Ինչ­քան դժո­ւար է հա­մո­զո­ւիլ որ քա­ռա­սուն օ­րեր ա­ռաջ ա­նակնկալ ու վա­ղա­ժամ կորսն­ցու­ցինք մեր ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ըն­կե­րը, մեր հա­րա­զա­տը՝ Գ­րի­գոր Էր­ջէ­նեա­նը, նոյն­քան եւ ա­ւե­լի դժո­ւար է հա­մա­կեր­պիլ կո­րուս­տի լրջու­թեան եւ ըն­դու­նիլ այն մեծ բա­ցը, որ ձգեց իր ե­տին:
­Գո­գոն այն սե­րուն­դին կը պատ­կա­նի ո­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը հա­մընկ­նե­ցաւ ազ­գա­յին եւ ըն­կեր­վա­րա­կան շար­ժում­նե­րու զար­թօն­քին: Բռ­նա­պե­տա­կան կար­քե­րու դէմ պայ­քա­րը, ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու մեր­ժու­մը, հա­մա­մարդ­կա­յին նոր գա­ղա­փար­նե­րու եւ ընբռ­նում­նե­րու ձե­ւա­կեր­պու­մը, ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ հա­մընդ­հա­նուր ու գա­ղա­փա­րա­պաշտ վա­րա­կիչ մթնո­լոր­տի մէջ, ­Գո­գոն ա­ռանց շե­ղե­լու, կա­րո­ղա­ցաւ ըն­կա­լել ու պահ­պա­նել մեր ազ­գա­յին իղ­ձե­րու հա­րա­զատ գա­ղա­փա­րա­կան հեն­քը, այն հեն­քը, որ Հ.Յ.Դ. քսան­նե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րով՝ շար­քե­րու քա­ղա­քա­կա­նաց­ման ու ե­րի­տա­սար­դաց­ման հիմք ծա­ռա­յե­ցին: ­Ժա­մա­նա­կա­կի­ցը ե­ղաւ ու բախ­տը ու­նե­ցաւ շփո­ւե­լու ա­կա­նա­ւոր դէմ­քե­րու ու դէպ­քե­րու հետ ո­րոնք դրոշ­մե­ցին իր էու­թիւ­նը:
Ան ոչ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը իբ­րեւ տե­սա­կան աշ­խար­հա­հա­յացք որ­դեգ­րեց, այ­լեւ կեն­դա­նի գոր­ծի վե­րա­ծեց ու իր անժխ­տե­լի ներդ­րումն ու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ ­Հայ դա­տի գործ­նա­կան ու ցու­ցա­կան պայ­քա­րին: Եր­բէք չհպար­տա­ցաւ եւ նոյ­նիսկ չխօ­սե­ցաւ պայ­քա­րի ճամ­բուն իր ու­նե­ցած առ­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, այլ ինչ­պէս իր գոր­ծա­կից շարք մը ըն­կեր­ներ, իբ­րեւ ան­յայտ զի­նո­ւոր պի­տի յի­շա­տա­կո­ւի ­Հայ դա­տի պայ­քա­րի պատ­մու­թեան մէջ:
­Գո­գոն այն հա­զո­ւա­գիւտ գոր­ծիչ­նե­րէն էր, որ կա­րո­ղա­ցաւ ինչ­պէս ցու­ցա­կան նոյն­պէս ալ քա­ղա­քա­կան պայ­քա­րի մէջ իր ներդ­րու­մը ու­նե­նալ: ­Կը հա­ւա­տար եր­կու մի­ջոց­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան ու զու­գոր­դու­թեան, բայց նաեւ գի­տա­կից էր մար­տա­վա­րա­կան պա­հանջ­նե­րուն: ­Մօ­տէն կը հե­տե­ւէր մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, կը վեր­լու­ծէր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ու ան­պայ­ման կը փոր­ձէր հա­յու­թեան նպաս­տող ել­քեր գտնել:
­Հայ­րե­նի­քի լու­րե­րը իր ա­ռօ­րեան էին, կը խրա­խու­սո­ւէր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով ու կը տա­ռա­պէր ցա­ւե­րով:
Չ­կար Ա­թէնք այ­ցե­լած կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր, քա­ղա­քա­կան հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ թէ մտա­ւո­րա­կան ո­րու հան­դի­պած ու զրու­ցած չըլ­լար, հե­տաքրք­րո­ւած ա­նոնց տե­սա­կէտ­նե­րով ու իր գի­տե­լիք­նե­րը հարս­տա­ցու­ցած: Ա­նոնց­մէ չէր, որ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ի­րենց հրամ­ցո­ւած ձե­ւով ըն­դու­նէր, ոչ միայն տե­ղե­կու­թիւ­նը ինք­նին կը վեր­լու­ծէր այ­լեւ աղ­բիւ­րը ու դրսե­ւոր­ման պայ­ման­նե­րը: Պրպտող ու քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծա­կան հա­սուն միտք էր ու ըստ այնմ ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը մեկ­նա­բա­նէր:
­Կա­րե­լի էր ա­միս­նե­րով խօ­սած չըլ­լալ հե­տը, սա­կայն հաս­տատ գի­տէիր որ ­Գո­գոն իր սկզբունք­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը, պար­տադ­րո­ւած պայ­ման­նե­րու կամ ան­ձե­րու հար­մա­րեց­նո­ղը չէր, իր տե­սա­կէտ­նե­րը զի­ջե­լով հա­ճո­յա­նալ փոր­ձո­ղը չէր, դաշ­նակ­ցա­կան պա­տաս­խա­նա­տու մար­դու կար­գա­պա­հու­թեամբ ու ան­շա­հախնդ­րու­թեամբ կը պաշտ­պա­նէր իր տե­սա­կէտ­նե­րը ու հիմ­նա­ւո­րեալ փաս­տար­կում­նե­րով կը վի­ճէր, թէ­կուզ ե­թէ նե­ղաց­նե­լու գնով հա­կադ­րո­ւէր իր մօ­տիկ ըն­կեր­նե­րուն թէ հա­րա­զատ­նե­րուն, բայց եւ միշտ պա­հե­լով ըն­կե­րա­կան կա­պը: Ու­րի­շի խօ­սա­փո­ղը չէր, այլ իր հա­մո­զում­ներն ու կե­ցո­ւածք­նե­րը ամ­րօ­րէն խարս­խո­ւած էին դաշ­նակ­ցա­կան գա­ղա­փա­րա­կան ու կար­գա­պա­հա­կան ան­շեղ հեն­քին վրայ:
­Շատ բան տո­ւաւ ­Գօ­գօն, չխնա­յեց ո՛չ ժա­մա­նա­կը, ո՛չ նիւ­թա­կա­նը, ո՛չ ալ ըն­տա­նի­քը:
Ինչ­քան որ ալ իր ա­ռօ­րեան մա­շեց­նող ու հոց­նե­գու­գիչ ըլ­լար, ժո­ղով­նե­րուն մէջ նոր ե­ռանդ ու կեն­սու­նա­կու­թիւն կը դրսե­ւո­րէր, կար­ծես նոր օր սկսած ըլ­լար: Չ­կար մեծ ու փոքր գործ, ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, թէ՛ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի տնտե­սա­կան հար­ցե­րու խորհր­դա­տու, Հ.Յ.Դ. ­­Հայ ­դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ, թէ Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան Տն­տե­սա­կան կամ Ու­սում­նա­կան խոր­հուրդ­: Ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած էր կու­սակ­ցա­կան ու գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծին, խո­րա­պէս հա­մո­զո­ւած որ տե­ղայ­նա­կան նեղ շրջա­գի­ծէն ան­դին այդ մէ­կը կը նպաս­տէր նաեւ հա­յու­թեան մեծ գո­յա­պայ­քա­րին, ­­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին: Ե­րի­տա­սար­դու­թեան հան­դէպ հո­գա­տար էր ու քա­ջա­լե­րող:
­Կը մտա­հո­գո­ւէր, որ հա­մաշ­խար­հա­յին ներ­կայ անձ­նա­կեդ­րոն ա­պա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցած պայ­ման­նե­րու մէջ, եր­թա­լով կը դժո­ւա­րա­նար հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ հա­յու­թեան իղ­ձե­րով տագ­նա­պող, գա­ղա­փա­րա­պաշտ ե­րի­տա­սարդ­ներ ներգ­րա­ւե­լը ու գուր­գու­րան­քով կը հե­տե­ւէր ու կ­՚ա­ճեց­ներ մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ յայտ­նո­ւող իւ­րա­քան­չիւ­րին:
­Շատ բան կրնար տալ նաեւ ­Գո­գոն, սա­կայն իր անձ­նա­կան պայ­ման­նե­րը ու եր­բեմն ալ մի­ջա­վայ­րը ա­ռի­թը չտո­ւին որ իր ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը դրսե­ւո­րէ, բայց եւ այն­պէս կազ­մա­կեր­պա­կան թէ քա­ղա­քա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեամբ ա­նու­ռա­նա­լի հետ­քը թո­ղեց ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս:
Իր կե­ցո­ւած­քով ու գոր­ծու­նէու­թեամբ ե­ղաւ ու­ղե­նի­շը, տի­պար օ­րի­նա­կը շարք մը ըն­կեր­նե­րու, ի շահ հա­ւա­քա­կան գոր­ծին, հա­ւա­սա­րակշ­ռեց ծայ­րա­հե­ղու­թիւն­նե­րը, մեղ­մեց կիր­քե­րը: ­Սի­րե­լի ­Գո­գօ, վստահ ե­ղիր որ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք բախտն ու ա­ռի­թը ու­նե­ցան քեզ ճանչ­նա­լու ու հետդ գոր­ծակ­ցե­լու, դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վա­րի ե­ռան­դովդ ու սկզբուն­քայ­նու­թեամբդ, վա­րա­կե­ցիր ա­նոնց ու հան­գիստ ե­ղիր, որ նոյն վճռա­կա­նու­թեամբ ու անձ­նա­զո­հու­թեամբ գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու են:

Ըն­կերդ՝ Բ.Պ.