Դամբանական

(­Խօ­սո­ւած՝ ընկ. ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱ­Նի կող­մէ՝ ­Ֆիք­սի հայ կա­թո­ղի­կէ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան կար­գի ա­ւար­տին՝ նո­րոգ հան­գու­ցեալ ԿԱՐՕ ՂԵՒՈՆԴԵԱ­Նի դա­գա­ղին առ­ջեւ)

0
2040

Ս­գա­կից­ներ,

Գի­տենք, որ կեան­քին պէս հին է մա­հը, միա­սին են ա­նոնք ու քով-քո­վի՝ զու­գա­հեռ ըն­թաց­քով, բայց դար­ձեալ մենք՝ մահ­կա­նա­ցու ա­րա­րած­ներս չենք կրցած հաշ­տո­ւիլ ա­նոր հետ: ­Միշտ տխուր ենք ու անմ­խի­թար՝ մա­հո­ւան դի­մաց: ­Մեր հո­գին կը ճմլուի, յու­զու­մը կը հա­մա­կէ մեզ, երբ ան­վե­րա­դարձ մեկ­նո­ղը, այս­պէս, մեր սի­րե­լի՚ն է, սրտա­կի՚ցն ու գոր­ծա­կի՚­ցը եւ հա­րա­զա՚­տը: ­Նոյ­նիսկ կը դառ­նանք ան­զօր՝ իբ­րեւ յար­գան­քի դոյզն ու հուսկ ար­տա­յայ­տու­թիւն՝ քա­նի մը պար­բե­րու­թիւն­նե­րով դամ­բա­նա­կան խօս­քի մը մէջ խտաց­նե­լու մեզ­մէ առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցո­ղին բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը:
­Կա­րօ ­Ղե­ւոն­դեա­նի բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը…:
Ո՞վ չի գի­տեր զա­նոնք, ո՞ր բա­րե­մաս­նու­թեան վրայ ա­ռա­ւել շեշ­տը դնել…այն­քան շատ են ա­նոնք ու ի­րա­կան, մէ­կը միւ­սէն գե­րա­զանց :
­Հա­ճըն­ցի ըն­տա­նի­քի զա­ւակ, ծնած Ա­թէնք, 1923ին: Այ­սինքն, կեան­քին բա­ցո­ւած՝ փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տէն տա­րի մը ետք, գաղ­թա­կա­նի ա­հա­ւոր ու թշո­ւառ պայ­ման­նե­րու տակ: ­Ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թի՞ւ­նը՝ հա­ցի եւ նա­խակր­թա­կան ու­սու­մի պայ­քար, որ­մէ ի՚նք ու իր սերն­դա­կից­նե­րը յաղ­թա­կան դուրս ե­կան: Իբ­րեւ մարդ ու իբ­րեւ հայ՝ ի՚ր ու իր սե­րուն­դին ոտ­քի կանգ­նի­լը հրա՚շք էր ար­դէն, եւ այդ հրաշ­քէն ետք երկ­րորդ հրաշք մը՝ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւ­նը անձ­նա­կան կեան­քի մէջ, ինչ­պէս եւ գա­ղութ կազ­մա­կեր­պե­լու, գա­ղութ պա­հե­լու, ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րու պայ­քա­րին մէջ:
Փոքր-ա­սիա­կան ա­ղէ­տին հե­տե­ւանք­նե­րը տա­կա­ւին չթե­թեւ­ցած՝ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ ­Պա­տե­րազմն է, ո­րու ըն­թաց­քին ե­րի­տա­սարդ ­Կա­րօ գե­րի կը տա­րո­ւի ­Գեր­մա­նիա՝ բռնի աշ­խա­տան­քի: ­Վե­րա­դար­ձին՝ նոր սկիզբ, ճա­կա­տագ­րի դէմ նո՚ր պայ­քար՝ անձ­նա­կան կեան­քը կազ­մա­կեր­պե­լու, միա­ժա­մա­նակ՝ գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րուն մաս­նա­կից՝ աշ­խա­տանք­նե­րը աշ­խու­ժաց­նե­լու նպա­տակ: Շ­նոր­հիւ իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեան, պար­կեշ­տու­թեան, ազ­նիւ նկա­րագ­րին եւ բնա­տուր ձիր­քե­րուն, ­Կա­րօ կը վա­յե­լէ շրջա­պա­տին հա­մակ­րան­քը, կ­՚ար­ժա­նա­նայ ան­վե­րա­պահ յար­գան­քի, կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ տէր կը դառ­նայ սե­փա­կան գոր­ծի ու բնա­կա­րա­նի եւ կը կազ­մէ ըն­տա­նե­կան բոյ­նը:
