Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի՝ աւելի քան հինգ տարիներու պաշտօնավարութեան աւարտին, Չորեքշաբթի՝ 27 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի նստավայրէն ներս տեղի ունեցաւ հայրենի պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչի ողջերթի երեկոն։ Ելոյթը իրագործուեցաւ համակազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Ազգային վարչութեան եւ Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան։ Ներկայ եղան Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութիւնները, Հայ դատի ներկայացուցիչը, «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ Կ.Կ.-ի նախկին անդամներ։
Երեկոյի բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ հանգամանօրէն նշեց դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի պաշտօնավարութեան բեղուն շրջանը, հայ-յունական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ իր ունեցած ներդրումը, յունահայ գաղութի գործօններու հետ իր ստեղծած գործակցական ոգին, որ սատարեց Հայ դատի եւ այլ հիմնական խնդիրներու մէջ սերտ գործակցութեան։ Անդրադարձաւ վերջին տարուան ընթացքին՝ արցախեան պատերազմին եւ անկէ ետք գերլարուած ճիգերուն, որոնք գործադրուեցան դեսպանին կողմէ յունական կողմը իրազեկելու համար Արցախի հիմնահարցի եւ մեր հայրենիքին հանդէպ գործադրուած յարձակողականութեան հետեւանքներուն առնչութեամբ։ Ընկերուհին բարի երթ մաղթեց դեսպանին, յոյս յայտնելով թէ ապագային դարձեալ գործակցութեան ճամբաներ պիտի բացուին դեսպանին եւ յունահայութեան միջեւ։
Յաջորդաբար, իր հայրական խօսքը փոխանցեց Թեմակալ Առաջնորդը, որ մէկ առ մէկ թուեց հայ դիւանագէտին արժանիքները, իր բարեհամբոյր նկարագիրն ու ընտանեկան արժէքները, ինչպէս նաեւ իր ձեռք ձգած կարեւոր փորձառութիւնը որպէս Հ.Հ. նախագահի արարողակարգի պետ, որպէս դեսպան Քուէյթի մէջ, ինչպէս նաեւ իր դիւանագիտական այլ պատասխանատուութիւնները, որոնք հանդիսացան իր յաջող պաշտօնավարութեան երաշխիքները։ Սրբազան հայրը մասնաւորապէս ծանրացաւ դեսպանի եւ Ազգային իշխանութիւններուն միջեւ ստեղծուած գործակցական ոգիին ու հասկացողութեան վրայ։ Ան ալ իր կարգին դեսպանին մաղթեց նոր ու յաջող հորիզոններ իր ապագայ ծառայութիւններուն մէջ, ի խնդիր հայրենիքի վերելքին ու բարգաւաճման։
Յաջորդեց Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեանի խօսքը, որ յատկանշանականօրէն վեր առաւ դեսպանի ընտանեկան ակունքներէն եկող իր ազնուութեան, գիտական պատրաստութեան, գիտելիքներու լայն դաշտի եւ դիւանագիտական շփումները յաջողութեամբ պսակելու կարողութիւնները։ Ան նշեց, թէ երկուստեք եղած գործակցութիւնը պտղաբեր ու արդինաւէտ եղաւ։
Արտայայտուած խօսքերէն զգացուած ըլլալով, դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան ջերմ խօսքերով արտայայտուեցաւ յունահայ գաղութի եւ անոր գործօններուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան մասին։ Ան շեշտեց, թէ բոլոր պարագաներուն հեշտ եղաւ ծրագիրներու ամբողջացումը, ազգային կարեւոր հիմնախնդիրներու մէջ միասնաբար գործելու ոգին։ Դեսպանը, յատուկ կարեւորութեամբ մատնանշեց միասնակութեան անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է յատկանշէ գաղութային գործունէութիւնը, որպէս կարեւոր մէկ օղակը Հայաստան-Սփիւռք անքակտելի շղթային։ Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկայ բոլոր կառոյցներուն, իր անձին ու պաշտօնին հանդէպ ցուցաբերած ջերմութեան եւ գործակցութեան համար։
Յաջորդեց յուշանուէրներու տուչութիւն, այսպէս՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր ձեռամբ դեսպանը ստացաւ գաղութին կողմէ յուշատախտակ մը, վրան արձանագրուած ըլլալով գաղութի երախտագիտութիւնը իր անձին հանդէպ։ Ապա, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան դեսպանին նուիրեց Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ պատրաստուած արծաթեայ յուշանուէր մը։
Երեկոյի ընթացքին ինքնաբուխ արտայայտութիւններով հանդէս եկան Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչները, «Ազատ Օր»ը եւ պատասխանատու մարմինին մէջ անցեալին պաշտօնավարած ու դեսպանին հետ գործակցած ընկերներ, որոնք մատնանշեցին դեսպանի ունեցած ներդրումը հայ-յունական միջպետական գործակցութեան, Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի ժամանակ յունական զօրակցութեան եւ գաղութին հետ գործակցութեան սերտ մթնոլորտին։
Խօսքերու աւարտին, դեսպանը անգամ մը եւս արտայայտուելով, իր ջերմ զգացումները արտայայտեց եւ շեշտեց, թէ ո՛ր պաշտօնին վրայ ալ գտնուի ապագային, ինք պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու յունահայ գաղութին համար։
Հիւրասիրութեան ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի ընթացքին, դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան առիթ ունեցաւ բոլոր ներկաներուն հետ զրուցելու, վերյիշելով յատկանշական դրուագներ յունահայութեան հետ ունեցած կապերէն։
Բոլոր մասնակիցները անհատաբար բարի երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին դեսպանին, յուսալով թէ ապագային հայրենի հողին վրայ կարելի պիտի ըլլայ դարձեալ հանդիպիլ։