Չորեքշաբթի՝ 11 Հոկտեմբեր 2017ին, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, «Գրիգոր Նարեկացի՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ Վարդապետ» նիւթով՝ Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Հայր Անտոն Ծ Վ Ադամեանի կողմէ:
Ստորեւ՝ դասախօսութիւնը.-
Նարեկացի՝ գագաթ մը հայ բանաստեղծութեան մէջ, պարծանք՝ հայ եկեղեցւոյ, մտքի եւ հոգիի: Տիտան մը ոչ միայն հայ՝ այլեւ միջազգային գրականութեան չափանիշով: Ան միսթիքական գրականութեան մեծագոյն արտայայտութիւնն է մեր մէջ: Միսթիքները առանձին դաս կը կազմեն: Անոնք իրենց զգայարանքներով է, որ կը հաւատան: Միսթիքը աւելի կը ձգտի խորանալ իր «Ես»ին մէջ՝ հոն փնտռելու համար Աստուած:
Միսթիք բանաստեղծը չ’երգեր արտաքին եւ վաղանցուկ իրեր, այլ կը ներկայացնէ իր հոգեկան աշխարհի բնանկարները, լուսաւորելով եւ գունագեղելով արտաքին արեւուն նշոյլներով: Միսթիք Նարեկացիի մօտ գերբնական անհուն սիրոյ երգն է, որ մարդկային ձայնի ստեղնաշարով կ’արձագանգէ իր տողերուն մէջ:
Նարեկացի որդի Խոսրով Եպ. Անձեւացիի: Ծնած 951ին: Աշակերտած՝ Վանայ լիճին հարաւը Կապուտակող լեռներու մէջ Նարեկ վանքին: Քահանայ ձեռնադրուած է 977ին:
Եղած է ուսուցիչ եւ վանահայր Նարեկի: Կը նուիրուի հայեցողական կեանքի: Արդէն իսկ երիտասարդ՝ կը հռչակուի գիտնական եւ սրբակեաց անձ՝ «Վարդապետ կոչեցայ, սուրբ վկայեցայ ի մարդկանէ» (ՀԲ): Թագաւոր, իշխան եւ կրօնական իր խրատներուն կը դիմեն: Ծանօթ է հայ լեզուով գրուած ու թարգմանուած բոլոր սրբազան եւ ոչ սրբազան մատեաններուն: Օտար ուսումնական կեդրոններ յաճախած չէ: Սակայն, եղած է դարուն ամէնէն զարգացած միտքերէն:
Նարեկացի գրած է բազմաթիւ «գանձեր, տաղեր, թուղթեր,մեկնութիւններ եւ ներբողներ»: Սակայն իր գլուխ գործոցը՝ որու համար սպառեց իր բոլոր կարողութիւնները եւ երկար ատեն կրեց զայն իր մտքին մէջ «Նարեկ» աղօթագիրքն է կամ հեղինակին բառերով «Մատեան Ողբերգութեան»: Համամարդկային, հոգեբանական, իմաստասիրական պարունակութեամբ խոր բանաստեղծութիւն մըն է «Նարեկ»ը ուր Գրիգոր կը ներկայանայ իբր մեղապարտ մարդ՝ կանչուած իր եւ այլոց մեղքերուն եւ անօրէնութիւններուններում հայցելու գերագոյն դատաւորէն.- «Ես իսկ կը վկայեմ թէ աններելի յանցանքներուս համար բիւր բամբասանքներու արժանի եմ, նախահայր Ադամէն սկսելով մինչեւ մարդկային վերջին ծնունդը գործուած մեղքերը իմ մէջս ունենալով, եւ ամէնուն համար ես ինքս զիս պարտաւոր կը կարգեմ»:
Գրիգորի մէջ բանաստեղծութիւն եւ արուեստ սերտօրէն իրարու շաղկապուած են: Այդ արուեստը բարդ է, ինչպէս Գրիգորի հոգին Է վերլուծող եւ միաժամանակ համադրող արուեստ մը: Վերլուծող՝ քերթողին մտքին մէջ կազմուած ատեն: Համադրող՝ արտայայտութեան մէջ: Այս արուեստը կը խօսի գլխաւորապէս երկու զգայարանքներու՝ աչքին եւ ականջին: Նարեկը կենսագրութիւնն է Գրիգորին:
Անծանօթին հասնելու, անիրականալին իրականացնելու ձգտումն է իր արուեստին նպատակը, եւ այս նպատակին հասնելու համար անօրինակ միջոցներու կը դիմէ: Նոր ճամբայ մը կը բանայ՝ Անսահմանին հասնելու համար: Նարեկացին ունի շքեղ եւ լուսաւոր վրձին մը: Միտքը գոյներով եւ պատկերներով լեցուն է: Պատկերներ՝ մութ եւ թանձր գոյներով: Հեղինակը նաեւ ունի անսպառ բեղունութիւն միեւնոյն գաղափարի համար այլազան բացատրութիւններ գտնելու մէջ: Կշռոյթը, ձայնին նիւթական երաժշտութիւնը նպատակ ունի զգացման, յուզականութեան եւ կամ պատկերներուն տալու կախարդական հմայք մը:
«Նարեկ կազմուած է 95 գլուխներէ, զոր Գրիգոր Բան կ’անուանէ: Ամէն Բան կը սկսի՝ «Ի խորոց սրտից խօսք ընդ Աստուծոյ» խորագրով: Ամէն գլուխ ունի ստորաբաժանումներ, որոնց գումարն է 366՝ հաւանաբար տարւոյն օրերուն թիւը խորհրդանշող: Գրիգոր գրած է «Նարեկ»ը անմահանալու համար.- «Երկնաւոր թագաւոր, օրհնէ՛ եւ սրբէ՛ ողբերգութեան այս մատեանը: Ու զայն ըրէ յաւիտենական արձան հաճելի սպասաւորութեան:
«Թող քու առջեւդ մշտնջենական ըլլայ անիկա ու շարունակ յիշատակուի լսելիքիդ: Թող բարբառի՛ ընտրեալներուդ շրթունքներովը եւ խօսի հրեշտակներուդ բերանովը: Թող տարածուի՛ քու աթոռիդ առջեւ եւ ընծայաբերուի սրբութեանդ սրահին մէջ: Թող խնկուի Քու անունիդ տաճարին մէջ եւ բուրէ Քու փառքիդ սեղանին վրայ: Թող պահուի՛ գանձարանիդ մէջ եւ համարուի ստացուածքներուդ մէջ: Թող պատմուի սերունդներուն եւ քարոզուի ժողովուրդներուն: Թող պատմէ՛ իմ խոստովանած անօրէնութիւններս. այնպէս որ թէպէտ մեռնիմ իբրեւ մահկանացու, բայց կենդանի պիտի համարուիմ այս գիրքին յարակայութեամբ» (ՁԸ):
Ամբողջ «Նարեկ»ը արձակ շքեղ բանաստեղծութիւն է, ուր մտքերը կը սահին իրարու ետեւէն դայլայլող ելեւէջներու նման: Հոնտեղ իրարու կը յաջորդեն զղջում, լաց եւ պաղատանք, ջերմ հայցուածներ, ինքնամոռացութեան պահեր, էքստազային ներշնչումներ, ուր հեղինակը կը ջանայ խոյանալ դէպի անհունը: Հայցել բարձրեալի օրհնութիւնը, գութը եւ ողորմութիւնը՝ «Ով արդար արեգակ: Օրհնուած ճառագայթ: Անքննելի բարձրեալ: Անպատմելի զօրութիւն: Բարեդէպ ուրախութիւն: Յոյսի նպատակ: Գովուած երկնաւոր: Փառքի թագաւոր: Ստեղծող Քրիստոս: Խոստովանուած կեանք: Խղճալիիս բազմասխալ ձայնին վրիպանքներն ու թերութիւնները ամենակարող խօսքովդ ուղղելով ու լրացնելով իբր հաճելի աղերս՝ Բարձրեալ Հօրդ ներկայացուր զանոնք» (ՂԵ ):
Իրականին մէջ մեղքը, մարդուն յանցապարտ վիճակը, մահը, անդենականի մտածութիւնը գլխաւոր ներշնչողները կ’ըլլան այս Ողբերգութեան՝ ընծայելով թախծոտ, ճնշող, խաւարակուռ մթնոլորտ մը, որ կատարեալ հայելին է բանաստեղծին հոգիի վիճակին:
Կարեւոր էր քիչ մը սփոփանք, անդորրութիւն իջնէր այս ցաւատանջ սրտին մէջ, բայց «Նարեկ» սահմանուած էր Հայ Ցեղին աղօթամատեանը ըլլալու, նման ցեղին ճակատագրին՝ ցաւալից եւ խորտակուած: Սակայն, մինչ Գրիգոր կը տեսնէ մեղքին նեխութիւնը, որուն մէջ գահավիժած է իր հոգին, միւս կողմէ ջանքեր կ’ընէ վերանալու եւ մերկացնելու իրմէ աղտը եւ նիւթը, կը տեսնէ իր ոչնչացումը ու կ’երգէ զայն, բայց միաժամանակ կը փորձէ բարձրանալ, դիմել վեհ վիճակի մը, խոյանալ դէպի անհունը եւ բանաստեղծը կ’երգէ հզօր եւ հրճուալից շեշտով հոգիի այս ձգտումն ու սլացքները դէպի բարին, դէպի աստուածութիւնը: Այս էջերուն մէջ քերթուածը Դիւցազներգութեան ձեւ մը կը զգենու.- «Տէ՛ր, պահպանէ՛ զիս:
Որպէսզի երբ ծանր քունէն արթննամ, ամենազգաստ եւ վերանորոգ զուարթութեամբ առջեւդ կեցած, ով անճառելի փառքերու ամենաօրհնեալ թագաւոր, փառաբանող երկնագումար խումբերուն երգակցելով՝ կարենամ հաւատքի բուրումով դէպի երկինք Քեզի ուղղել իմ մաղթանքին ձայնը: Վասն զի Դուն Քու բոլոր արարածներէդ փառաւորուած ես, յաւիտեանս յաւիտենից.ամէն»։
«Նարեկ»՝ Գրիգորի հոգիին կատարեալ արտայայտութիւնն է: Գերազանց տաղանդի եւ իմացականութեան մը արդիւնքը: Հիւսուած՝ յորդազեղ, հզօր եւ ստեղծագործող երեւակայութեամբ: Լեզուն՝ զոր կը գործած է Նարեակցին, իր ստեղծածն է: Հիւթեղ եւ զօրաւոր:
Իր գաղափարները եւ զգացումները արտայայտելու համար իրենց ահագնութեամբ, չբաւականանալով հայ լեզուի եղած մթերքով, դիմած է նոր ածացումներու եւ բառակերտութիւններու, որոնք իր լեզուն աւելի հրապուրիչ դարձուցած են: Նարեկով հայ գրական լեզուն փայլեցաւ իր ամբողջ ճոխութեամբ, նրբութեամբ եւ վսեմութեամբ: Անկէ ետք ոչ ոք կարողացաւ պահպանել «Նարեկ»ի լեզուին մաքրութիւնն ու վսեմութիւնը:
Այնքան բիւրեղ եւ բարձրորակ են ոճն ու լեզուն, որ անթարգմանելի կը դարձնեն զայն: Անհնար է զայն թարգմանել այնպէս, որ չկորսնցնէ իր հմայքը:
Նարեկացիին ամէնէն շատ կարդացած ու ճաշակած գիրքը Աստուածաշունչն է:
Անոր կողքին ունեցած է ուրիշ գիրք մը եւս՝ բնութիւնը, որ Նարեկ վանքին շուրջ իւրայատուկ գեղեցկութիւն մը ունի՝ զոր զգացած է Գրիգոր եւ խորապէս անկէ ազդուած:
«Նարեկ» ողբերգութիւնն է տանջուած մեղաւոր հոգիի մը, որ կը ջանայ մաքրուիլ իր մեղքերէն եւ զինք արատաւորող աղտերէն: Այս պատճառով բուռն պայքար կը մղուի հոգիին եւ նիւթին, մարդկային վատ հակումներուն եւ վեհ ձգտումներուն միջեւ: Այս պայքարը կը ծնի փոթորկումներ, յուզումներ եւ յուսալքում: Բանաստեղծը կը զգայ միսին եւ արեան մխալը ու սրտէն ցաւագին ողբ մը կը բարձրացնէ դէպի երկինք՝ «Սրտիս հեծեծալից հառաչանքներուն ողբաձայն աղաղակը Քեզի կը վերընծայեմ, ով գաղտնիքները քննող Տէ՛ր, եւ այրուող հոգիիս թախծութեան կրակին վրայ դնելով սասանած մտքիս ճենճերող իղձերուն պտուղը, կամքիս բուրվառովը զայն Քեզի կը ձօնեմ»:
Չարի, մեղքի եւ անօրէնութեան կաշկանդեալն է Նարեկացին, ոսոխին կապանքներէն եւ տագնապներէն հարուածուած, որ Աստուծմէ ազատագրում կը հայցէ.-
«Տէ՛ր, հանէ՛ զիս բանտէն, ազատէ՛ կապանքներէն,
«Պոկէ՛ զիս պրկող շղթաներէն, ազատէ՛ տագնապներէն…
«Հանգստացուր զիս նեղութիւններէն, փարատէ՛ վշտերս…
«Սփոփէ՛ տխրութիւններս, ամոքէ՛ լացս, ցրուէ՛ հեծութիւններս…
Նարեկացի ինքզինք Աստուծոյ դիմաց կը դնէ: Կը տեսնէ իսկոյն, թէ ինք ոչինչ է: Իսկ իր Ստեղծողը՝ Գերագոյն Էակն է: Ինք մեղքն ու չարութիւնն է: Աստուած՝ Բարութիւնն ու Սրբութիւնը: Աստուծոյ կը պաղատի՝
«Ազատէ զիս՝ ամենակալ, կենսագործէ՝ նորոգող,
Վերականգնէ զիս՝ ահաւոր, լուսաւորէ՝ երկնային…»
Տասը դար առաջ, մարդ մը յաջողած է մեր բնազդին աղբիւրները իջնել: Քննել մարդկային էութիւնը սասանող աղտերը եւ զանոնք դարմանել ինքնաողջակիզումով: Ոչ ոք մարդկային պատմութեան ընթացքին կրցած է այդքան ցայտուն հակադրութիւն մը ստեղծել Աստուծոյ մեծութեան ու մարդուն ոչնչութեան միջեւ, անոր վեհութեան ու մեր ցածութեան: Աստուծոյ ամենակարողութեան ու մարդուն անէութեան եւ թշուառութեան: Ու մանաւանդ ոչ ոք կրցած է այդքան հոգեցունց սաստկութեամբ ողբալ այդ ահաւոր հակադրութիւնը: Ասկէ կը ծնի Գրիգորի մօտ թշուառական մ’ըլլալու տխուր զգացումը, որ կը տանջէ զինք.-
«Ապրեցուր զիս՝ գթած, լսէ ինծի՝ ողորմած…
«Մարդասիրէ՝ ներող, խնայէ՝ երկայնամիտ…
«Պաշտպանէ՝ ապաւէն, բարերարէ՝ հզօր…
«Բժշկէ ՝ հնարիմաց, քաւէ ՝ անքնին…
Բանաստեղծը Նարեկի մէջ ոչ միայն կ’ողբայ իր մեղապարտ անձը, այլ կ’երգէ նաեւ իր յոյսն ու վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ, իր սիրով հրդեհումը աստուածային փառքին համար, տիեզերքին գեղեցկութիւնը՝ իբր աստուածային զօրութեան հրաշապատումը: Ապա կ’ուզէ մաքրել, հոգեղինացնել ամէն ինչ, որպէսզի ըլլայ փառաբանութեան քնար մը՝ իր ստեղծողին մեծ վայելչութիւնն ու ողորմութիւնը գովերգելու: Այս պատճառով բնութեան ամէն էակ, ամէնէն ստորիններն ալ կը մասնակցին այս երգին:
Այսպէս, Նարեկը միայն մարդու ձայնը չի պարունակեր, այլ՝ ձայնը բնութեան, բոլոր տիեզերքին՝ Աստուծոյ արժանաւոր նուագարանը ըլլալու համար: Բնութիւնը Նարեկացիով ՝ մեր գրականութեան մէջ աւելի՛ տիրող հանգամանք մը առաւ, մինչեւ իսկ կատարեալ իրապաշտութեան հասնելով՝ երբ տակաւին Արեւմուտքի մէջ գրական գեղեցիկը կաշկանդուած էր իմացական եւ հոգեկան տուեալներով: (Բան.-ԿԸ.ԿԹ.ԽԶ.ԻԵ.)
