ԳԷորգ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
(Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական
թեմի օգնական եպիսկոպոս)
Դարեր շարունակ, ցայսօր, հայ ժողովուրդի գիտակցութեան եւ հոգիին մէջ դրոշմուած Աւարայրի ճակատամարտին յիշատակը ոգեկոչելու կը հրաւիրուինք ազգովին, ուր որ ալ գտնուինք, սրահներու մէջ, յուշակոթողներու դիմաց կամ մեր եկեղեցիներու խորաններէն։
Տարին օր մը, մէկ օր, ինչպէս այսօր, կը մէկտեղուինք նշելու համար 1566 տարիներ առաջ մայիսեան առաւօտ մը պատահած ճակատամարտ մը, որուն առասպելատիպ հերոսը դարձուցած ենք մեր զաւակներուն պաշտամունքին առարկան։
Ասիկա կատարած ենք յաճախ սովորամոլութեամբ, ազգային բնազդով, թելադրուած մեր վաղ մանկութենէն մեր հոգիներուն մէջ դրոշմուած եւ մեր մատղաշ միտքերուն համար դեռ եւս անհասկնալի այն համոզումէն, որ Հայոց պատմութեամբ նուիրագործուած Աւարայրի ճակատամարտին կտրիճները գիտակից մահուամբ մահը յաղթահարեցին, Յիսուսին նման։ Անոնք մահուամբ յաւերժագիր տուին իրենց ազգին, մահուամբ ամրագրեցին մեր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, ազգային ինքնութիւնը, որով հայը դարձուցին հոմանիշ քրիստոնեայի, իսկ քրիստոնէութիւնը պիտակ՝ հայուն։
Զոյգ ինքնութիւններ ու պատկանելիութիւն, որոնք դաւանանքային բարեմասնութիւնները եւ ազգային արժանիքները հոյակապօրէն կը միաձուլեն մէկ մարմնի մէջ, հայկական ինքնութեան տարազին մէջ։ Եւ ամէն հայ՝ իր այս միաձուլուած զոյգ պատկանելիութեամբ կը մկրտէ ինքզինք վաղ մանկութենէն, կը մկրտէ՝ ինքզինք դաւանելով թոռը Քաջն Վարդանի, բարբառելով դեռ եւս կազազուն լեզուով.-
ՀԱ՛Յ ԵՄ ԵՍ, ՔԱՋՎԱՐԴԱՆԻ ԹՈՌՆ ԵՄ ԵՍ։
Յետ քրիստոնէական աւազանի մկրտութեան, ծերունազարդ տատիկին ու պապիկին շունչով եւ արեան ձայնով կատարուած այս ինքնամկրտութիւնը, տարիներու թաւալումին հետ, կը դառնայ ազգային ու քրիստոնէական յանձնառութիւն, ապրում, մտքի ու հոգիի ներշնչման աղբիւր։
Ո՛չ մէկ պատմագիտական վերլուծում կամ գնահատական կրնայ խախտել հայոց պատմութեան հերոսներու բոլոր արժանիքները սոսկ դէմքի մը մէջ տեսնելու այս ընդոծին միտումը եւ նսեմացնել այս ժողովրդային նուիրագործումը իրադարձութեան մը, որ կը խորհրդանշէ իր հաւատքին, հողին ու ազգային-մշակութային ժառանգութեան կառչած ազգի մը արժանիքները խտացնող դարաթափանց օրինակ մը։
Ո՛չ մէկ քաղաքագիտական մօտեցում կրնայ անշքացնել փառապանծ նշանակութիւնը եղելութեան մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ազգային հաւաքականութեան մը զգացումներն ու ապրումները ճնշելու փորձի մը դէմ կեանքի գնով ճակատում, ժամանակակից բացատրութեամբ՝ ազատագրական պայքար։
Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են հերոսական դրուագներով, ազգային լինելութեան մաքառումներով, օրհասական դէպքերով, ճակատագրական մարտերով, սկսեալ հայ ժողովուրդի ազգային կազմաւորման առաջին դարատափներէն, Հայկ դիւցազնէն մինչեւ մեր օրերը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր հերոսը, հերոսները, տիտանն ու նահատակները։ Բայց անոնցմէ ոչ մէկը արժանացած է իւրաքանչիւր հայու ծագման ու առաքինութեանց ժողովրդային վկայագիրը խորհրդանշելու անգերազանցելի պատիւին։
Ահա՛, եզակի այդ պատիւը վերապահուած է Վարդանի եւ իր ընկերներուն։
Ինչո՞ւ։
Ինչո՞ւ այսօր Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ կանգնած հերոսածին հայ զինուորին մէջ կամ Սարդարապատի ազատամարտիկներուն մէջ Վարդանի ժառանգորդները տեսնելու մղումը։
Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին ու հոգիին մէջ վաղ մանկութենէն իսկ այդ դէպքն ու դէմքը դրոշմելու 1566ամեայ այս յամառ ճիգը։
Որովհետեւ Վարդան, Ղեւոնդ Երէց ու իրենց հետեւորդները՝ սուրն ու Խաչը ձեռին կանգնելով թշնամիին դիմաց՝ ցոյց տուին քրիստոնէական հաւատքով ու խղճի ազատութեամբ զօրացած, հանճարեղ Մաշտոցի լուսասփիւռ Գիւտով ամրախարիսխ, քաղաքակրթական ու բարոյական բարձր արժանիքներով հարթուած ազգային գոյատեւման ուղին։
Որովհետեւ կրօնքի եւ հայրենիքի միաձոյլ վսեմ գաղափարականները կրցան այնքան քաջ, այնքան աներկիւղ ու յանդուգն դարձնել 66.000 մարտիկները Աւարայրի դաշտին, որ անոնք իրենց ԼուսաւորչեանՀաւատքը զրահ դարձուցած եւ ազգութիւնը՝ սուր, դիմակալեցին թիւով հնգապատիկ գերազանց պարսից բանակը, գիտակից մահով անմահանալու համար։
Որովհետեւ իւրաքանչիւր դար, իւրաքանչիւր սերունդ իր դէմ գտաւ Յազկերտ մը, Դենշապուհ մը, մոլեռանդ մոգեր, ունեցաւ վասակներ, զորս չէզոքացնելու համար հարկ էր ամէն տարի ոգեկոչել խորհուրդն Աւարայրի եւ պատգամը Վարդանանց։
Որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ նկատեց, թէ հայուն համար վերջ չէ գտած Աւարայրը, կը գոյատեւէ մեր հոգեկան ու իմացական ինքնատպութիւնը պատուհասելու միտող վտանգը եւ, ուրեմն, պէտք է սերունդէ սերունդ փոխանցուի, ապրի՛ Վարդանանց զոհաբերութեան խորհուրդը, հաւատքի ուժը, ազգային արդար ինքնասիրութեան ոգին եւ զօրանայ անոնց հաւատարիմ մնալու կամքը։