Չորեքշաբթի 17 Մայիս 2017ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան մասին կրօնագիտական դասախօսական երեկոյ, կազմակերպութեամբ Յունահայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան:
Բացումը կատարեց՝ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան:
Օրուան Դասախօսն էր Յունահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ:
Սրբազան Հայրը շատ լայն առումով եւ զանազան մէջբերումներով ներկայացուց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանական հաւատքը, Հայ եկեղեցւոյ որպէս անկախ եկեղեցի, պաշտօնական առաջին Նիկիոյ սուրբ ժողովին մասնակցութենէն սկսեալ Հաւատոյ Հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի որդիին Արիստակէս հայրապետին։
Սրբազան Հայրը շեշտեց թէ «Հայ Առաքելական եկեղեցին հետեւելով Աղեքսանդրիոյ հայրապետ Սուրբ Կիւրեղի կը հաւատայ եւ կ’ընդունի «մի Բնութիւն Բանին Աստուծոյ Մարմնացելոյ» բանաձեւը զոր ընդունեց Դ.րդ Տիեզերական ժողովը որու ընթացքին դատապարտեց Նեստորն եւ իր հերետիկեսութիւնը եւ կոչեց Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Աստուածածին։
Հայ եկեղեցին կը ճանչնայ միայն երեք Տիեզերական ժողովներ, եւ կը ճանչնայ Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ երկու կատարեալ բնութիւններ, որոնք Յիսուսի ծնունդով միաւորուած են մէկ անձի մէկ դէմքի եւ մէկ ենթակայութեան մէջ։ Այլ խօսքով, Արեւելեան Եկեղեցիներու խումբը Ղպտի Եթովպիացի, Էրիթրէացի, Հայ, Ասորի, եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցիները Մօնօֆիզիթ չեն ինչպէս Յոյն ուղղափառ կարգ մը եկեղեցականներ կը մեղադրեն, այլ Միաֆիզիթ, այլ խօսքով երկու կատարեալ բնութիւններէն ծնած, անշփոթ բայց եւ անբաժանելիօրէն -Միաւորուած մէկ բնութեան կը հաւատան։
Շարունակելով դաւանաբանական նիւթը, դասախօս սրբազան հայրը օրինակներ բերաւ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչէն, հայ եկեղեցւոյ հայրապետներէն Ինչպէս Յովհաննէս Օձնեցի, Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ ցոյց տուաւ թէ սկիզբէն մինչեւ այսօր մէկ եւ նոյն հաւատքը պահած է հայ եկեղեցին։
Հայ եկեղեցին «մօնօֆիզիթ» չէ, եւ խստօրէն կը դատապարտէ մէկ բնութիւն ճանչցող Եւտիքէսը, Միաբնակ բարի ետին մենք կ՛ուզենք ճանչնալ միաւորեալ բնութիւնը Մէկ Քրիստոսի անձին մէջ, ոչ «Մօնօ ֆիզիս» այլ Միաֆիզիս ինչպէս կ’ըսէ Ն.Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը։
Վերջաւորութեան 1961էն մինչեւ վերջերս երկու խումբերը, երեք Տիեզերական ճանչցող կամ Եօթը տիեզերական ճանչցող եկեղեցիներու Աստուածաբաններ, քանիցս յայտարարած են թէ երկու խումբերն ալ տարբեր բանաձեւումներով, մէկ եւ նոյն ուղղափառ դաւանութիւնը կը խոստովանին եւ են Ուղղափառ Եկեղեցիներ։
Դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան, Յունահայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնն ու յարակից Խորհուրդները, Թեմական Երեսփոխաններ, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Յունաստանի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն ու Կոմիտէութիւնները, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի եւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութիւնները ու տեղական վարչութիւնները, Թաղային Խորհուրդներն ու եկեղեցանուէր Տիկնանց Մարմինները, Ազգային վարժարաններուն տնօրէններն ու ուսուցիչները եւ օրուան նիւթով հետաքրքրուող զանազան տարիքի հայրենակիցներ:
Դասախօսութեան աւարտին ունկնդրողներուն կողմէ ուղղուեցան շատ մը հարցումներ, որոնք աւելիով լուսաբանեցին ներկաները:
Այնուամենայնիւ Դասախօսական երեկոն փակուեցաւ սրբազան հօր Պահպանիչով:
Դիւան Յունահայոց Կրօնական Ժողովի