Նարեկացիի բանաստեղծական ստեղծագործող տաղանդին մէջ անմիջապէս աչքի կը զարնեն ուժգնութիւնը եւ կենսունակութիւնը եւ ասոնց միացած՝ երեւակայութիւն մը եւ ուժեղ զգայականութիւն մը: Ան կը ձգտի տեսնել ամէն բան պատկերի ձեւով՝ գունագեղ եւ շարժուն: Իր դիտող աչքը եւ երեւակայութիւնը կը հայթայթեն իրեն բոլոր տարրերը՝ հոգեկան վիճակներ ու տրամադրութիւններ փոխաբերութիւններով ներկայացնելու: Շատ շեշտուած է իր մէջ պատկերներ ու տեսիլներ ստեղծելու դիւրութիւնը:
«Նարեկ«ը՝ ամէնէն առաջ մեծ իմացականութեան մը արդիւնքն է: Այդ աղօթքները նախ մտածուած, երկար ատեն հոգւոյն մէջ տարուած եւ խորհրդածութեամբ հասունցած կտորներ են: Անոնք արդիւնք են նաեւ բուռն զգացումի: Բառերուն ետեւ կը զգանք բանաստեղծին սրտին բաբախիւնը, իր ջիղերէն հոսածը, որով բառերը ներքին ջերմութեամբ կը հրդեհեն, շարժուն, խօսուն կը դառնան: Իսկ բանաստեղծը, այդ աղօթքները յօրինած պահուն համակ պրկուած, հրկիզուած եւ այլափոխուած վիճակի մէջ կը գտնուի: Մեղքին, վերջին դատաստանին, դատապարտուելու մտածումը՝ լքումի, սրտաբեկումի ու սարսափի զգացումներով կ’ողողէ բանաստեղծի հոգին: Կարծես պիտի չկարենայ ելլել այդ վիճակէն (ՀԹ): Սակայն, Նարեկացիին աչքերը յանկարծ այդ սարսափի խաւարէն անդին կ’ուղղուին բնազդօրէն՝ անստեղծ Լոյսին, անհուն Սէրին, որ ինքնին Բարութիւնն ու Գթութիւնն ալ է: Այս վայրկեանին իր յոյսի թեւածումները ուժ կ’առնեն վերանալու եւ հասնելու յաւիտենականին՝ որուն քաղցը համակած է Գրիգորի հոգին:
Այս տրամադրութենէն կը ծնի յանկարծ անդորրութեան, գորովի եւ սիրալիր վստահութեան վիճակ մը՝ «Ընդունէ՛, Տէր, աղիողորմ հեծեծանքի իմ այս բանահիւսութիւնը ու անարիւն զոհ մը հոտոտէ այդ բանաւոր նուէրին մէջ…»։
Նարեկացիին բանաստեղծութիւնը ինքնուրոյն նկարագիր մը ունի: Բանաստեղծի եսին մէջ երգ մը կայ, որ կարծես երբեք իր լրումին չի հասնիր: Եւ իւրաքանչիւր գլխու մէջ կը տրուին մեզի այդ երգին այլեւայլ ձայները ու դաշնակութիւնները՝ իբր դրսեւորումներ իր բանաստեղծական եսին: Այս երգին ձայները միայն կշռոյթ չեն, այլ կը ներկայացնեն նաեւ տեսիլներ: Կը նկարեն պատկերներ: Այս երգը ծնունդն է Նարեկացիի էութեան մէջ եւ շուրջը վխտացող սեղմումներուն: Իր սիրտը ճնշող աղեշարժ յուզումներուն: Որով ունի յատուկ երաժշտականութիւն մըն ալ, որ կ’ընծայէ «Աղօթամատեան»ին շեշտ մը, որ կարելի է Նարեկեան անուանել:
Նարեկացի հարազատ ծնունդն է իր դարուն եւ միջավայրին: Իր նկարագիրը համադրութիւնն է իր ժողովուրդի ձգտումներուն: Իր գրիչը իսկական պատկերն է իր անհատականութեան: Հայաստանի եւ Հայութեան ճակատագրական հրաբուխներէն է ան:
Իր ժողովուրդի արիւնին կը պարտի իր խօսքին ջերմութիւնը: Իր մէջ կը խտացնէ այն բոլոր խոկերը, զոր հայ միտքն ու հոգին ունեցեր են սկիզբէն ի վեր՝ մանաւանդ արաբ իշխանութեան յայտնութենէն ետք, հայ ցեղին բոլոր տագնապներն ու պայքարները, յաղթանակներն ու յոյսերը: Որով՝ «Նարեկ» մեր գրականութեան ոչ միայն ամէնէն շքեղ, այլեւ մեր ցեղային նկարագիրը բնորոշող արտադրութիւնն է, ուրկէ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը հաներ է իր դժուարին րոպէները սփոփող պաղատանքներ եւ Աստուծոյ ուղղած աղօթքի մրմունջներ.-
«Քաղցրութեամբ ընդունէ, Տէր Աստուած հզօր, դառնացողիս աղաչանքը,
«Գթութեամբ մօտեցիր ինծի, պատկառանքով խոնարհուողիս,
«Փարատէ՛, ո՜վ ամենապարգեւ, ամօթալի տխրութիւնս,
«Հեռացո՛ւր ինձմէ, ո՜վ ողորմած, անտանելի ծանրութիւնս,
«Վանէ՛ ինձմէ, ո՜վ հնարագէտ, մահացու փորձութիւնը,
«Ոչնչացո՛ւր, ո՜վ մշտայաղթ, խաբեբայի գործերը,
«Վերջացո՛ւր, ո՜վ ապրեցնող, կորցնողի քայլերը,
«Ցրուէ՛, ո՜վ ծածկատես, չարամտի հնարքները…
«Նարեկ՝ գրուած վանքի առաձնութեան մէջ, թերաստուերներու եւ աղջամուղջներու խառնուրդով, հեռաւոր, խորհրդական լուսաւոր գաղափարի մը ձգտումով, անըմբռնելի ինքն իր մէջ՝ զարմանալիօրէն հմայեց, իրեն մագնիսացուց հայ ժողովուրդը: «Նարեկ» դժուարամուտ անտառ մըն է:
Որ սակայն, առանձին լուսինի մը մոգական երեւոյթները ունի: Այս պատճառով հայ ժողովուրդը դիւթուած՝ փարեցաւ անոր: Աւետարանէն ետք «Նարեկ» եղած է հայ ժողովուրդին սնարին գիրքը:
ԺԱ. դարու քաոսային Արեւելքի մը մէջ, ուր սելճուկն ու թաթարը մարդ ու քաղաքակրթութիւն քանդելու ելած էին՝ «Քրիստոնեայ ժողովուրդի մը մէջէն, մարդ մը, շքեղագոյն քրիստոնէութեամբ մը՝գործեց ամէնէն վեհը կեանքի արարքներուն: Անդամագրեց իր հոգին երկրէն վեր, սահմանաւորէն վեր բաներու: Անդամագրեց ինքզինք ներքին անսպառ խոստովանութեան մը.- «Ո՛չ ոք ինծի չափ մեղաւոր է: Ո՛չ ոք՝անօրէն: Ո՛չ ոք ինծի չափ ամբարիշտ է: Ինծի չափ անիրաւ: Ինծի չափ չարագործ: Ինծի չափ վրիպած: Ինծի չափ սխալած: Ինծի չափ մոլեգնած: Ինծի չափ խարդախած: Ինծի չափ շաղախուած: Ինծի չափ դատապարտուած: Ինծի չափ ամօթահար: Ես եմ միայն, ուրիշ մէկը ո՛չ: Այդ բոլոր յանցանքները ես եմ, ու ամէնուն յանցանքները իմ մէջս են… Ահա՛ իմ դատաստանս:
«Ահա՛ յանդիմանութիւնս: Ահա՛ նոր կշտամբանքս ու հին դատապարտութիւնս: Ահա՛ դէմքիս ամօթն ու հոգիիս տագնապը»: Այս անսպառ խոստովանութենէն ետք, նոր ուժ ստացած Նարեկացին ամեհի պայքար մղեց չարին ու վատին, անցաւորին ու գարշին դէմ: Մէկ կողմէն սելճուկ է ան, անգութ ոչնչութիւն մը՝ գեղեցիկ բաները ջնջելու ելած:
«Միւս կողմէն՝ Հա՛յ է, Նարեկացի՛ մը, քաւութեամբ լոյս գնող: Եւ լոյսը գեղեցկութեան ու սիրոյ վրանի մը պէս երկրային մութին ու կեղտին վրայ բացող»(Ե.Պ.):
Կային իր օրերուն չարին ու վատին բոլոր տեսակներն ու աստիճանները:
Օրերուն փոթորիկը նետեց բոլորը մահ կոչուած անդունդին մէջ: Կեանքը ըլլալ եւ փլիլ է: Դարերու ընթացքին փլան շատ մը մարդիկ ու ժողովուրդներ: Չփլա՛ւ այս Հայը: Մագաղաթն ու փետուր գրիչը մահարգել գործիքի մը պէս բռնած՝ մնաց: Մենախօսեց Աստուծոյ առջեւ իր մեղքը: Ահագնագոչեց սէրն ու վիշտը: Եւ մնաց: Մտաւ աստուածայինին մէջ: Իր եւ իր դարուն լոյսը փոխանցեց հետագայ ժամանակներուն: Լուսցուց իր երկրէն ու ժամանակէն հեռու երկիրներ ու ժողովուրդներ: Եղաւ ինքն ալ մարդկութեան մեծերէն ու վեհերէն մին: Հայաստան չունեցաւ իրեն չափ երկնասլաց բարձունք: Մտքի, սրտի, հոգիի եռեակ հրդեհներով գունդ մը կրակ է Նարեկացին, Աստուծոյ մեծ ճամբուն վրայ:
Համամարդկային մտքի պատմութեան գագաթներէն մէկն է ան՝ իր ցեղին փառքը եւ մշակոյթի իշխաններուն ջերմագոյնը եւ խորագոյնը:
Արգանդ կայ որ մարդ կը ծնի,
Արգանդ ալ կայ, որ հրէշ կը ծնի…
Արգանդ կայ, որ հանճար կը ծնի,
Արգանդ ալ կայ որ մոնկոլ կը ծնի…
Արգանդ կայ, որ սուրբեր, Նարեկացիներ կը ծնի,
Արգանդ ալ կայ, որ սրբապիղծ Էնվերներ,
Թալէաթներ եւ Էրտողաններ կը ծնի…
Հայոց փոքիկ արգանդ,
Բիւր յարգանք եւ փա՛ռք քե՜զ…։