Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր՝ Ս. Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով շնոր­հա­ւո­րանք եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու։
Ա­պա, հա­մա­ռօտ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի Ըն­կե­րակ­ցու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը՝ դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեան Սր­բա­զան ­Հօր յանձ­նեց վեր­ջերս հրա­տա­րա­կո­ւած «Ե­րի­տա­սարդ ըն­տա­նի­քին Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը» գու­նա­գեղ գիր­քը, որ յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած է փոք­րե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը՝ մօ­տէն ճանչ­ցած ըլ­լա­լով դոկտ. Հ. ­Ճէ­պէ­ճեա­նը եւ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան հա­մար եւ գնա­հա­տեց դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նին ա­ռա­քե­լա­կան շուն­չով Աս­տու­ծոյ խօս­քը տա­րա­ծե­լու ճիգն ու աշ­խա­տան­քը, ո­րոնց վեր­ջին մէկ օ­րի­նա­կը կը հան­դի­սա­նայ իր իսկ անձ­նա­կան ջան­քե­րով հրա­տա­րա­կո­ւած վեր­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նաեւ իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նին, որ ըն­դա­ռա­ջեց իր ա­ռա­ջար­կին, որ­պէս­զի սոյն գիր­քէն օ­րի­նակ­ներ տրա­մադ­րո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին՝ օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար փոք­րե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու հա­յե­ցի եւ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։