Շաբաթ՝ 22 Յունիս 2019ի առաւօտուն, «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն այցելեց Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան։ Ան Աթէնք կը գտնուուէր Միացեալ Աստուուածաշունչի Ընկերակցութիւններու միջազգային համագումարին մասնակցելու համար, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 17-26։
Դոկտ, Ճէպէճեան, ամէն անգամ որ Աթէնք կը գտնուուի կ՚ացելէ «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը եւ մտերմիկ զրոյց կ՚ունենայ խմբագրութեանս հետ։ Այս անգամ ալ, առիթը ունեցանք իրեն հետ զրուցելու իր ծրագիրներուն մասին։
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Անդրադարձ եղաւ հայ մամուլի հարցերուն եւ ինք անգամ մը եւս գնահատեց «Ազատ Օր»ի կատարած աշխատանքները եւ դերակատարութիւնը յունահայ իրականութեան մէջ։
Նաեւ, դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ «Սփիւռքահայ դէմքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքի շնորհահանդէսին մասին, որ տեղի ունեցաւ Յունաստանի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։
Ինչպէս միշտ, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի այցելութիւնը մտերմիկ եւ շահեկան զրոյցներու առիթ մըն է, մանաւանդ ազգային-հասարակական կեանքի ոլորտներուն մասին իր հետաքրքրական տեսակէտներով։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր հատորը ստացաւ յատուկ մրցանակ
Արաբական Ծոցի Աստուուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի վերջերս լոյս տեսած անգլերէն նոր հատորը՝ «Աստուածաշունչի Յանձնարութիւնը՝ Վերագտնել հաւատք, յոյս եւ անձը» ստացած է յատուկ մրցանակ, որպէս լաւագոյն «Ծրագիր-յայտագիր»ի հրատարակութիւն։
Հրայր Ճէպէճեանի հատորը ներկայացուուեցաւ Միացեալ Աստուուածաշունչի Ընկերակցութիւններու միջազգային համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ՝ 17-26 Յունիս 2019ին եւ որուն կը մասնակցէին աւելի քան երկու հարիւր ներկայացուցիչներ, որոնք կ՚ուգային հարիւր տարբեր երկիրներէ՝ եւ ստացաւ լաւագոյն մրցանակը, մեկնելով նոյն ընկերակցութեան աշխատանքային ծրագիրներու համար հաստատուուած նպատակակէտերէ։
Միացեալ Աստուուածաշուչի Ընկերակցութիւններու համաշխարհային համաժողովը, Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ՝ 2016 թուականին, հաստատեց ութը կէտերէ բաղկացած աշխատանքային ծրագրային սկզբունքներ, որոնք հիմքը պիտի դառնային իւրաքանչիւր երկրի գրասենեակի աշխատանքներուն համար յաջորդող տարիներուն ընթացքին։ Այս իմաստով, դոկտ. Ճէպէճեանի հատորը ստացաւ այդ ծրագիրներէն առաջինի՝ «Կեդրոնանալ յատուկ հաւաքականութիւններու վրայ եւ անոնց կարգավիճակներուն մէջէն», որ կ՚ընդգրկէ Աստուուածաշունչի եւ անոր պատգամին ընկալումը գաղթականներու, տեղահանուուածներու, անգրագէտներու, ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցող մարդոց, այլ հաւատքի պատկանողներու, օտարերկեայ բանուուորներու եւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ ապրողներու կողմէ։ Այս իմաստով, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հատորը նկատուուեցաւ որպէս լաւագոյն ծրագիր, որ կ՚ամբողջացնէր այդ ծրագիրը եւ որուն հիման վրայ արժանացաւ առաջին մրցանակին։