Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Հոկ­տեմ­բեր 4ին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է Νέα Δημοκρατία (­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն) ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի հետ:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք բարձր գնա­հա­տած են հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու փո­խա­դարձ ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քի վրայ խարս­խո­ւած երկ­կողմ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:
Պրն. ­Մի­ցո­թա­քիս ա­ռանձ­նա­յա­տուկ շեշ­տած է իր անձ­նա­կան կա­պե­րը հա­յե­րու հետ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ իր վե­րա­բեր­մուն­քը: Ան նաեւ յայտ­նած է, որ իր կու­սակ­ցու­թեան ան­դա­մակ­ցող կամ ա­նոր հա­մա­կիր ո­րոշ գոր­ծա­րար­ներ հե­տաքրք­րո­ւած են աշ­խա­տան­քա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու հե­ռան­կա­րով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
«­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին եւ ար­տա­քին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ իր կու­սակ­ցու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը:
­Տե­ղի ու­նե­ցած է մտքե­րու փո­խա­նա­կում տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի հար­ցե­րու շուրջ:
Այս ծի­րէն ներս դես­պան ­Չար­չօղ­լեա­ն զրու­ցա­կի­ցին ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի շուրջ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­կի խմ­բակի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւող ջան­քե­րը՝ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռաջ մղման ուղ­ղու­թեամբ:
­Դես­պա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ Ապ­րիլ 2-ին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը, խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին անց­նե­լու հա­մար ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ նոր ընտ­րա­կան օ­րէնսգր­քով ի­րա­կա­նա­ցո­ւող բա­րե­փո­խում­նե­րը:
Զ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ միջ­-խորհր­դա­րա­նա­կան եւ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման հե­ռան­կար­նե­րուն: