Դժուար մանկութիւն ունեցող նուիրեալին՝ Յովսէփ Պարազեանին

0
13641

Մկր­տի­չեան Կ.

­Խո­ցո­ւած էր, լոյսն եւ ու­րա­խու­թիւ­նը՝ ման­կա­կան ու­րա­խու­թիւ­նը փնտռել-տես­նե­լու նոյ­նինքն իղ­ձին, այ­րած ըլ­լա­լով…
­Խո­ցո­ւած էր ծայ­րա­յեղ թշո­ւա­ռու­թեան ար­հա­ւիրք­նե­րէն, յա­մե­ցող ման­կա­կան բա­րիք­նե­րը չտե­սած ըլ­լա­լու՝, ոտ­նա­կո­խո­ւած իղ­ձէն, այ­րող իր սրտէն…
Ե­րե­խա­յա­կան կեանք մըն իսկ ե­րե­ւա­կա­յե­լու լիու­թե­նէն լրիւ զրկո­ւած ըլ­լա­լէն…
Ու շատ շու­տով «մեծ­ցած», «հա­սուն­ցած» ըլ­լա­լու չքմե­ղան­քով (πρόφαση-πρόσχημα) մը պա­րու­րո­ւած ըլ­լա­լով՝ իր լա­ւա­գոյ­նը, ամ­բողջ հո­գիով նո­ւի­րեց սնած ու ճանչ­ցած իր ժո­ղո­վուր­դին…
­Հոն ճա­ռա­գայ­թիլ փոր­ձեց. հոն ա­րիւ­նե­լով ու ա­պա ըն­դար­ձա­կո­ւե­լով՝ մշտա­նո­րոգ վաս­տա­կով մը, «խորհր­դա­նիշ»ը դար­ձաւ սփիւռ­քի մեր մա­մու­լին մէ­կուն՝ «Ա­զատ Օր»ին:
­Մեծ հա­ւա­տար­մու­թեամբ, ան­դուլ ճգնու­թիւն-տքնու­թեամբ մը ըն­կե­րա­ցաւ ա­նոր, ու իր պաշ­տա­մուն­քին, գուր­գու­րան­քին ա­ռար­կան դարձ­նե­լով զայն ան ալ իր կար­գին, ան­ցեա­լին ա­նոր ծա­ռա­յող «սուր­բե­րու հոյ­լին»՝ ­Վազ­գէ­նին, Ա­հա­րո­նին, Ար­մէ­նին բազ­մահ­րաշ բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րէն մե­ծա­պէս պա­տո­ւաս­տո­ւած, շա­րու­նա­կեց երթն ա­նոնց ա­ռա­քե­լա­տիպ…
­Հա­ւա­նա­բար այս հո­գե­վի­ճա­կին ծնունդ տո­ւող ու զայն պատ­րաս­տող պատ­ճառ­նե­րէն մէկն ալ վստա­հա­բար՝, վի­պա­պաշտ պատ­կե­րա­ցումն է, որ եր­ջան­կու­թեան կա­րե­լի է կը հասց­նէ տա­ռա­պե­լով միայն:
Հ­րա­պա­րա­կագ­րու­թիւ­նը ինք­նին հրա­պա­րա­կագրող­նե­րուն հո­գե­կան կլի­մա­յին մէկ ան­բա­ժան մաս­նիկն է դար­ձած, որ­պէս ան­խու­սա­բե­լի ու հաս­տատ՝ սի­րոյ առ­թած ֆի­զի­քա­կան ու բա­զում չար­չա­րանք-տա­ռա­պանք­նե­րուն ազ­դակ եւ որ սա­կայն եր­բեք չէ խոս­տո­վա­նո­ւած:
«­Հե­րո­սա­կան» այս պատ­կե­րա­ցու­մին մէջ շատ ան­գամ կը զու­գա­դի­պի նաեւ ար­տա­քին կարծր կեր­պա­րի մը ծնունդ տո­ւող պատ­ճա­ռա­բա­նե­լի ե­րե­ւոյ­թը:
Ընդ­հան­րա­պէս, այդ կարծր դի­մա­գի­ծի պահ­պա­նու­մը շատ ան­գամ կը վե­րա­ծո­ւի մտա­սե­ւե­ռու­մի (έμμονη ιδέα) նաեւ:
­Հոս, ընդ­հան­րա­կան «խորք» տո­ւող պա­րա­գա­յի յի­շա­տա­կու­մով ես պարտք կը զգամ ան­վի­ճե­լի բա­ցա­ռու­թիւն կազ­մող՝ ­Յով­սէ­փի պա­րա­գա­յին, ճիշդ հա­կա­ռա­կը շտա­պել ը­սե­լու, պնդե­լով ա­նոր հաս­տատ «ժպտե­րես» ու «զո­ւար­ճա­խօ­սա­կան» վե­րա­բե­րում­նե­րուն, ինչ որ վստա­հա­բար «իր ան­զի­չող» դի­մա­գի­ծին տար­բեր շեշ­տա­ւո­րում տա­լու իր բա­ցա­ռիկ ա­ռա­ւե­լու­թիւնն ալ էր ան­վե­րա­պա­հօ­րէն… զոր շատ ալ զար­մա­նա­լի չեմ գտներ, ո­րով­հե­տեւ իր ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ հիմ­նա­ւո­րո­ւած վե­րա­բե­րում­ներն ու վա­րո­ւե­լու կեր­պը ընդ­հան­րա­պէս իր այս դի­մա­գի­ծի ներ­կա­յու­թեամբ կ­՚ար­դա­րա­ցո­ւէին:
­Հա­ւա­նա­բար մարդ­կա­յին քո­ղար­կո­ւած փխրուն աշ­խար­հէ մը թե­լադ­րո­ւած եւ կամ ալ վի­պա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով մը հո­գե­կան ու զգա­ցա­կան ապ­րում­նե­րէ ու ար­ժէք­նե­րէ ա­ռաջ­նոր­դո­ւած, որ ընդ­հան­րա­պէս մարդ ա­րա­րա­ծը կը փնտռէ՝ ու­զել սոր­վե­լու հա­մար:
­Ներ­գոր­ծօն ու ազ­դող. հե­տե­ւանք տո­ւող ազ­դա­կի մը վե­րա­ծո­ւե­լու իր նա­խան­ձախնդ­րու­թե­նէն թե­լադրուած ու իր ան­վերջ աս­պա­րէ­զի սահ­ման­նե­րէն ներս կը փոր­ձէր մաս­նա­կից կամ մաս­նակ­ցու­թիւն­նե­րու տի­պա­րի մը վե­րա­ծո­ւիլ, որ զո­հա­բե­րու­թեան հաս­նող ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի աշ­խա­տու­նա­կու­թեամբ մը ու տքնա­ջա­նու­թեամբ մը առ­լի կ­՚ապ­րէր մէկ սկիզ­բէն, իր ը­սա­ծը, գրա­ծը, ա­րարք­նե­րուն նա­խա­պատ­ճառ իր յու­զու­մը՝ շատ խիստ, գե­րա­զան­ցիկ:
­Յով­սէ­փին հան­դէպ ու­նե­ցած մեր խոր հա­մո­զու­մը, հա­մա­րու­մը կը ստի­պէ մեզ այ­սօր բարձ­րա­ձայն խոս­տո­վա­նե­լու՝ որ ան հայ մա­մու­լի խնկար­կու «ծա­ռան» դար­ձաւ ու բո­լո­րո­վին ա­նա­ղարտ (ανόθευτος) ան­կեղ­ծու­թեամբ մը սոյն բնա­գա­ւա­ռին մէջ գլխի­վայր նե­տուե­լու ու միա­ժա­մա­նակ խոհն (συλλογισμός) ու ապ­րու­մը (το βίωμα) ի­րենց ամ­բողջ մեր­կու­թեամբ ա­ղա­ղա­կե­լու ցնո­րա­կան (υποθετικός, φανταστικός) ա՛յն հրա­մա­յա­կան­նե­րուն, ո­րոնք եր­բեք հան­գիստ չձգե­ցին իր հո­ղե­ղէն ա­նօ­թին մէջ:
­Միշտ ալ չի պա­տա­հիր, որ հրա­պա­րա­կա­գիր-լրագրո­ղի մը շատ սի­րե­լի բա­նի մը խօ­սի ու սի­րե­լիին հմայ­քը ա­ւելց­նե­լով սի­րե­լի մնաց իր կար­գին, կամ ալ եր­գէ խռո­վիչ (ταραχώδης) բան մը, ու խռո­վի­չին նոր շեշտ մը ըն­ծա­յե­լով նոյն­քան խռո­վիչ մնայ իր հեր­թին, իր կար­գին:
Օ­րի­նակ, զինք խռո­վիչ ու տագ­նա­պեց­նող հար­ցը՝ զոր կու­գար վեր­ջերս մե­զի փո­խան­ցե­լու իր գրած ու հրա­տա­րա­կած գիր­քէն՝ «­Սի­րա­յին զրոյց Ե­րե­ւա­նի հետ» քա­ղո­ւած՝ «թէ անց­նող 2800 տա­րի­նե­րուն ու նոր 27 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ի՞նչ քայ­լեր ա­ռինք մեր ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կա­նու­թեան զարկ տա­լու հա­մար» ու նոյն­քան խռո­վիչ օ­րի­նա­կով մը կը փոր­ձէ այդ հար­ցին պա­տաս­խա­նը գտնել ը­սե­լով՝ «­Շա­տեր հարց կու­տան, թէ ին­չո՞ւ Ե­րե­ւա­նը տար­բեր է մնա­ցեալ երկ­րէն եւ կամ ալ Ա­բո­վեան փո­ղո­ցէն եր­կու­քու­կէս քայլ ան­դին, մար­դիկ կի­սա­քաղց կրնան ըլ­լալ, մինչ նոյն Ա­բո­վեա­նին վրայ ու­րիշ­ներ կը դժո­ւա­րա­նան ընտ­րե­լու ի­րենց «pizza»ի տե­սակ­նե­րու ա­ռա­տու­թիւ­նը:
Ըստ իր հար­ցադ­րու­մին… «վա­ղո­ւան ­Հա­յաս­տա­նը կրնա՞յ ստեղ­ծո­ւիլ այս­պի­սի խա­խուտ ըն­կե­րա­յին կա­ռոյց­նե­րու վրայ»:
Այս­պէս կը շա­րու­նա­կէր զար­նո­ւիլ «յա­ւեր­ժա­կան» բա­նի մը եւ յա­ւեր­ժա­կա­նի ո­գե­ղէն նոր տրոփ մը պար­գե­ւե­լով կը նո­ւա­ճէր այ­լոց հա­մա­րու­մը:
­Յով­սէ­փը միա­ժա­մա­նակ կը զգար սի­րե­լիին, խռո­վի­չին ու յա­ւեր­ժա­կա­նին զու­գա­հեռ ա­նոր նե­րուժ գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը, մո­գու­թիւ­նը (μαγεία, γοητεία), փառ­քը, ու կը սփռէր ա­նոնց վրայ խան­դա­կա­թօ­րէն (φιλόστοργα) ու եր­կիւ­ղա­ծօ­րէն (ευλαβής, ευσεβής) իր հո­գիին շռայ­լած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը:
Ան­զու­գա­կան կը դառ­նար ան երբ կը խօ­սէր մա­նա­ւանդ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ա­նոր հրա­շա­փա՜ռ խոր­հուր­դին մա­սին, երբ կը փոր­ձէր ­Մա­սեաց վրայ աժ­դա­հար­ներ բարձ­րաց­նել ու պատ­գամ­ներ ո­րո­տալ տալ ա­նոնց:
­Կը քնա­րեր­գէր հա­յոց լե­զուն ու սէ­րը՝ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ: Ու շա­րու­նա­կե­լով պի­տի ը­սէինք ու պի­տի շա­րու­նա­կէինք ը­սել, որ ոչ ոք ­Յով­սէ­փի մթնո­լոր­տէն դուրս չէր կրնար գար, երբ ան կը բա­նար «վարք հե­րո­սա­ցը» եւ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան իր պաս­տա­ռին վրայ կը դի­տէր ու զայն լրիւ կեր­պով կը փո­խան­ցէր մեր յե­ղա­փո­խու­թեան քա­ջե­րը, կամ ալ երբ «կ­’ար­տա­սա­նէր» ներ­քին ­Հա­յաս­տան­ներ կա­ռու­ցած «լու­սա­ւոր­չեան սուր­բե­րուն եւ հե­թա­նոս քուր­մե­րուն ա­նուն­նե­րը՝ Աս­տո­ւա­ծա­րեալ վար­դա­պէ­տէն մին­չեւ ­Նա­րե­կա­ցին: «­Հե­թա­նոս, ա­րու, ար­քա­յա­կան ­Հա­յաս­տա­նի մը գիւ­տը ը­րած ­Վա­րու­ժա­նէն մին­չեւ ա­ռողջ զօ­րու­թեան մը» տէր ­Սիա­ման­թոն ու ­Զար­դա­րեա­նէն մին­չեւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կիր­քով մը վա­րա­րած Օ­շա­կա­նը: Ու այդ մեծ հո­վե­րով ա­լե­կոծ ա­րիւն ու այդ իսկ տե­սիլք­նե­րով ո­ղո­ղո­ւած ու ա­րիւ­նախռ­նո­ւած որ­պէս խառ­նո­ւածք մեկ­նե­ցաւ պի­տի ը­սենք մեր կար­գին:
Ա­յո՛, մեկ­նե­ցաւ իր էա­կից շնորհ­նե­րով լի մար­դոց եր­թալ հան­դի­պե­լու հա­մար:
­Խում­բէ մը, հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէ մը կամ ալ կու­սակ­ցու­թե­նէ մը ներս շատ մը տար­բեր հա­կում­ներ ու­նե­ցող­ներն եւս էա­կից են (είναι συνυπάρχοντες):
­Հոն եւս շատ ը­նե­լիք ու­նի ­Յով­սէ­փը… երթդ բա­րի ըն­կեր: