Հինգշաբթի՝ 8 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան այցելեց Յունաստանի խորհրդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջխորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի դեսպանը լայնօրէն պարզաբանեց ստեղծուած ներկայ վիճակը եւ շեշտեց, որ Հայաստան եւ Արցախ կը կռուին ատրպէյճանական բանակին եւ ահաբեկիչ վարձկաններուն դէմ, պաշտպանելով պատմականօրէն հայ ժողովուրդին պատկանող հողերու ամբողջութիւնը։
Հանդիպումին ներկայ եղան եւ յատուկ ուշադրութեամբ դեսպանի խօսքը լսեցին յանձնախումբի ատենապետ Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, փոխատենապետ Նինա Քասիմաթի, անդամներ Սթաւրոս Արախովիթիս եւ Ռալլիա Խրիսթիտու։
Յոյն երեսփոխանները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին եւ նշեցին հրադադարի անմիջական կիրարկման անհրաժեշտութիւնը, ապա Ե.Ա.Հ.Կ.ի մնայուն խորհուրդի նիստի գումարման կարեւորութիւնն ու Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութիւններու ծաւալումը շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։
«Լ.Ղ. հակամարտութեան գօտիին վրայ ռազմական
գործողութիւններու արտաքին հրահրումը պէտք է դադրի».
Յունաստանի վարչապետ
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, Հինգշաբթի 8 Հոկտեմբերին, Աթէնքին մէջ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ստոլտենպերկի հետ կատարած յայտարարութիւններուն ժամանակ, անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրադրութեան։
Վարչապետ Միցոթաքիս յայտնեց է, որ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած մտահոգիչ եւ ողբերգական զարգացումները, շարունակուող արիւնահեղութիւնը, որ բացի մարդկային տեսակետէն, կ՚ապակայունացնէ ամբողջ տարածաշրջանը:
«Մենք բոլոր ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման կողմնակից ենք։ Պետք է կանգ առնեն նաեւ ռազմական գործողութիւնները հրահրող արտաքին միջամտութիւնները: Մենք կը սատարենք Մինսքի խումբի համանախագահներու զինադադարի եւ խաղաղ գործընթացը վերսկսելու կոչերուն», ընդգծած է Յունաստանի վարչապետը: