Ա­թէնք գտնո­ւե­լուն ա­ռի­թով, Ա­րա­բա­կան ­Ծո­ցի Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար դոկտ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեան, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 8 ­Մա­յիս 2024-ին, այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րեց «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ շա­հե­կան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ թեր­թիս տնօ­րէ­նու­թեան հետ։
Յարգելի հիւրին կ՚ընկերակցէր Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան։
­Դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեան ­Յու­նաս­տան կը գտնո­ւի իր վեր­ջին գիր­քի՝ «­Հայ­կա­կան ազ­գագ­րա­կան պատ­կեր­ներ՝ տե­սիլք, կամք եւ յոյս» շնոր­հա­հան­դէ­սին ա­ռի­թով՝ ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։
­Թեր­թիս եր­կա­րա­մեայ բա­րե­կամ, դոկտ. ­Ճէ­պէճեան իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց ան­գամ մը եւս խմբագրա­տուն այ­ցե­լե­լուն ա­ռի­թով, մաս­նա­ւո­րա­պէս մատնանշե­լով թեր­թի է­ջադ­րու­մի եւ բո­վան­դա­կու­թեան զգա­լի բա­րե­լա­ւու­մը, ո­րոնց հա­մար գնա­հա­տան­քի խօսք ար­տա­յայ­տեց պաշ­տօ­նէու­թեան։
­Խօ­սակ­ցու­թեան գլխա­ւոր նիւ­թը ե­ղան հայ­րե­նի­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն դի­մագ­րա­ւու­մը, ­Հա­յաս­տա­նի վրայ սպառ­նա­ցող վտանգ­ներն ու ա­նոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան վրայ։ ­Մաս­նա­ւո­րե­լով Ս­փիւռ­քի օ­րա­կար­գը, նշո­ւե­ցան մար­տահ­րա­ւէր­ներն ու ա­նոր ու­ժե­ղաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
Բ­նա­կա­նա­բար, զրոյ­ցին ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ ե­ղաւ նոր գիր­քի ներ­կա­յաց­ման, ա­նոր մէջ տեղ գտած միտ­քե­րուն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն, ո­րոնք կը կազ­մեն հե­ղի­նա­կի մտա­յին աշ­խար­հի ար­գա­սի­քը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հրա­պա­րա­կած իր յօ­դուած­նե­րով։
Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, դոկտ. ­Ճէ­պէ­ճեան իր գիր­քի մա­կագ­րո­ւած օ­րի­նա­կը նուի­րեց թեր­թիս գրա­դա­րա­նին։