­Քա­նի մը տո­ղով ­Կա­րո­յին հա­մար այս ը­սո­ւա­ծը քիչ-շատ կը վե­րա­բե­րի նաեւ իր սերն­դա­կից­նե­րուն, ո­րոնց կեան­քի պատ­մու­թիւ­նը չգրո­ւած վէպ մըն է, որ ափ­սո՜ս, թե­րեւս պի­տի չգրո­ւի եր­բեք: Այն­պէս, ինչ­պէս ա­նոնց­մէ տա­ղան­դա­ւոր­նե­րը եր­բե՚ք չու­նե­ցան մի­ջոցն ու պա­տե­հու­թիւ­նը՝ ի­րենց տա­ղան­դը մշա­կե­լու, զար­գաց­նե­լու, լիար­ժէք դառ­նա­լու, ո­րով եւ ա­նա­նուն մեկ­նե­ցան մեզ­մէ:
­Տա­ղան­դա­ւոր­նե­րէն էր մեր սի­րե­ցեալ ննջո­ղը: Ե­զա­կի­նե­րէն մէ­կը, ա­րո­ւես­տի մարդ, ա­րո­ւես­տի տար­բեր մար­զե­րու սի­րա­հար, միա­ժա­մա­նակ՝ ա­տոնց նո­ւի­րեալ մը: Եր­գա­րո­ւես­տի մէջ՝ մե­նա­կա­տար ու երգ­չա­խում­բե­րու մաս­նա­կից, հա­ւա­քոյթ­նե­րու ըն­թաց­քին՝ ար­տա­սա­նող, թա­տե­րա­կան­նե­րուն՝ կա­րե­ւոր դե­րեր անձ­նա­ւո­րող, նաեւ՝ գե­ղան­կա­րիչ, ո­րուն ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը թափ պի­տի առ­նէին յատ­կա­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն՝ հանգս­տեան կո­չո­ւե­լէն ետք: ­Լու­սան­կար­չու­թեան իր աս­պա­րէ­զին մէջ յա­ջո­ղած էր, շնոր­հիւ իր պար­կեշ­տու­թեան եւ այն հմտու­թեան, որ լու­սան­կար­չու­թեան կու տար ա­րո­ւես­տի ո­րակ ու մա­կար­դակ:
Նն­ջե­ցեա­լը՝ ա­ւան­դա­պահ հայ, ըն­տա­նի­քի օ­րի­նա­կե­լի հայր ե­ղաւ ու մեծ հայր: ­Տի­պար ա­մու­սին մը, նոյն­քան տի­պար իր կո­ղա­կի­ցին՝ նո­րոգ այ­րի տի­կին ­Թա­գու­հիին: Եր­կու­քով՝ շրջա­պա­տին բա­ցո­ւող ու մա­տու­ցո­ւող սիրտ մը, պար­զու­թեան ու բա­րու­թեան մէջ զի­րար ամ­բող­ջաց­նող, ո­րոնց­մէ դժուար թէ լսո­ւած ըլ­լայ ժխտա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ո­րե­ւէ հաս­ցէի, ո­րե­ւէ պատ­ճա­ռով:
­Կը կար­ծեմ, թէ եր­կու վկա­յու­թիւն­ներ, թէեւ անձ­նա­կան ու ան­բա­ւա­րար, բայց եւ այն­պէս ո­րոշ չա­փով կու տան ու­րո­ւա­գի­ծը սի­րե­ցեալն ­Կա­րո­յին ու ըն­տա­նի­քին մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րուն, նկա­րագ­րին ու բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րուն…
Ու­ղիղ 48 տա­րի­ներ ա­ռաջ, հա­յակր­թա­կան պաշ­տօ­նով երբ ըն­տա­նեօք Ա­թէնք հաս­տա­տո­ւե­ցանք, մեր հա­րա­զատ­նե­րուն ու բա­րե­կամ­նե­րուն կա­րօ­տի ծան­րու­թիւ­նը բաժ­նող­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար ե­ղան ննջե­ցեալն ու ա­նոր կո­ղա­կի­ցը: ­Յա­ճախ մե­զի կ­՚այ­ցե­լէին կամ ի­րենց յար­կին տակ կը հիւ­րըն­կա­լէին մեզ, կը գուր­գու­րա­յին մեր վրայ, ի­րենց պտոյտ­նե­րուն մաս­նա­կից կը դարձ­նէին, մեր ե­րե­խա­նե­րուն բժշկա­կան կա­րիք­նե­րուն կը հաս­նէին: ­Կարճ՝ մեր հա­րա­զատ­նե­րուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ձե­ւով մը կը փո­խա­րի­նո­ւէր ա­նոնց մտեր­մու­թեամբ, ո­րուն հա­մար ե­րախ­տա­պարտ ենք ըն­տա­նի­քով: ­Գի­տենք նաեւ, որ միա­կը չենք ե­ղած ա­նոնց գուր­գու­րան­քին ար­ժա­նա­ցո­ղը:
Երկ­րորդ վկա­յու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի դպրո­ցա­կան կեան­քին: ­Պիւտ­ճէա­կան դժո­ւար օ­րեր էին եւ մեզ կը պակ­սէր եր­գի ու­սու­ցիչ՝ շա­բա­թը 2 պա­հի հա­մար: ­Լու­սան­կա­րիչ­նե­րը 6 օր կ­՚աշ­խա­տէին եւ միայն ­Չո­րեք­շա­թին ար­ձակ էր ա­նոնց հա­մար: ­Վա­րան­քով կը դի­մեմ ­Կա­րո­յին: Ա­ռանց ո­րե­ւէ ա­ռար­կու­թեան, գրե­թէ խան­դա­վա­ռու­թեամբ կ­՚ըն­դու­նի ա­ռա­ջար­կը եւ ա­մէն ­Չո­րեք­շաբ­թի, իր միակ ար­ձակ օ­րը, անվ­ճար, կու­գար վար­ժա­րան՝ հայ եր­գը սոր­վեց­նե­լու ա­շա­կերտ­նե­րուն: Որ­քան կը յի­շեմ, ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րի տե­ւեց այդ դրու­թիւ­նը եւ չգան­գա­տե­ցաւ ոչ մէկ ան­գամ ու չը­սաւ, թէ ալ կը բա­ւէ, ար­ձա­կուր­դի միակ օրս կապ­տո­ւած եմ հոս, ժա­մա­նա­կա­ւոր եմ կար­ծե­ցի, բայց մնա­յուն դար­ձայ, զիս ձեր­բա­զա­տէ այս պար­տա­կա­նու­թե­նէս…: Եր­գի իր ա­շա­կերտ­նե­րը վստահ, որ միշտ պի­տի յի­շեն զինք՝ ա­նոր սոր­վե­ցու­ցած եր­գե­րուն ընդ­մէ­ջէն:
Ա­րո­ւես­տի մարդ ըլ­լա­լէ ա­ռաջ ու ետք՝ գա­ղա­փա­րի նո­ւի­րեալ մըն էր ­Կա­րօ ­Ղե­ւոն­դեան եւ հան­րա­յին կեան­քին իր բո­լոր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րը մղում կ­՚առ­նէին ու կը ներշն­չո­ւէին այն գա­ղա­փա­րա­կա­նէն, ո­րուն զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած էր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն:
­Սի­րե­ցեա­լին հա­մար որ­քան կը պատ­շա­ճի սուրբ-գրա­յին խօս­քը, թէ՝ «կեան­քի պա­տե­րազ­մը ար­դա­րօ­րէն պա­տե­րազ­մե­ցայ, հի­մա ին­ծի բա­ժին կը մնայ յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը…»:
Եւ ի­րա­պէս. 94-95 տա­րի­նե­րու իր կեան­քը ե­ղաւ բազ­մա­ճա­կատ «պա­տե­րազմ» մը՝ գաղ­թա­վայ­րի ցե­խե­րուն ու թշո­ւա­ռու­թեան դէմ, «պա­տե­րազմ» մը՝ ար­դար քրտին­քով ու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քով օ­րուան հա­ցը վաստ­կե­լու , «պա­տե­րազմ» մը՝ ա­ւան­դա­պահ ըն­տա­նիք մը կազ­մե­լու եւ պա­հե­լու , «պա­տե­րազմ» մը՝ ի խնդիր ա­րո­ւես­տի ու գա­ղա­փա­րի եւ վեր­ջա­պէս «պա­տե­րազմ» մը՝ ազ­նո­ւա­կան ո­գիով պա­տո­ւա­ւոր կեանք մը ապ­րե­լու հա­մար:
Ազ­նո­ւա­կան ո­գիդ ու պա­տո­ւա­ւոր ա­նունդ կը թո­ղուս մե­զի սի­րե­ցեալդ ­Կա­րօ, գա­ղա­փա­րի նո­ւի­րուա­ծու­թիւնդ եւ պար­կեշ­տօ­րէն գոր­ծե­լու վարքդ ժա­ռան­գած է ար­դէն որ­դիդ՝ Առ­լէ­նը: ­Յա­ւեր­ժին երթդ, յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիստդ անխ­ռով ու հո­ղը թե­թեւ՝ գա­ղա­փա­րի ազ­նի՚ւ ըն­կեր, սրտա­կի՚ց բա­րե­կամ…
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կեդր. ­Կո­մի­տէու­թեան գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րը կը բաժ­նեն սու­գը հան­գու­ցեա­լի այ­րիին՝­տի­կին ­Թա­գու­հիին, որ­դիին՝ Առ­լէ­նին ու հա­րա­զատ­նե­րուն:

Եր­կա՜ր ապ­րիք, եր­կա՜ր յի­շէք…: