­Դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան հա­ւա­տար­մա­գի­րեր յանձ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ.Ն.

0
69

Ինչ­պէս անցեալին հա­ղոր­դած էինք, ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ստանձ­նեց Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ նոր դես­պա­նի պաշ­տօ­նը։ ­Նո­րանշա­նակ դես­պա­նը ար­դէն ժա­մա­նած է ­Յու­նաս­տան։ 5 ­Նո­յեմ­բե­րին, ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան իր հա­ւա­տար­մա­գի­րե­րու պատ­ճէ­նը յանձ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­րա­րո­ղա­կար­գի վար­չու­թեան պետ, դես­պան ­Տի­միթ­րիս ­Զե­ւե­լա­քի­սին:
Շ­նոր­հա­ւո­րե­լով դես­պա­նին՝ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մեկ­նար­կին առն­չու­թեամբ, ­Տի­միթ­րիս ­Զե­ւե­լա­քիս յա­ջո­ղու­թիւն եւ բեղմ­նա­ւոր աշ­խա­տանք մաղ­թեց ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին՝ վստա­հու­թիւն յայտ­նե­լով, որ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը նոր բո­վան­դա­կու­թիւն պի­տի հա­ղոր­դէ երկ­կող­մա­նի բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար՝ դես­պան Մկրտ­չեան նշած է, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ջան­քե­րը պի­տի ներդ­նէ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման, ամ­րապնդ­ման եւ հայ-յու­նա­կան օ­րա­կար­գը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով: ­Կը սպա­սո­ւի, որ յա­ջորդ օ­րե­րուն Հ.Հ. նո­րան­շա­նակ դես­պան ­իր հա­ւա­տար­մա­գի­րե­րը պիտի յանձ­նէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Է­քա­թե­րի­նի ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւին։