17 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գրծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սին հետ։
­Յու­նաս­տա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րը շնոր­հա­ւո­րեց դես­պա­նը իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեկ­նար­կե­լու ա­ռի­թով` մաղ­թե­լով յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։
­Նի­քոս ­Տեն­տիաս յայտ­նեց, որ հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ւան­դա­կա­նօ­րէն ա­մուր հիմ­քե­րուն վրայ կը գտնո­ւին եւ միայն դրա­կան ու­ժա­կա­նու­թիւն պէտք է ակն­կա­լել այդ ա­ռու­մով։
­Դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ներ­կա­յա­ցուց իր ա­ռա­քե­լու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։
Ան նշեց, որ առ­կայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծուն երկ­խօ­սու­թեան եւ ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան զու­գա­հեռ լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կան խո­րաց­նե­լու երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան կա­պե­րը, գի­տակր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին շփում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ խորհ­դա­րա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։
­Դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ներ­կա­յաուց տա­րա­ծաշրջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ ­Հա­յաս­տա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րը։