Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Ա.Հ. Ա.Ժ. պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան հարցազրոյց տուած է յունական «ԷՖ. ՍԻՆ» օրաթերթին։ Հարցազրոյցը կը կրէ «Ատրպէյճանը նաւթատոլարներ ունի, իսկ մենք ոգի ունինք» խորագիրը։
«ԷՖ. ՍԻՆ» օրաթերթի լրագրող Նիքոլաս Զիրղանոս նախաբանին մէջ կ՚անդրադառնայ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան Արցախի դէմ, ապա պարզաբանումներ կը կատարէ Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ տարածած գործունէութեան շուրջ։ Հարցազրոյցին մէջ արծարծուած են Արցախի ներկայ իրավիճակին, Արցախի 2020ին կայանալիք խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն, Ա.Մ.Ն.ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին եւ Սուրիոյ մէջ թրքական ներխուժման հետ վերաբերող հարցերը:
Դաւիթ Իշխանեանի հարցազրոյցը յունական «ԷՖ. ՍԻՆ» օրաթերթին
Դաւիթ Իշխանեանի հարցազրոյցը յունական «ԷՖ. ՍԻՆ» օրաթերթին