Յունահայ գաղութի «Ազատ Օր» օրաթերթը արդէն թեւակոխեց իր 75րդ տարին։ Զօրեղ առաջնորդող յօդուածով մը թերթին խմբագրութիւնը արժեւորումը կատարեց 75ամեայ աւանդին, ապա անոր անխափան շարունակութեան յանձնառութիւնը շեշտեց՝ համազգային մեր ուղիի հաստատման ճամբուն վրան։
Մեր գաղութի համակ պատմութիւնն է «Ազատ Օր»ը՝ իր ութ տասնամեակներու հրատարակութեամբ, այլեւ անկէ առաջ ալ՝ «Նոր Օր»ը հանդիսացաւ տարագիր զանգուածներուն համար հայրենի կորսուած հողին վսեմացումը, որուն շունչը տակաւին կը յամենար պահել յունահայու սրտի հայրենակարօտ տրոփիւնները։
Յունահայ գաղութը, առաջնորդութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան իրերայաջորդ պատասխանատու մարմիններուն, թերթի վարչութեանց եւ մանաւանդ խմբագիրներուն ու աշխատակազմին՝ սրբազան մասունքի մը նման պահպանեց իր հարազատ օրաթերթի անխափան հրատարակութիւնը՝ անթիւ նիւթական զոհողութիւններով, նոյնիսկ երբ կեանքի բնական ընթացքին համեմատ, անոր բաժանորդները սկսան նուազիլ, քայլ պահելով յունահայութեան թիւի նուազումին հետ։
«Ազատ Օր»ը, որպէս հարազատ ծնունդը դաշնակցական եզակի գործիչներու, կարողացաւ գրաւել ամէն յունահայու սիրտը, հայաբոյր էջերուն մէջէն վառ պահեց իր պատկանած կազմակերպութեան գաղափարական եւ քաղաքական առաջադրանքները, որոնք մինչեւ այսօր նոյնացած կը մնան հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման քաղաքական ժառանգին հետ։
Թերթը ամէն օր՝ տաք հացի նման, մտաւ ու կը շարունակէ մտնել մեր հայրենակիցներու տուները, անհամբեր սպասող ընթերցողներուն հաւաքական մտահոգութիւններու հայելին ըլլալու հարազատութեամբ, գոհացնելու համար իւրաքանչիւր յունահայու ազգային, քաղաքական, ընկերային, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային հետաքրքրութիւններն ու ձգտումները։
Այսօր, համաշխարհային մամուլը, անոր կողքին հայ մամուլը եւ բնականաբար «Ազատ Օր»ը եւս, դէմ յանդիման կը գտնուին ընդհանուր տագնապի մը, որ կը յատկանշէ ի մասնաւորի տպագիր մամուլը։
«Իրատես»ները վճռած կը թուին ըլլալ թէ մամլոյ ապագան կ՚անցնի միայն համակարգիչներու, ձեռքի հեռաձայններու եւ ելեկտրոնային միջոցներու տարածումով՝ ամէն տարիքի խաւերուն մէջ։
Անոնց դիմաց, թուղթի «սիրահարներ»ը կը յամենան պնդել, թէ թերթը պէտք է շօշափել՝ իր թուղթի ծաւալով, մելանի հոտով։
Բնականաբար, «Ազատ Օր»ն ալ անմասն չի կրնար մնալ այս զրոյցէն։ Մեր գաղութին մէջ եւս, բոլոր այն «իրատես»ներն ու «սիրահարներ»ը, որոնք անժխտելիօրէն կը հաւատան հայ մամուլի յարատեւման, կարծիքներ կ՚արտայայտեն թերթի ապագային մասին։ Անոնք մերթ ձայն կը բարձրացնեն ելեկտրոնային նոր լուծումներու որոնումներու մասին միայն, մերթ՝ թուղթով ու մելանով աւելի շքեղ ու գրաւիչ լուծումներու շարունակութիւնը կ՚ուզեն տեսնել։
Կարծիքներու այս «դրական բախումը» նաեւ հիմնաւորուած է այն իրականութեամբ, թէ «Ազատ Օր»ը արդէն քայլ կը պահէ ելեկտրոնային նոր ըմբռնումներուն հետ եւ իր տպագիր քանակին առընթեր՝ հանրութեան կը ներկանայ ելեկտրոնային տարբերակով մը (PDF format), որ հարազատ թերթի մը էջերու տեսքով՝ գունագեղ ու աւելի գրաւիչ, նաեւ ընթերցանութեան ձեւով, մատչելի է երիտասարդ սերունդին եւ Աթէնքէն հեռաւոր շրջաններու հայութեան։
Երկու մօտեցումներն ալ տրամաբանական եւ առողջ լուծումներու երաշխիքը կու տան, մանաւանդ երբ թերթը պահելու հաւատքը կը յատկանշէ երկու տեսակէտներն ալ։
Այս բոլոր բանավէճերու կողքին՝ «Ազատ Օր»ի առօրեայ ընթերցողը ի՞նչ ունի ըսելիք։
Երկար տարիներ առաջ, խմբագրութիւնը դիմած էր թերթի ընթերցողներուն, կարծիքներու հաւաքի եւ ուսումնասիրութեան մը ձգտումով։ Այդ ժամանակ, տպագիր ձեւի տիրական իրականութեան լոյսին տակ միայն կարելի էր մտածել բաժանորդներու նուազման ընթացքը կասեցնելու մասին։
Այսօր եւս, վարչական եւ կառուցային շրջագիծէն ներս խօսակցութեանց եւ կարծիքներու փոխանակման կողքին, թերթը նախ պէտք է կարիքը զգայ դիմելու իր հարազատ ընթերցողներուն, ապա՝ ոչ-ընթերցողներուն, մանաւա՛նդ երիտասարդ սերունդին, որ «Ազատ Օր» չի կարդար, սակայն ընդհանուր մամուլէն հեռու չի մնար, անոնցմէ ստանալու համար գաղափարներ եւ կարծիքներ, որոնք համապարփակ քննարկումներու խմորումներով մեր թերթի ապագային վրայ կրնան լոյս սփռել։
Յունահայ ընթերցող եւ ոչ-ընթերցող հատուածները պէտք է խօսք ունենան։ Նկատելի է, թէ ոչ-ընթերցողները անտարբեր չեն թերթին հանդէպ։ Պարզապէս, գոյութիւն ունին հայերէն լեզուի, արտայայտութեան եւ ընթերցանութեան առարկայական խոչընդոտներ, որոնք սակայն անդիմադրելի չեն։ Կը բաւէ, որ ամէն կարծիք իր տեսանկիւնէն դիտուած պրիսմակին մէջ տեսնել ու ըստ այնմ արժեւորել։
Եթէ մեր ընթերցողները երկխօսութիւն մը կ՚ուզեն ունենալ — եւ պէ՛տք է ունենան — թերթին հետ՝ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, ինչո՞ւ չէ, պէտք է վերակենդանացնել «Նամակ՝ խմբագրութեան» հարթակը։
Աւելին, այսօր աւելի քան հրամայական է, որ մեր թերթը տունէ-տուն հասնի, լսէ ու իր ապագան ծրագրէ։
Նոր 75ամեակներու սիրոյն…։
ԴԻՏՈՂ