Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մամուլի մեծ ընտանիքին մէջ, «Ազատ Օր»ը իր իւրայատուկ տեղն ու վաստակը ունի, որովհետեւ 75 տարիէ ի վեր, եղած է Դաշնակցութեան բանբերը, եւ անոր շունչը տարածած է իր ընթերցողներուն մէջ, անոնք ըլլան շարքային կուսակցականներ, համակիրներ թէ հայ գաղութի անդամներ: Իբրեւ լրատու թերթ, անիկա եղած է շրջանի Հայ Կեանքին հայելին, միաժամանակ դառնալով ցոլացումը՝ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհին, Դաշնակցութեան բարձրացուցած դրօշներուն, առաջի հերթին՝ Հայ Դատի ու Հայ մշակոյթի, ժողովուրդներու ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ դեռ շատ բաներու:
Այսօր, երբ թերթը կը նշէ իր 75-րդ տարեդարձը, բնական է, որ բոլորիս առաջին մտածումը ըլլայ յարգանք եւ խոնարհում յիշատակին բոլոր անոնց, որոնք հիմը դրին «Ազատ Օր»-ին, անոր համար ընտրեցին յարմարագոյն անուն մը, յետոյ, իրենց ջահը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ, իրենց անունը արձանագրեցին թերթին ու մեր հասարակական կեանքի պատմութեան մէջ, ու երբայս աշխարհէն մեկնեցան, իրենց ետին թողուցին անջնջելի ու անմոռանալի ժառանգութիւն, աւանդ, դրօշ՝ որ բարձր կը պահուի համաձայն իրենց անխօս պատգամին:
Հիմնադիր սերունդին եւ անոնց բացած ուղին աննահանջ, անընդհատ ու անշեղ շարունակողներուն վաստակը գնահատելու համար, նախ եւ առաջ պէտք է կանգ առնեք ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒՈՂ ՀԱՅ ԹԵՐԹի առաքելութեան ու արժանիքներուն առջեւ: Հայ թերթը, մասնաւորաբար սփիւռքեան օ՛րաթերթը, չի նմանիր տարբեր երկիրներու մէջ լոյս տեսնող թերթերուն: Հայ թերթը ստիպուած է նիւթական ու աշխատակազմի նուազագոյն միջոցներով պահպանել մրցունակութիւն՝ նոյն երկինքին տակ լոյս տեսնող թերթերու հետ, որովհետեւ առանց այդ արժանիքին, ընթերցողը կարճ ատեն ետք կը դադրի անոր կապուած ըլլալէ, ինքնաբերաբար թերթը տանելով դէպի խափանում: Հայ Թերթը, ինչպէս որ է «Ազատ Օր»ը, իբրեւ միակ յենարան՝ ունի շրջանի կուսակցական ընտանիքը, բաժանորդները, նաեւ նիւթապէս սատար կանգնող հայրենակիցներ, իսկ իբրեւ բարոյական դրամագլուղ-յենարան՝ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհը (այս մասին նաեւ աւելի անդին): Դաշնակցական որեւէ թերթի պէս, ան չի վայելեր աջակցութիւնը նիւթական լայն կարողութիւններ եւ միջոցներ ունեցող «հսկաներ»ու, որոնք կրնան ըլլալ պետական կամ պաշտօնական հատատութիւններ, առեւտրական ընկերութիւններ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կ‘ուզեն վարձկան-կամակատար մը տեսնել տուեալ թերթին մէջ: Դաշնակցական թերթի մը տէրն ու զայն «վարձու առնողը» մեր ժողովուրդն ու անոր շահերը, տեսլականներն ու ձգտումներն են, հետեւաբար, անոր առաքելութիւնը կը սկսի ու կը շարունակուի անկաշառ, այսինքն, չի կրնար լծուիլ մասնակի ու կողմնակի շահեր հետապնդողներու կառքին: Ու եթէ անպայման «կաշկանդող» բան մը պիտի փնտռենք՝ այն ալ դաշնակցական մտածողութեան չսահմանափակող եւ անպարագիծ մտածողութիւնն է, անոր ուղիին հաւատարմութիւնը: Իսկ ան, որ ծանօթ չէ կամ չ’ուզեր տեսնել Դաշնակցութեան մտածողութեան լայն ծիրը, հրաւիրուած է վերատեսութեան ենթարկելու իր գիտելիքներու մթերանոցը եւ իրազեկ դառնալու, թէ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհն ալ կը կազմէ բազմագոյն ծիածան մը, առանց դաշնակցականութենէ հեռանալու, այնպէս՝ ինչպէս որ է 130-ամեայ կուսակցութեան պատմութիւնը, միաձուլուած՝ մեր հայրենքի ու ժողովուրդի պատմութեան:
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԻԿՆԵՐԸ
Եթէ «Ազատ Օր»ին առաքելութեան հիմնական սահմանումը կը խտանայ վերի հաստատումին մէջ, չենք կրնար անտեսել անոր ենթաբաժանումները: Ըլլալով գաղութին ու ժողովուրդին թերթը, անոր առաքելութեան մաս կը կազմէ դառնալ հայելին ու արձագանգողը՝ շրջանի հայութեան կեանքին ու գործունէութեան: Իսկ «շրջանի հայութիւն» ըսելով, կը հասկնանք Հայ Դպրոցը, Եկեղեցին, մշակութային ու մարզական միութիւնները, կուսակցական ու երիտասարդական կեանքը, Հայ Դատն ու անոր հետապնդման ի խնդիր յարաբերական աշխատանքը: Կայ անկէ շատ աւելին: Լրատուութեան հիմնական այս երեսին կողքին, եւ նոյնքան կարեւորութեամբ՝ «Ազատ Օր»ը բեմ մըն է հայութիւնն ու մարդկութիւնը շահագրգռող, յուզող, տագնապեցնող, անոնց հպարտութիւն առթող հասարակաց դէպքերու մեկնաբանութեա՛ն: Տակաւին, թերթը չի կրնար անտեսել – եւ չ‘անտեսեր – տարբեր տարիքի եւ հետաքրքրութիւն ունեցող ընթերցողներու ակնկալութիւնները: Մանուկն ու պատանին անոր էջերուն կը գտնեն (պէտք է գտնեն) զիրենք հետաքրքրող, լայն իմաստով իրենց դաստիարակութեան նպաստող նիւթեր: Տանտիկինը կը փնտռէ ու կը գտնէ օգտական գիտելիքներ, որոնք կրնան գալ կնոջական աշխարհէն, հարստացնել իր խոհանոցը, երիտասարդ մայրեր որոշ թելադրանք կը գտնեն մանուկներու հոգացման ու առտնին դաստիարակութեան մասին: Գրականութիւն ու մշակոյթ սիրողն ալ անոր էջերուն կը փնտռէ ու կը գտնէ հին ու նոր պատառիկներ, որոնք մէկ կողմէ լուսարձակի տակ կ‘առնեն հայկական արժէքներ, մարդկային խոհեր ու միտքի հորիզոնները ընդարձակող նիւթեր, իսկ միւս կողմէ, լուռ հրաւէր են նորերուն՝ հարստացնելու այս անդաստանը:
Երբ այսպէս՝ քանի մը նախադասութեամբ կը խօսինք «Ազատ Օր»ի առաքելութեան մասին, մեր ուշադրութենէն պէտք չէ վրիպին իրականութիւններ, որոնք տարուէ տարի ընթերցողին տրամադրուած են այնպիսի բնականութեամբ մը, որ մարդս կը մտածէ, թէ… ասանկ բաներու մասին պէտք չունինք խօսելու: Ընդհանրապէս չենք անդրադառնար իսկ այդ «բնական բաներու» հոլովոյթին, եղափոխութիւններուն:
Ժամանակի թաւալումին հետ «բնականօրէն» հասնող իրողութիւններէն արձանագրենք մէկ քանին: Կար ժամանակ, երբ «Ազատ Օր»ն ալ, աշխարհի բոլոր թերթերուն պէս, օր աւուր իր ընթերցողին կը հասնէր միայն տպագրեալ տարբերակով: Յետոյ, եկան համակարգչային եւ համացանցային «դարեր»ը. անկարելի էր քայլ չպահել նորարարութեանց հետ: Ու թերթը ունեցաւ իր կայքէջը, շուտով նաեւ օրուան թիւին նկարեալ (PDF-ով) տարբերակը: Այս հնարաւորութիւնները առիթ ստեղծեցին, որ «Ազատ Օր»ն ալ դառնայ տեսակ մը նպաստաբեր կայսրութիւն, այսինքն՝ իր գիրն ու խօսքը հասցնէ Յունաստանի սահմաններէն անդին, հասնի հոն՝ ուր կայ հայ մը, որ նախանձախնդիր է օրը օրին ծանօթանալու հայութեան սիրտին իւրաքանչիւր բաբախումին, ուրկէ որ ալ հնչէ անիկա (անցեալին, այլ ափերէ միայն փոքրաթիւ բաժանորդներ, այն ալ՝ թղթատարական սպասարկութեան ապաւինելով, կը ստանային թերթը): Սա խմբագրութեան ու անձնակազմին համար նոր մարտահրաւէր էր, առանց անտեսելու… աշխատանքի ծանրացումը: Թերթին հետեւողը տեսաւ, կը տեսնէ, որ այդ մարտահրաւէրը դիմաւորուեցաւ ո՛չ միայն դաշնակցական գործի նախանձախնդրութեամբ, այլ անակնկալ տագնապի շրջանին, ինչպէս՝ Պսակաւոր ժահրի տարածման առաջին ալիքի շրջանին, համացանցային տարբերակը եղաւ ընթերցողին հասնելու միակ պատուհանը. Առանց այդ պատուհանին, «Ազատ Օր»ն ու նմաններ վստահաբար պիտի մատնուէին խափանումի, ժամանակաւոր դադրեցումի: Հիմա, այդ փոթորկոտ շաբաթները արդէն պատմութեան անցած են:
ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ…
Ըլլալով գրաւոր մամուլի մէկ անդամը, «Ազատ Օր»ն ալ, իրերայաջորդ փուլերու, դէմ յանդիման կանգնած է նորարարութեանց, գիտութեան ընծայած նորութիւններուն ստեղծած մարտահրաւէրներուն, միաժամանակ օգտուած է գիտութեան ու արհեստագիտութեան բարիքներէն:
Եթէ աւելի քան 100 տարի առաջ, թերթը լայն հասարակութեան տեղեկութիւն ու հեղինակաւոր խօսք հասցնելու գլխաւոր միջոցն էր (պետական եւ պաշտօնական հաստատութեանց հրովարտակներուն կողքին), գիտութեան բերած նորութիւնները ինքնաբերաբար թերթին դիմաց հանեցին մրցակիցներ: Նախ եկաւ «ձայնասփիւռի դարաշրջանը»: Ձայնասփիւռը տեղեկութիւն կամ կարծիք տարածող եւ ձայնով տեղ հասցնող շատ աւելի արագ միջոց էր (կար նաեւ երաժշտութիւն ու ձայնային նման միջոցներու տարածման հնարաւորութիւնը), քան տպագրեալ թերթը, մինչեւ իսկ եթէ որոշ թերթ մը ունենար առաւօտեան եւ երեկոյեան հրատարակութիւններ: Շուտով վրայ հասաւ պատկերասփիւռ կոչուած հրաշալիքը, որ ձայնին ընկերացուց նաեւ շարժուն նկարը, ժապաւէնները: Ակնդիրը հիմա կրնար դէպք մը, ձեռնարկ մը եւ իրադարձութիւն մը ո՛չ միայն լսել, այլ նաեւ տեսնել՝ տունը նստած պահուն: Սա գրաւոր մամուլը դրաւ շատ աւելի լուրջ վտանգի տակ, շատ աւելի մրցունակ մարտահրաւէրի դիմաց: Եւ ահա, համացանցն ու անոր պարգեւած բազում բարիքները, միջոցները նման մարտահրաւէրներու դիմաց դրին նոյնինքն ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը, ալ ի՜նչ խօսք՝ գրաւոր մամուլին մասին. փաստօրէն, մարդս այսօր կրնայ վայրկեանը-վայրկեանին իր ափին մէջ ունենալ նորութիւնները, անոնց կապուած մեկնաբանութիւնները, հասնիլ աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր ծայրերը, իսկ եթէ կը սիրէ զբօսաշրջութիւն կամ մարզախաղերը՝ անսպառ ու անհամեմատօրէն հասանելի տեսանիւթեր ունի իր հասողութեան մէջ, պէտք չունի սպասելու թերթին, ձայնասփիւռին կամ պատկերասփիւռին լուրերու ժամուն: Եւ եթէ ընդունինք, որ «կարիքը մայրն է հնարքներուն», թէ՛ պատկերասփիւռը, թէ՛ ձայնասփիւռը եւ թէ բազմաթիւ թերթեր հնարած են տուեալ երկրի մը ու աշխարհի իրադարձութեանց հետ անմիջական կապի դրութիւն, ունին անմիջական լրահոսի ձեւեր (Breaking News), որպէսզի ընթերցողն ու ունկնդիրը կապուած մնան իրենց (անշուշտ ատիկա իրենց կապուած կը նահէ նաեւ… ծանուցող-հովանաւորները):
Սա, բնականաբար, կ‘ենթադրէ յաւելեալ աշխատակազմ, նիւթական եւ արհեստագիտական լայն միջոցներ: Հայկական մամուլի աշխարհը թէեւ կը փորձէ քայլ պահել այս հեւքին հետ, սակայն կը յաջողին… թէքէեանական «կարելին այդ է միայն»ի տեսութեան սահմաններուն մէջ: Հայաստանի լրատու աղբիւները, մամուլը այս կալուածին մէջ աւելի յառաջ անցած են, քան սփիւռքեան թերթերը, բազմաթիւ առարկայական պատճառներով, որոնց ցանկագրումը կը նկատենք աւելորդ: Այլ խօսքով, սփիւռքեան թերթը, յատկապէս օրաթերթը, հակառակ իր ի գործ դրած ճիգին ու քրտինքին, ներկայ տուեալներով դատապարտուած է քանի մը քայլ ետ իյնալու ընդհանուր վազքէն:
…ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ՁԵՒԵՐ
Եթէ վերի «յոռետես» հաստատումը բացարձակապէս ճիշդ ու համապարփակ ըլլար, սա պիտի նշանակէր, որ այսօր, օրաթերթ եւ ընդհանրապէս թերթ պիտի չունենայինք մեր կեանքին մէջ: Մինչդեռ, եւ հակառակ յիշեալ առարկայական տուեալներէն բխող անպատեհութեանց, այսինքն՝ թերթի ընթերցողներու թիւի նահանջին (հոն կայ անշուշտ այլ, շա՛տ աւելի խորունկ ու մտահոգիչ պատճառ՝ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋԸ, որուն մէջ գրաւոր մամուը յանցանք չունի, այլ կը կանգնի զոհերուն շարքին, գլխաւոր զոհի դիրքը զիջելով… բոլոր տարիքներու ընթերցողներուն. ՄԻՏՔի նահանջն ու բթացումը քննարկելի այլ հարց է արդէն), թերթը՝ ընդհանրապէս, ու մասնաւորապէս դաշնակցական թերթը՝ որոշակի արեւելում եւ հորիզոն ունեցող թերթը կը մնան փնտռուած: Բազմերես «ախտ»ը ու անոր առթած տագնապներն ալ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնեն հրատարակողը՝ թերթատէր եւ խմբագիր՝ հաւասարապէս:
Ո՞ւր պէտք է փնտռել թերթի գոյատեւումը պահպանող գաղտնիքին աղբիւրը, որ նաեւ ստեղծուած հին ու նոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղիներ կը բանայ մամուլի սպասարկուներուն դիմաց:
Քիչ առաջ ակնարկեցինք, որ թերթին մրցակիցներն ալ, իրենց կարգին, իրերայաջորդ փուլերու՝ դիմագրաւեցին մրցակցական վտանգներ, զիրենք նահանջի մատնելու կարողականութիւնը ունեցող մարտահրաւէրներ, սակայն գտան ձեւերը ըստ կարելւոյն շրջանցելու այդ բոլորը:
Որեւէ տեղեկատու աղբիւրի, նա՛եւ թերթի յարատեւութեան գրաւականը՝ մարդկութիւնը յուզող տարատեսակ հարցերը ԴԻՏԵԼՈՒ ԵՒ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼՈՒ ԱՆՈՐ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿ-ՊՐԻՍՄԱԿՆ Է: Կարելի է երկար խօսիլ այս իւրայատկութիւններուն մասին, սակայն երկարապատում բացատրութիւններէ ետք, անպայման որ պիտի հասնինք բուրգին միեւնոյն գագաթը: Եթէ խօսինք քանի մը օրինակով, կը կարծենք, որ երկարապատում բացատրութիւնները կրճատած կ‘ըլլանք:
Այսօր, աշխարհի վրայ կան հեղինակաւոր կարծիք ունեցող թերթեր, ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի (ու այլ) կայաններ, հաստատութիւններ, որոնք իրենց կապուած կը պահեն միլիոնաւոր ընթերցողներ (հոգ չէ թէ թիւի նուազումով) եւ ակնդիր-ունկնդիրներ: Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպաներ (արեւելեան ու արեւմտեան գօտիներով), մինչեւ Ամերիկաներ (հիւսիսէն մինչեւ հարաւ), մարդիկ հակամէտ են հետեւելու այս կամ այն կայանին հաղորդումներուն, մեկնաբանութիւններուն, քարոզչութեան (քարոզչութիւն ըսելով՝ նկատի չունինք միայն մակերեսային, յաճախ անհեթեթի սահմանները հասնող կամ յստակ կողմակալութիւն ցուցաբերող աղբիւրները): Անոնք կը տարուբերին այսպէս կոչուած՝ ազատականութան ու գաղափարական որոշ ուղղուածութեան մը ալիքներուն միջեւ, նայած՝ թէ տուեալ առագաստնաւը իր գաղափարական հովերը կը ստանայ արեւելքէ՞ն թէ արեւմուտքէն, դրամատիրութենէ՞, ընկերվարութենէ՞ թէ այսպէս կոչուած՝ վերափոխութիւն ապրող համայնավարութենէ ու ցեղապաշտական մտածողութիւններէ: Ակնդիր-ունկնդիրը գիտէ, պէ՛տք է գիտնայ, թէ իր լսած-դիտած կայանն ու աղբիւրը ինչպիսի՞ աղբիւներէ կը խմէ իր ջուրը, կրնայ համակրիլ անոր, կամ ըլլալ անոր հակառակորդը, սակայն ինքն իրեն թոյլ չի տար անտեղեակ ու անտադբեր մնալու տարբեր կողմերէ փչած հովերուն դիմաց:
Այլ խօսքով, ՏԵՍԱԿԷՏ-ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ ունենալը հիմնական տեղ ունի մամուլի (խօսքը լոկ տպագիր մամուլին մասին չէ) այս կամ այն աղբիւրին ստեղծած հեղինակութեան, հմայքին կամ անոր հանդէպ ատելութեան ու խուսափողականութեան արարման մէջ: Հոս ալ չենք ուզեր մտնել մանրամասնութիւններու կամ ցանկագրումի մէջ:
«Ազատ Օր»ին նման դաշնակցական թերթի մը հիմնական առաքելութիւնը, ըսինք, հարցերն ու իրադարձութիւնները Դաշնակցութեան դիտանկիւնէն ընկալելու, ներկայացնելու եւ մեկնաբանելու մէջ կը կայանայ: Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական կեանքին մէջ երեւոյթի մը կամ իրադարձութեան մը գնահատումը, մեկնաբանումը ընելու համար, նոյն ընտանիքին պատկանող թերթերը ի սկզբանէ եւ ի բնէ այդ աշխատանքը կ’ընեն՝ զանոնք դիտելով Դաշնակցութեան մանրադիտակով, զանոնք անցընելով Դաշնակցութեան պրիսմակէն, որուն գոյներու տարբաղադրումը ընող գործօնը՝ Դաշնակցութեան ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀՆ ՈՒ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏՆ է:
Մինչեւ իսկ լուրերու ընտրութեան ու անոնց խորագիրներուն բանաձեւման մէջ, որոշ լուրի մը կամ հարցի մը տրամադրուած ծաւալով (եւ նոր ժամանակները կը հարկադրեն, որ յաճախ ծնունդէն քանի մը ժամ ետք, չըսելու համար օր մը ետք ժամանակավրէպ դարձող լուրին պէտք է տալ անցեալէն նուազ ծաւալ-տեղ, իսկ մեկնաբանութեան ու յստակ կարծիքի հաղորդման մէջ ըլլալ աւելի՛ առատաձեռն), գնահատական կամ քննադատական տեսակէտներու արտայայտութեան համար, դաշնակցական թերթը չի տարուիր ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄԱՍՆԱԿԻ հաշիւներով, այլ մեկնակէտ ու վախճանական նպատակ ունի Հայաստանի ու հայութեան, ներառեալ սփիւռքահայութեան պահանջները, ակնկալութիւնները, արժանիքներն ու ազգային-պատմական աւանդները: Օրինակի համար, դաշնակցական խմբագիրին ու մամուլին համար, այս կամ այն ֆետային, թուրք ցեղասպաններ ահաբեկողները, դաշնակցական ըլլալով հանդերձ, հայութեան պատկանող, հայութեան համար գործող ու զոհուած անձեր են, անոնց շահած լուսապսակները հայութեան կողմէ շնորհուած են ու հայութեան հարստութիւնը կը կազմեն: Նոյնը՝ անցեալի ու ներկայի պետական եւ հասարակական գործիչներո՛ւն մասին, Արցախն ու Հայաստանի պաշտպանող զինուորի՛ն մասին, հայ գիրն ու մշակոյթը, ազգապատկան ժառանգութիւնները պահպանողներո՛ւն մասին:
Ահա թէ ո՛ւր է դաշնակցական թերթի մը ժողովրդականութեան գաղտնիքը, որուն միայն մէկ ստորաբաժանումն է ժողովուրդին հետ անկեղծօրէն խօսելու, զրոյցի նստելու եւ անոր կարծիքն ու հորիզոնները հայութեան իրաւունքներուն, պահանջներուն, անցեալի ու ժամանակակից բոլոր արժէքներուն շուրջ ձեւորելու ճիգը: Թերթին մէջ տեղ գտնող ամէնէն «ազատ կարծիք»ն անգամ նկատի կ‘առնուի դաշնակցականի դիտանկիւնէն, ու ի հարկին, խմբագիրը կրնայ անոր ընկերացնել թերթին տեսակէտը արտայատող քանի մը տող կամ սիւնակ մը:
«Ազատ Օր»ն ալ, դաշնակցական որեւէ թերթի պէս, 75 տարի առաջ, Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն առաջ, ճամբայ ելած է այս տեսլականով ու առաքելութեամբ, իր ուղին կերտած է այդ հունին հաւատարիմ մնալով, անոր համար ալ իր ընթերցողը փնտռած է, կը փնտռէ ու պիտի շարունակէ փնտռել զինք, թերթը պիտի պահէ իր հացին ու ջուրին կողքին՝ իբրեւ կենսական սնունդ, մաղթելով, որ անիկա նուաճէ նոր ամեակներ, անոր հորիզոնները հասնին ու տարածուին 100-ամեակէն անդին:
Լոս Անճելըս, 22 Սեպտեմբեր 2020