Չորեքշաբթի՝ 14 Հոկտեմբեր 2020-ին, հողին յանձնուեցաւ վաղամերիկ ընկ. Դերենիկ Մարուխեան։ Ազգային եւ գաղափարական իւրայատուկ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ ծնած ու սնած մեր ընկերը, իր սերնդակիցներէն սիրուեցաւ ու անոնց հետ միասին ճամբայ կտրեց։ Թաղման արարողութեան նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը, որ իր խօսքով շեշտադրեց ազգային ջերմ միջավայրը, որուն մէջ իր հասակը նետեց հանգուցեալը։ Հակառակ թագավարակի պատճառով յառաջացած սեղմումներուն, ընտանեկան բարեկամներ եւ գաղափարակից ընկերներ ներկայ եղան եւ «Վերքերով լի» երգով վերջին հրաժեշտը տուին ընկ. Դերենիկին։
Եկեղեցւոյ մէջ, գաղափարի ընկերներու անունով դամբանականը կարդաց ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան, որուն խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Դամբանական
Սգակիցներ,
Համավարակի խստապահանջ պայմանները հազիւ կը թոյլատրեն , որ նոյնիսկ սիրելի ննջեցեալի հոգիին ի հանգիստ եկեղեցական կարգը կատարուի ընտանեկան շատ սեղմ միջավայրի մէջ, զանցել-զլանալով ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութիւնը: Այնուամենայնիւ, մեր սիրեցեալ Դերենիկը արիւնի կապով իր հարազատ ընտանիքին զաւակը ըլլալէ ետք ու անոր առընթեր, անդամ էր նաեւ գաղափարական ընտանիքի մը, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին, որուն ներկայացուցիչներէն մին՝ անձս, սա տխուր պահուն եւ իբրեւ սրտի պարտք, եկած է յանուն այդ ընտանիքին «երթաս բարովի» վերջին հրաժեշտը տալու անդարձ մեկնող գաղափարի իր ընկերոջ:
Գաղափարական մթնոլորտով պարուրուած էր Ննջեցեալին ընտանիքը, ուր ծնաւ, մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցուց Փետրուարեան ապստամբութեան մասնակից մեծ հօր՝ վաստակաշատ ընկ. Թորգոմին եւ մեծ մօր գուրգուրանքով, աճեցաւ ընկ. Հրայր Մարուխեանի (յարգանք ու փառք յիշատակին) շունչով եւ մեծհոգի մօր՝ աննման տիկին Անահիտի անձնդիր խնամքին տակ: Համալսարանական ուսումը աւարտելէ ու Աթէնք հաստատուելէն ետք Դերենիկ մաս կազմեց Արամ Մանուկեան կոմիտէութեան եւ որոշ շրջան մը դարձաւ ակումբի երիտասարդները իրարու շաղախող ընկերային կեանքի կարեւոր օղակներէն մէկը:
Ազնուասիրտ, բարի հոգի, ընկերական ու ժպտուն, երգով ու նուագով կը ստեղծէր ի՛ր մթնոլորտը եւ այդ մթնոլորտին շուրջ կը բոլորէր շրջապատը: Այդ մթնոլորտը առաւել կենսագործելու եւ անոր նոր երանգ մը տալու համար, նոյնիսկ փորձեց ստեղծել հայ երիտասարդներէ կազմուած նուագախումբ մը ՝ «Երանգ» անունով, որ սակայն պայմաններու բերումով կարճատեւ կեանք ունեցաւ: Այս բառին ընտրութիւնը՝ «երանգ», ինքնին ցոյց կու տար Դերենիկի զգայուն հոգին եւ յաւակնոտ չըլլալու անոր համեստ խառնուածքը:
Յատկանշական եղաւ Դերենիկին ներկայութիւնը երիտասարդական կամ պատանեկան այն բանակումներուն, որոնց մասնակից դարձաւ ան իբրեւ ուսուցանող-մարզիչ այնպիսի մարզաձեւերու, որոնք ֆիզիքականին հետ ոգի կը կռանեն, կամք կ՚ամրացնեն: Իսկ իրիկուան ժամերուն, օրուան յայտագրի աւարտին, բանակողները իր շուրջ բոլորած՝ ընկերային կեանքին ոգին կը դառնար ննջեցեալը՝ կիթառով ու մեներգերով:
Որքան որ կարելի է կռահել, սիրեցեալն Դերենիկին տարերքը երգն էր ու երաժշտութիւնը եւ պոէմական կենսաձեւը: Սակայն մանկութենէն ստացած դաստիարակութիւնը, ապրած միջավայրը եւ կեանքի ելեւէջները դասաւորեցին այնպէս, որ ան երգի ու երաժշտութեան թաքուն ձգտումը չկարենայ պտղաւորել երիտասարդական այն տարիներուն, երբ անձին ստեղծագործական ներքին ուժականութիւնը թափ կ՚առնէ եւ ծաղկելու ճամբայ կը բանայ: Աւելի ուշ տարիներուն էր, ինքզինքին հետ ըլլալու համար Դերենիկը ամփոփուեցաւ ինքն իր մէջ եւ տրուեցաւ երգին ու երաժշտութեան ու իր նախասիրած կենսաձեւին եւ այդպէս ալ ահա առ յաւէտ կը բաժնուի մեզմէ:
Ընկ. Դերենիկ, լոյս՝ հոգիիդ: կա՛րճ, շատ կա՛րճ խնդրանք մը: Անդենականի մէջ հօրդ՝ ընկ. Հրայրին ըսէ՛, որ իր յաճախակի կրկնած պատգամին հաւատարիմ՝ իրեն հետեւորդ տղաքը «ՊԻՆԴ» են ամէնուրեք՝ Արցախի ճակատին վրայ թէ սփիւռքի տարածքին…:
Յանուն «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան եւ գաղափարի ընկերներուս ցաւակցութիւններ սիրեցեալ ննջեցեալին մօրը՝ տիկին Անահիտին, քոյրերուն՝ Ալենուշին, Շաղիկին եւ բոլոր հարազատներուն:
Երկա՜ր ապրիք, երկա՜ր յիշէք մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Դերենիկը :
Յետագրութիւն.
Սիրելի՛ Շաղիկ,
1. Կ՚ենթադրեմ թէ անդրադառնալով, որ ընդգրկած ազատ ասպարէզը ապերախտ գործօն է երգի ու երաժշտութեան իր ձգտումին դէմ, ինչպէս նաեւ իր անձնական կեանքի որոշ պարագաներէն ազդուած եւ զգալով, որ երգի ու երաժշտութեան ներքին տարերքը սկսած է խամրիլ, տրուեցաւ այն կենցաղին, զոր գիտենք:
Թերեւս կը սխալիմ, սխալ կը հոգեբանեմ, քանի որ հանգուցեալ եղբայրդ խորքային իմաստով ճանչնալու առիթ չեմ ունեցած: Իմ ծանօթութիւնս մակերեսային էր, պատահական հանդիպումներէ:
2. Երէկ, թաղումին յաջորդող ժամերուն, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, երկրորդ անգամն ըլլալով պատերազմի դատապարտանքով ու Արցախի պահանջքով տեղի ունեցաւ ցոյց՝ Սինտաղմայէն թրքական դեսպանատուն: Հակառակ, օրերէ ի վեր իշխանութեան հնչեցուցած համավարակի «ահազանգին», աննախընթաց էր ցուցարարներու ներկայութիւնը, որ կը գլէր-կ՚անցնէր նոյնիսկ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակինը: Յայտնօրէն, կը մասնակցէին նաեւ հայաստանցի հայրենակիցներ:
Ի տեղեկութիւն յայտեմ նաեւ, որ այս քանի մը օրերու ընթացքին, առանց յատուկ ճիգի, Արցախի ֆոնտին դրամական հաշիւին մէջ գոյացած է 200.000 եւրօ, որ թէեւ ոչինչ գումար է հսկայ կարիքին դիմաց, բայց նաեւ բարձր ցուցանիշ է յունահայ գաղութի «տալու» մշակոյթին հետ համեմատած՝ տնտեսական տարիներ տեւող շատ աննպաստ պայմաններու մէջ: Չեմ բացառեր, որ կարգ մը յոյներ ալ մասնակցած ըլլան այս գումարի գոյացման :
Շատ դժուար օրերու մէջ ենք: Սուրիան մոռցանք,որ արդէն երկրորդական փլան անցաւ Լիբանանի դիմագրաւած ողբերգութեամբ:
Հիմա՝ Արցախի պատերազմ եւ եղերական մահեր երիտասարդներու, որոնք ազգին վաղուան սերուցքը պիտի հարստացնէին…: Այս իմաստով ափսո՜ս մահեր, թէեւ անոնք իրենց մահով ազգին փառքը աւելցուցին: Իսկ սփիւռքը անզօրութեան մատնուած, ցոյցերով, քայլերթերով, դրամահաւաքով ինքզինք կը փորձէ արժեւորել:
Ամենայնդէպս, սիրելի Շաղիկ, ասկէ առաջ ըսած եմ ու գրած, կը կրկնեմ նաեւ ներկայ դժուարագոյն օրերուն այն, թէ գէթ վերջին բազմահարիւր տարիներու մէջ հայ կեանքը չէ եղած այնքան բարգաւաճ, այնքան կազմակերպ ու հզօր, որքան այսօր:
Ունինք հայրենիք, ազգային պետութիւն ու բանակ եւ քաղաքական ազդակի դերին մէջ՝ սփիւռք…: Կը մնայ, որ մեր ունեցածը աչքի լոյս դարձնենք ու մնանք «պինդ», ընդմիշտ վանելով ամէն տեսակ Ճղճիմութիւն…:
Կը ներես, տարածուեցայ: Երեւի ներքին պահանջ մը մղեց, որ անհարկի զեղում ունենամ:
Ցաւակցութիւններ եւ ամենախոր յարգանք մամայիդ՝ տիկին Անահիտին:
Ջերմապէս՝
Միհրան Քիւրտօղլեան