Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Նո­յեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րան այ­ցե­լեց Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր եւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի: ­Հիւ­րին ըն­դու­նե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը: Պրն. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան ներ­կա­յա­ցուց Ար­ցա­խեան շար­ժու­մի ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն՝ թէ՛ ռազ­մա­կան թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան մար­զէն ներս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած պրն. Իշ­խա­նեա­նին: Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, յա­նուն Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան, ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նեց այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, նշե­լով որ ար­դէն անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն, ­Լի­բա­նա­նի ­Թե­մին Ա­ռաջ­նոր­դի հան­գա­ման­քով, ինք ծա­նօթ էր յար­գե­լի հիւ­րին. այս ա­ռի­թով, Սր­բա­զան հայ­րը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ի մաս­նա­ւո­րի ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ու իր թե­մե­րուն ամ­բող­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խին:
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան բա­րի գա­լուս­տի խօս­քե­րով ող­ջու­նեց այ­ցե­լու­թիւ­նը յար­գե­լի հիւ­րին:
Պրն. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լով ե­ղած պա­տի­ւին ու ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան մօտ կը գտնո­ւի, նշե­լով անց­նող տա­րի­նե­րուն յու­նա­հա­յու­թեան բե­րած նպաստն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Ար­ցա­խեան պայ­քա­րին, ա­պա ընդ­հա­նուր կէ­տե­րու մէջ ան անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին եւ դի­մագ­րա­ւած հիմ­նա­հար­ցե­րուն: Պրն. Իշ­խա­նեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ի մաս­նա­ւո­րի՝ Ար­ցախ կա­տա­րած յատ­կան­շա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը: Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ ե­ղած հար­ցում­նե­րուն, պրն. Իշ­խա­նեան տո­ւաւ անհ­րա­ժեշտ եւ ման­րա­մասն լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ: