Չորեքշաբթի, 9 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան այցելեց Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանը, ինչպէս նաեւ «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ու «Զաւարեան» նախակրթարանները եւ մօտէն ծանօթացաւ յունահայ կրթական կեանքին։
Վարժարաններուն մէջ դեսպանին ընդունեցին Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ տեղական կոմիտէներու ներկայացուցիչները։
Առաջին հերթին, Ֆիքսի մէջ, դեսպանը ընդունուեցաւ երկու վարժարաններու տնօրէններ Արշալոյս Սափրիչեանի եւ Բաբգէն Գասապեանի ու աշակերտութեան կողմէ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին շէնքի շրջաբակին մէջ։ Կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ տնօրէնները անդրադարձան ուսումնական ծրագիրներուն, հայեցի կրթութեան, վարժարաններու գործունէութեան ինչպէս նաեւ այն բոլոր ճիգերուն, որոնք երկար տասնամեակներէ ի վեր ի գործ դրուած են ջամբելու համար հայոց լեզուն ու գրականութիւնը հայ աշակերտութեան մօտ։ Տեղի ունեցաւ մտերմիկ հիւրասիրութիւն եւ զրոյց, նաեւ դեսպանը ծանօթացաւ շէնքի բոլոր բաժիններուն եւ գործունէութեան, իր ակմբային եւ միութենական գործածութեամբ։
Գոքինիոյ մէջ, դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հայկանոյշ Մինասեանին կողմէ եւ հնարաւորութիւնը ունեցաւ այցելել դասարանները ու ծանօթանալ աշակերտութեան։
Պատեհ առիթը ստեղծուեցաւ հիւրասիրութեան համար, ուր դեսպանին ներկայացուեցաւ վարժարանի պատմութիւնը գաղթականութեան առաջին տարիներէն մինչեւ այսօր, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու գործելաձեւը եւ կիրարկումը։
Երկու շրջաններուն մէջ, իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան, դեսպանը ընդգծեց հայեցի կրթութեան կարեւորութիւնը, ընտանիքէն եւ դպրոցէն ներս հայերէն լեզուն խօսելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն զարգացնելու հրամայականը։ Դեսպանը յորդորեց բոլոր աշակերտները այցելել Հայաստան եւ զգալ հայրենի ոգին ու շունչը, որոնց մասին անընդհատ կը ծանօթանան իրենց կրթական կեանքին ընթացքին։ Ան նաեւ առաջարկեց, որ աշակերտներու ձեռային ու մտային աշխատանքներու ցուցահանդէսներ կազմակերպուին դեսպանատան մէջ, որպէսզի հոն այցելուները եւս ծանօթանան յունահայ կրթական կեանքին։
Նշենք, որ նախակրթարանի ու մանկապարտէզի դասարաններուն մէջ գործադրուեցաւ ինքնաբուխ փոքր յայտագիր աշակերտութեան կողմէ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Դեսպան Տիգրան Մկրտչեան այցելեց Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարանները