Ապրիլ 20ի այս օրը, 135 տարի առաջ, լոյս աշխարհ եկաւ հայ գրականութեան հանճարեղ մեծերէն Դանիէլ Վարուժան։
1884ին ծնած՝ Դանիէլ Վարուժան միայն 31 տարի կրցաւ վայելել իրեն տրուած կեանքի ժամանակը։
Թրքական պետութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը Հայկեան Հանճարի ամէնէն շքեղ ու վսեմաշուք քերթողին։
Դանիէլ Վարուժան դարձաւ առաջին նահատակներէն մէկը հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։
Եղաւ «յառաջապահ»ը 24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած եւ մահուան ճիրաններուն մէջ նետուած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու եղերաբախտ փաղանգին։
Նահատակ մեր ցեղի ազգային յիշողութեան մէջ, ստեղծագործական մեր արժէքներուն եւ արժանիքներուն վսեմագոյնը խտացնող ադամանդի մեծ քար է Դանիէլ Վարուժան, որ ոչ միայն կը դիմանայ ժամանակի մաշումին, այլ ժամանակի թաւալումին հետ՝ աւելիո՛վ կը փայլփլայ ու կը ճառագայթէ հայոց ոգեղէն հայրենիքի անծայրածիր հորիզոնին վրայ։
Հայկական բանաստեղծութեան քրմապետին ծննդեան տարեդարձը բառին ամէնէն խորունկ իմաստով հաղորդութեան ՊԱՀ է՝ գեղեցիկին ու բարիին, ազնուագոյնին եւ մարդկայնականին հետ։
Դանիէլ Վարուժան իրա՛ւ ու վաւերակա՛ն վկան է եւ յուշարարը հայ ժողովուրդի ազգային բազմադարեան ուղիին՝ հարազատ թարգմանն ու խորասոյզ վերծանողը հանդիսանալով մեր անսանձելի թռիչքներուն եւ արիւնաքամ անկումներուն, մեր ոգեղէն անհասանելի բարձրունքներուն եւ ստեղծագործական մեր մշտահոս ակունքներուն, արդար աշխատանքով համայնաբաշխ բարիք արարելու երկնատուր շնորհքին եւ յանուն իրաւունքի ու արդարութեան մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու անպարտելի կամքին։
Աւազանի անունով Դանիէլ Չպուգքեարեան՝ Վարուժան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը։ Մանկութիւնը անցուցած է հայրենի ծննդավայրի գեղեցիկ բնութեան մէջ, իրենց գիւղի գետեզերքներու թախծոտ ուռիներու օրօրին տակ, ինչպէս հետագային ինք կը նշէ։ Գիշերները մայրը որդուն կը պատմէր պանդխտութեան մէջ գտնուող եւ ընտանիքին օրապահիկ ապահովելու համար պայքարող հօր մասին։ Վարուժանի մանուկ հոգին եւ երեւակայութիւնը խորապէս ցնցուած ու բորբոքած էին թուրք ենիչերիներու մասին անոր լսած ու կարդացած պատմութիւններով։
Տարրական ուսումը Վարուժան ստացած է իր ծննդավայրի գիւղական դպրոցին մէջ, իսկ 1896էն ետք՝ Պոլսոյ Սագըղ Աղաջիի Մխիթարեան եւ, ապա, Քաղկեդոնի վարժարաններէն ներս։
Ինչպէս կենսագիրները կը նշեն, Պոլիսը Վարուժանի վրայ ծանր տպաւորութիւն կը գործէ։ Ան կը տեսնէ սուլթան Համիտի կազմակերպած ջարդի հետքերը։ Այդ օրերու հալածեալներէն էր նաեւ Վարուժանի հայրը, որուն հարազատները՝ երկար ժամանակ փնտռելէ ետք՝ վերջապէս զայն գտած էին բանտի մէջ, շղթաներու կապուած։ Տարիներ յետոյ՝ խօսելով այդ յիշողութեանց մասին, Վարուժան պիտի գրէր «Հօրս բանտին մէջ» ոտանաւորը, յիշելով՝
Դեռ փոքր էի, եկայ քեզի մենաւոր,
Մութ զընտանիդ մէջ այցի,
Մայրս հիւանդ էր, կը շրջէի ես ազատ
Մէջտեղը բանտի եւ մահիճի։
1902ին Վարուժան կ’ընդունուի Վենետիկի «Մուրատ-Ռաֆայէլեան» վարժարանը, որ վճռորոշ դեր կը խաղայ հանճարեղ բանաստեղծին թէ՛ հոգեմտաւոր եւ թէ գրական-գեղարուեստական կազմաւորման ու իբրեւ տաղանդի կատարելագործման մէջ։ Վարուժանին կը գերեն Վերածնունդի դարաշրջանի նկարչութեան ու քանդակագործութեան կոթողները՝ իրենց գեղարուեստական բարձրորակ արուեստով եւ մարդն ու բնութեան հրաշքները վերծանող յուզաշխարհով։
Նաեւ՝ ուսանողութեան այդ տարիները Վարուժանի համար կը դառնան համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցները յափշտակութեամբ կարդալու, անոնցմով խանդավառուելու եւ ներշնչուելու, այլեւ այդ ամէնը հայկեան հանճարի ստեղծագործական մեծ ժառանգութեան բովէն անցընելու ինքնամշակման վճռորոշ շրջան մը։
Այդօրինակ կազմաւորման խորհուրդը կը խտացնէ Վարուժան հետագային իր արձանագրած այն շեշտադրումին մէջ, ըստ որու՝ իր վրձինը թաթախած է միայն հայրենի հողի «որդան կարմիր»ին եւ «ծովածուփ արեան» մէջ։
Արդարեւ, Վարուժան առանձնայատուկ յուզականուեամբ կ’ուսումնասիրէ Հայաստանի պատմութիւնը, հայ հին ու նոր գրականութիւնը։ Վենետիկեան օրերուն իսկ ան կը գրէ իր առաջին բանաստեղծութիւնները՝ հայ պանդուխտներու կեանքին եւ 1896ի համիտեան ջարդերուն կապուած նիւթերով։
1905ին Վարուժան կը մեկնի Պելճիքա եւ կ’ընդունուի Կանտի համալսարանը, ուր կը հետեւի հասարակական եւ քաղաքական գիտութեանց, կ’ուսումնասիրէ գրականութեան եւ արուեստի դասական թէ ժամանակակից հոսանքները։ Վարուժանի դիմաքանդակը զետեղուած է Կանտի համալսարանի գլխաւոր գրադարանի դահլիճին (Ghent University Library — Rozier 9, B-9000 Ghent) մէջ։ Դիմաքանդակին վրայ նշուած են Վարուժանի հետեւեալ խօսքերը.-
Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
երբ որ երազը կ’ապրի,
երբ որ երազն անմահ է։
Բարձրագոյն ուսման աւարտին, 1909ին, Վարուժան վերադարձաւ ծննդավայր։ Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրաւ Սեբաստիայի «Արամեան» վարժարանին մէջ, ապա՝ 1911ին տեղափոխուեցաւ Եվդոկիայի (Թոքատի) «Ազգային Ճեմարան»ը։ Իսկ 1912ին Վարուժան հրաւիրուեցաւ Պոլսոյ Բերայի վարժարանը՝ տեսուչի պաշտօնով։
Անխոնջ ստեղծագործութեան եւ բեղուն գրիչի կեանք մը ապրեցաւ Վարուժան։ Իր բանաստեղծութիւնները առաջին իսկ քայլերէն լայն ճանաչման արժանացան։ Ան դարձաւ պոլսահայ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին։ Տասը տարուան ընթացքին ան ստեղծագործեց հայ գրականութեան բանաստեղծական փառքը կազմող չորս գլուխ-գործոցներ՝ «Սարսուռներ», «Ցեղին սիրտը», «Հեթանոս երգեր» եւ «Հացին երգը»։ Միաժամանակ գրեց նաեւ հրապարակագրական նոթեր, յօդուածներ. կատարեց թարգմանութիւններ։
1914ին, եղերական իր վախճանէն տարի մը առաջ, Վարուժան հանդիսացաւ հինգ հիմնադիրներէն մէկը բոլոր ժամանակներու հայ գրական մեծարժէք ամսագիրին՝ «Մեհեան»ին՝ Կոստան Զարեանի, Յակոբ Քիւֆէճեանի (Օշական), Գեղամ Բարսեղեանի եւ Ահարոն Տատուրեանի հետ։ Ամսագիրի երրորդ՝ Մարտի համարէն ետք, Վարուժան բաժնուեցաւ խումբէն եւ Յ.Ճ. Սիրունիի հետ խմբագրեց «Նաւասարդ» գրական տարեգիրքը, որմէ լոյս տեսաւ միայն առաջին հատորը 1914ին։
1915ին Վարուժան կը շարունակէր իր աշխատանքը «Հացին երգը» գործի ամբողջացման վրայ։ Միաժամանակ կը պատրաստուէր գրելու «Հայկական հոմերագիրք» ժողովածուն, ուր պիտի տեղ գտնէին հին հայկական առասպելներու եւ աւանդութեանց վարուժանեան մշակումները։ Վարուժանի երազն էր ամբողջութեամբ մշակել «Սասնայ ծռեր» ժողովրդական դիւցազներգութիւնը։ Ծրագրած էր նաեւ գրել «Գինիին երգը» քերթողական հատորը։
Բայց վրայ հասաւ արիւնալի աղէտը։ Հայոց աշխարհը ներկուեցաւ արիւնով։
