1 Սեպտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Յունաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էվանկելոս Թուրնաքիսը եւ նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Երասիմոս Աւլոնիթիսը:
Դաւիթ Տօնոյեան ողջունած է դեսպանին՝ պաշտպանութեան նախարարութիւն առաջին այցելութեան համար եւ շնորհաւորած է ռազմական կցորդին՝ Հայաստանի մէջ առաքելութիւն ստանձնելու առիթով։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառի հայ-յունական երկկողմանի համագործակցութեան հետ առնչուող հարցեր, խօսակիցները կարեւորած են համավարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու վերացումէն յետոյ համագործակցութեան միջոցառումներու անյապաղ վերսկումը, ինչպէն նաեւ բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու եւ քննարկումներու իրականացումը։
Անդրադարձ եղաւ նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հետ առնչուող հարցերուն։ Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց տարածաշրջանէն ներս որոշ դերակատարներու ծաւալած ապակառուցողական գործողութիւններու հետեւանքով լարուածութեան աճի մանրամասնութիւնները: Դեսպան Թուրնաքիս, իր հերթին, անդրադարձաւ արեւելան Միջերկրականի մէջ տիրող իրավիճակին։