Գո­քի­նիոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 30 ­Մարտ 2017ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30ին, ­Գո­քի­նիոյ ­Սուրբ ­Յա­կոբ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­բա­նու­թեան դա­սա­խօ­սու­թիւն: ­Շուրջ 35 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, ո­րոնց շար­քին ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սար­դաց միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, մաս­նա­կից դար­ձան սոյն դա­սա­խօ­սու­թեան: ­Դա­սա­խօ­սեց ­Գո­քի­նիոյ ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան՝ նիւթ ու­նե­նա­լով «­Մարդ­կա­յին հո­գե­վի­ճա­կը կեան­քի զա­նա­զան ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն մէջ»:
40 ­Վայր­կեան դա­սա­խօ­սե­լէ ետք, ­Հայր ­Սուր­բը ա­ռի­թը ըն­ծա­յեց հար­ցում­նե­րու: ­Բա­ւա­կան քա­ջա­լե­րա­կան եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ լե­ցուն ունկնդ­րող­նե­րը ա­ռա­ջար­կե­ցին, որ­պէս­զի նման ձեռ­նարկ­ներ կա­տա­րո­ւին բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ եւս:
­Յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի ըլ­լան շատ ա­ւե­լի հե­տաքրք­րա­կան նիւ­թեր, ո­րոնք պի­տի յա­ջո­ղին ա­ռա­ւել չա­փով օգ­տա­կար դառ­նա­լու իւ­րա­քան­չիւ­րին: