Դիմում Հայ Կապոյտ Խաչի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի

0
153

­Հա­ւա­տա­րիմ՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի կրթա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան նպա­տակ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­լով, որ փայ­լուն նոր սե­րունդ մը մեծ հպար­տանք է մեր բո­լո­րին հա­մար, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը այս տա­րի եւս պի­տի տրա­մադ­րէ «­Թա­գու­հի ­Փա­շա­յեան» մրցա­նա­կը հայ ու­սա­նո­ղի մը՝ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման հա­մար։
­Կը յատ­կա­ցո­ւի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րը յա­ճա­խած («­Զա­ւա­րեան», «Լ. եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» եւ «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան») եւ հա­մալ­սա­րան ըն­դու­նո­ւե­լու բարձ­րա­գոյն նիշ ստա­ցած ու­սա­նո­ղին 2021-2022 տարեշրջանին համար:
Առ այդ, այն բո­լոր ու­սա­նող­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին ստա­նալ մրցա­նա­կը, պար­տին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի գրա­սե­նեակ (Ա­րիս­թո­թե­լուս 8 — 17671 ­Քա­լի­թէա, հեռ. 210 9574973) ու­ղար­կել ի­րենց յա­ջո­ղու­թեան փաս­տա­թուղ­թը՝ նե­րառ­նե­լով ի­րենց տո­ւեալ­նե­րը (հաս­ցէ, հե­ռա­խօս, բջի­ջա­յին, Էլ. փոս­տի հաս­ցէ) մին­չեւ 20 ­Սեպ­տեմ­բեր 2022:
Մր­ցա­նա­կը ստա­ցո­ղին ա­նու­նը պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւի մա­մու­լով։
­Յայտ­նենք նաեւ, որ ար­դար ընտ­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հա­մար, նկա­տի պի­տի չառ­նո­ւին յա­տուկ դա­սե­րու նի­շե­րը (βαθμολογία ειδικών μαθημάτων):
­Բո­լոր ու­սա­նող­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ի­րենց հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեան­քէն ներս:

ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