Վարուժանի խօսքերով՝ կեանքը կը մորթուէր արտերուն մէջ, իսկ միտքը՝ գանկի մէջ։
Ինչպէս արուեստի ու գրականութեան, այնպէս ալ նահատակութեան մէջ ճակատագիրը իրարու կապեց հայկեան հանճարին ճառագայթող դէմքերէն երկուքը՝ Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը։ Ամիսներ տեւած չարչարանքէ ետք, 1915ի Օգոստոս 26ին, «Ցեղասպան Թուրք»ը մարմնաւորող ոճրագործներ ուղղակի դաշոյններով մորթոտեցին զանոնք։
Հայկեան Հանճարի վսեմաշուք քերթողին ծննդեան 135րդ տարեդարձին առիթով՝ հաղորդութեան եւ անոր անմահ յիշատակին խունկ ծխելու առիթ մը թող ըլլայ Վարուժանի սքանչելի գործերէն «Կարմիր Հողը» քերթուածի ընթերցումը:
Գրասեղանիս վրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ’հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նուէր է ան.- Զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տրուած, առանց երբեք գիտնալու
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ.- մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վրայ յառած կը մնամ
Լո՜ւռ եւ թախծո՜տ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր:-
Կը մտածեմ.- Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւուած բնութեան ներհուն օրէնքէն .
Վէրքերու սպունգ մ’ըլլալով
Խմած է մաս մը կեանքի, մաս մ’արեւու.
Եւ իբր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ’է եղած, հայ հող մ’ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջ կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին-հին փառքին,
Կայծն ամրակուռ սմբակներու, որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տաք փոշիով:
Կ’ըսեմ.- Իր մէջ դեռ կ’ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն, որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տուաւ,
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին նոյն եւ նման հոգիով
Կիրք մ’Եփրատէն առնուած,
Սիրտ մը կամշոտ, թաքստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բո՛ւռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկլտայ հոգի մ’հին ՝
Հին դիւցազնի եղած փսոր մը գուցէ ՝
Կոյսի մ’աղուոր արցունքով .
Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ’Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ՝
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն.
Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ’ոգեզինէ — եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ —
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ’ոռոգէ:
Ու այն ատեն լարը ջղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ’յորդ, ա՛յն սարսուռով ՝ որ մտքին
Հերկերուն վրայ աւելի՛
Ըստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերո՜ւ, հոգիներո՜ւ դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէժի՛ շրթունքներ.
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Այնքա՜ն սիրով՝ որքան հոգիս պիտ’ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գտնար.
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինքն ի վեր, գըրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծնած վեհ վայրկեանին
Զիս հապըշտապ կը մղէ
Մերթ լալու, մերթ մռնչելու,
Եւ զինելու բռունցքս, հոգիս բռունցքիս մէջ: