Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած 50 եւ աւելի դիւանագիտական եւ միջազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնց կարգին՝ նաեւ յոյն դեսպան Ն. Փիփերիկոսի, բեմադրուած այցելութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդա եւ Շուշի քաղաքները, դժգոհութեան եւ բողոքի բուռն ալիք բարձրացուց յունական հանրային կարծիքին մօտ։ Արցախի գրաւեալ հողերուն վրայ Յունաստանի դիւանագէտի ներկայութիւնը խստօրէն դատապարտուեցաւ յունական լրատուամիջոցներուն կողմէ, որուն համար անոնք բացատրութիւններ պահանջեցին երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի կողմէ։
Անմիջական եղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հակազդեցութիւնը, որ նամակ յղեց յոյն արտաքին գործոց նախարարին, նշելով յունահայութեան հիասթափութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւուած հողերուն վրայ յունական ներկայութեան համար։
Մեզի համար անհասկնալի կը դառնայ յունական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան այս քայլը։ Զայն վերագրել դիւանագիտական սայթաքումի՞, կա՞մ մտածել թէ անցեալ Սեպտեմբերին յոյն դեսպանի անձին հանդէպ Ալիեւի կոպիտ վերաբերմունքը դիւրաւ մոռցուեցաւ, ի խնդիր դիւանագիտական …եւ այլ կապերու ամրապնդումին։
Իսկապէս զարմանք կը պատճառէ Յունաստանի մասնակցութիւնը, երբ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերուն հելլէն նախարարը Երեւան իր այցելութեամբ, հայանպաստ յստակ կեցուածք որդեգրեց, դատապարտելով թուրք-ատրպէյճանական եւ անոնց վարձկաններու ռազմական գործողութիւնները Ղարաբաղի վրայ։
Այն ատեն էր, որ Յունաստանի մէջ կարգ մը շրջանակներ փութացին դատապարտել Նիքոս Տենտիասի հայամէտ դիրքը եւ պահանջել նախարարէն չէզոք (իմա՝ ազերիամէտ) կեցուածք պահել։
Մի՞թէ այդ շրջանակներու ազդեցութեան տակ յունական նախարարութիւնը արտօնութիւն տուաւ իր դեսպանին «բարի վարուց» կեցուածք ցուցաբերել, մասնակցելով երեւութապէս «ծանօթացման պարզ այցելութեան» մը։
Յստակ է, որ Յունաստան չկարողացաւ խորապէս ընբռնել Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ այլ եւրոպական երկիրներու մերժողական կեցուածքը՝ չընդառաջելու Պաքուի կողմէ սարքուած բեմադրութեան։ Յունաստան նոյնիսկ օրինակ չառաւ Կիպրոսի մերժողական կեցուածքէն, այսպէս տեղ տալով Ատրպէյճանի նենգ քաղաքականութեան՝ «օրինակացնելու» իր ներխուժումը արցախեան տարածքներուն վրայ։
Միայն Կիպրոսի օրինակը բաւարար ազդակ մըն էր, որպէսզի յունական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը դէմ կանգնէր ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն, մերժելով իր մասնակցութիւնը։ Այս պարագային, յոյն-թրքական հակամարտութեան մէջ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը ի նպաստ Թուրքիոյ, Յունաստանի համար զսպանակ չդարձաւ թուրք եւ ատրպէյճանական դիւանագիտական խաղերուն դիմաց։
Բարեկամ Յունաստանի դիւանագիտութիւնը մեծ սայթաքում մը ունեցաւ, նոյնիսկ եթէ տեղի տուաւ զանազան «ճնշումներու»։ Հոս, ամէնէն զարմանալին այն է, թէ երբ Ատրպէյճանի մէջ յունական դիւանագիտութիւնը իր ներկայութեամբ՝ կամայ թէ ակամայ, «կը հաստատէր» ատրպէյճանական գրաւումի «օրինականութիւն»ը, նոյն պահուն Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան նախարարը տեսակցութիւն կ՚ունենար Երեւանի մէջ յոյն դեսպանին հետ, միասնաբար քննարկելու համար ռազմական արդի միջոցներու արտադրութեան կարելիութիւնները…։
Հայ դատի յանձնախումբը արդարօրէն յստակ պատասխան եւ բացատրութիւններ կը պահանջէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Հոս, հարցականի տակ չի դրուիր Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական կապեր ունենալու միջազգային իրաւունքը։
Երբ հարցը կը հասնի ազատութեան, ազգերու ինքնորոշման եւ մարդկային արժանապատութեան ջատագով Յունաստանի պաշտօնական ներկայութեան հայկական Արցախի՝ Ատրպէյճանի կողմէ գրաւեալ հողերուն վրայ, այն պարագային՝ հայ ժողովուրդը ամէն իրաւունք ունի կարգի հրաւիրելու մեր աւանդական դաշնակիցը։
Յ.Գ. Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի եւ փոխնախարարներու հրաժարականէն ետք, հայկական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ անտէր ըլլալ։ Ատրպէյճանական ոտնձգութեան դէմ, անգլուխ մնացած արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութիւնը մինչեւ հիմա ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրաւ, ոչ մէկ դիմում կատարեց Ե.Ա.Հ.Կ.-ին կամ այլ միջազգային ատեաններուն։ Հակառակ իր ընտրական «յաղթանակին», ներկայ վարչախումբի արտաքին քաղաքականութեան սնանկութիւնը կը շարունակէ տկարացնել Հայաստանի դիրքը տարածաշրջանէն ներս։
Կը սպասենք, որ մեր դիւանագիտութեան ներկայացուցիչները անմիջականօրէն դիմեն Ալիեւի սարքած «խեղկատակութեան» մասնակցող երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններուն՝ հայ ժողովուրդի պատիւին ու հողային ամբողջականութեան դէմ եղած ոտնձգութեան համար։