Յունիս 26ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»ին եւ Օսմանեան Թուրքիոյ վերջին ժամանակաշրջանի Օրէնքի եւ Իրաւունքի պաշտպանութեան անվեհեր ու անկաշառ դատապաշտպան մեծահռչակ խորհրդարանականին՝ Գրիգոր Զօհրապին։
Յունիսեան այսպիսի օր մը, 157 տարի առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ հայահոծ Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ ծնաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակը, որուն գրական-ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութեան գազանաբար վերջ տուին թրքական իշխանութիւնները 1915ին, երբ ձեռնարկեցին հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն իրենց ծրագրած ու կազմակերպած ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին գործադրութեան։
Գրիգոր Զօհրապ նոր բոլորած էր 54 տարիքը, երբ հայասպանութեան ձեռնամուխ թրքական պետութիւնը ամենայն վայրագութեամբ կտրեց կեանքին թելը օսմանեան խորհրդարանի ամէնէն պերճախօս եւ Իրաւունքի ու Արդարութեան անպարտելի դատապաշտպան հայ պատգամաւորին։
Ոչ միայն իր ստեղծած գրականութեամբ, այլեւ իր ծաւալած հասարակական-պետական յանդուգն գործունէութեամբ՝ Գրիգոր Զօհրապ հանդիսացաւ Ճշմարիտին եւ Իրաւին պաշտպանութեան ու նուիրագործումին համար անխոնջ պայքարող մը, որ անսակարկ ծառայեց մէկ ու միակ սկզբունքի մը, իր իսկ բառերով այնքան պարզ ու խիտ բանաձեւուած այն դաւանանքին, թէ՝
«Իմ բարոյականս կը կայանայ իրականը՝ սուտին, ճշմարիտը՝ կեղծին վերադասելուն մէջ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ»։
Կոչումի եւ առաքելութեան այդ զգացողութեամբ ալ, ինչպէս Հրանդ Ասատուր կը վկայէ, «գրականութեան մէջ, ինչպէս ներքին կեանքի մէջ, Զօհրապ խանդավառ գեղապաշտ մըն էր։ Երբ տեսնէր սիրուն գեղօր մը (պիպլօ), գեղարուեստական շէնք մը, արուեստագէտի նկար մը, չէր կրնար անտարբեր աչքերով անցնիլ անոնց առջեւէն։ Ներդաշնակ նուագ մը իր հոգիին խորը՝ թաքուն թելեր թրթռացնելով, իր աչքերուն մէջ հրճուանքի փայլիւնը կը շողացնէր միշտ»։
Թէեւ իր աշխարհայեացքով պահպանողական մտածողութեան տէր էր՝ հաստատուած արժէքները եւ սկզբունքները անխաթար պահպանելու առումով, այդուհանդերձ իր բոլոր ուժերով հայ քաղաքական մտքի զարգացման ծառայելու յանձնառու մտաւորականն ու քաղաքական գործիչը եղաւ Զօհրապ, որ պատգամեց սերունդներուն, թէ՝
«Մարդկութեան գերագոյն շահը յառաջդիմութեան մէջ է։ Հասարակութիւն մը, որ հնամաշ բարքեր ունի՝ յետադիմելու դատապարտուած կը մնայ, եթէ իր խորհելու, զգալու եւ աշխատելու եղանակները չնորոգէ»։
Գրիգոր Զօհրապ ինքնաբաւ ու աւանդապահ ընտանիքի ծնունդ էր։ Հայրը` Խաչիկ էֆենտին, լումայափոխ էր, բնիկ՝ ակնեցի։ Մայրը` Էֆթիկ Հանըմը, Մալաթիայէն էր։ Զօհրապ նախնական կրթութիւնը ստացաւ Պէշիկթաշի «Մաքրուհեան» վարժարանին մէջ։ 1870ին մահացաւ հայրը։ Մայրը վերամուսնացաւ նշանաւոր փաստաբան Աւետիս Եորտումեանի հետ եւ երկու որդիներուն՝ Միհրանի ու Գրիգորի հետ տեղափոխուեցաւ Օրթագիւղ։ Տղաքը իրենց ուսումը շարունակեցին տեղւոյն նշանաւոր «Թարգմանչաց» վարժարանին մէջ։ Հոն ալ սկիզբ առին Զօհրապի առաջին գրական նախափորձները` ոտանաւորներ, յաջող շարադրութիւններ։
1876ին Զօհրապ ընդունուեցաւ ժամանակի Թուրքիոյ կրթական միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը` Կալաթասարայի վարժարանը, որ բացուած էր 1868 թուին, ֆրանսական կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ Կ. Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանի անմիջական հսկողութեամբ։ Ուսանեցաւ երկրաչափութիւն։ Բաժինը աւարտեց փայլուն գիտելիքներով։ 1880 թուականին աշխատանքի անցաւ խորթ հօր իրաւաբանական գրասենեակին մէջ իբրեւ գրագիր եւ, միաժամանակ, սկսաւ յաճախել Կալաթասարայի իրաւագիտութեան բաժինը։ Սակայն շուտով վարժարանը, որ ունէր 45 հայ, 2 իսլամ, 2 հրեայ եւ 3 յոյն ուսանող, փակուեցաւ՝ բաւարար թուով իսլամ աշակերտներ չունենալու պատճառով։ Եւ երբ 1881ին բացուեցաւ «Հուգուգի» (իրաւունքի) վարժարանը, Զօհրապ շուտով հոն արձանագրուեցաւ ու երկու տարի ուսանելէ ետք անկէ հեռացաւ՝ վկայական չստանալով։ Բայց 1884ին Ադրիանապոլսոյ (Էդիրնէ) մէջ քննութիւն տուաւ եւ ստացաւ փաստաբան-իրաւաբանի վկայական։
Զօհրապ գրական ասպարէզ մուտք գործեց 1878ին, երբ հանդիպեցաւ Նիկողայոս Թիւլպենճեանին եւ դարձաւ անոր հրատարակած «Լրագիր» օրաթերթին աշխատակիցը։ Միայն 17 տարեկան էր այդ ատեն եւ, այսուհանդերձ, ինքզինք կրցաւ դրսեւորել իբրեւ ազգի ճակատագրով մտահոգ հայը։ 1880ականներու սկիզբը մուտք գործելով հրապարակախօսական ասպարէզ՝ Զօհրապ դարձաւ ժամանակի գրական շարժման մասնակիցներէն եւ արդիւնաւէտ գործիչներէն մէկը։ 1883ին հրատարակեց Ասիական ընկերութեան «Երկրագունտ» հանդէսը, Յակոբ Պարոնեանի խմբագրութեամբ։ 1885ին, նոյն հանդէսի էջերուն սկսաւ տպագրել իր անդրանիկ վէպը` «Անհետացած սերունդ մը» վերնագրով։ 1887ին վէպը լոյս տեսաւ առանձին գիրքով։
1888ին Զօհրապ ամուսնացաւ Քլարա Եազըճեանի հետ։ Ունեցան չորս զաւակ՝ Լեւոն, Տոլորէս, Արամ եւ Հերմինէ։
1891ին Զօհրապ առաջին անգամ ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի երեսփոխան, սակայն Ժողովի բացման նիստին անոր ընտրութիւնը չվաւերացուեցաւ՝ 30 տարիքը լրացուցած չըլլալու պատճառով։
1892ին Զօհրապի խմբագրութեամբ հրատարակուեցաւ «Մասիս» ազգային, գրական, քաղաքական հանդէսը։ Զօհրապի գրիչը այս շրջանին յատկապէս բեղուն եղաւ։ Բայց տարի մը ետք, 1893ին հանդէսը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ։
Զօհրապի գրական գործունէութիւնը բուռն վերելք ապրեցաւ 1880ականներու վերջերուն եւ 1890ականներու սկզբնաւորութեան։ «Արեւելք» օրաթերթին, ապա «Մասիս»ի մէջ լոյս տեսան Զօհրապի առաջին նորավէպները։ Իր գրական ստեղծագործութեան հիմնական մասը ան արարեց 1887-1893 տարիներուն։ Այս շրջանին Զօհրապ գրեց նաեւ իր երկրորդ, բայց անաւարտ մնացած վէպը` «Նարտիկ»ը, ինչպէս նաեւ իրմէ ժառանգ մնացած անկրկնելի նորավէպներուն մեծ մասը, նոյնպէս՝ բազմաթիւ հրապարակախօսական յօդուածներ, որոնք լայն ճանաչում ապահովեցին իրեն իբրեւ գրողի եւ հրապարակախօսի։
Հետագային, երկար լռութենէ յետոյ, 1898 թուականէն սկսեալ, Զօհրապ դարձեալ երեւաց գրական ասպարէզի վրայ, այս անգամ իբրեւ անուանի ու վաստակաւոր գրող եւ հասարակական գործիչ։
1894-95 թուականները զարհուրելի էին արեւմտահայերու համար։ Սկսան ու մինչեւ 1896 շարունակուեցան զանգուածային կոտորածները։ Հայ մտաւորականներու մեծ մասը ստիպուեցաւ հեռանալ Կ. Պոլսէն եւ հաստատուիլ Եւրոպա։ Յուսահատութեան ու տեղատուութեան այս շրջանին Զօհրապ ակամայ հեռացաւ գրական ասպարէզէն։ Առաւելաբար փաստաբանական գործերով, կարեւոր դատավարութիւններով զբաղեցաւ։ Պոլսոյ մէջ Զօհրապը իբրեւ իրաւաբան-փաստաբան յայտնի դարձաւ յատկապէս օտարներուն մօտ, որովհետեւ տիրապետելով ֆրանսերէնին՝ յաճախ ինք կը պաշտպանէր անոնց դատերը Թուրքիոյ առեւտրական առաջին դատարանին մէջ։ Զօհրապ նաեւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան թարգմանն էր ու իրաւագէտ-խորհրդականը։ Օգտուելով այդ հանգամանքէն՝ ռուս օտարահպատակներու դատերը ստանձնեց եւ ունեցաւ Եւրոպա ազատօրէն երթեւեկելու իրաւունք։
Սակայն 1906 թուին, Օսմանեան Կայսրութեան ատենի արդարադատութեան նախարարին կարգադրութեամբ, Զօհրապին արգիլուեցաւ թրքական դատարաններուն մէջ դատեր պաշտպանելը։ Պատճառը պուլկար յեղափոխականի մը դատական պաշտպանութիւնն էր Զօհրապի կողմէ։ Այդ պատճառով ալ, երբ 1908ին Թուրքիոյ մէջ հռչակուեցաւ Սահմանադրութիւնը եւ կայսրութեյան բոլոր անկիւնները թափ առին հաւաքներն ու ցոյցերը՝ հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ համագործակցութեան կարգախօսներով, Զօհրապ կը գտնուէր Փարիզ, ուր ան յաջողեցաւ հրատարակել իր ֆրանսերէն իրաւագիտական աշխատութիւնը եւ մասնագիտական աշխատանքի լայն ասպարէզ գտնել։ Բայց երբ տեղեկացաւ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական կարգերու հաստատման մասին, մեծ յոյսերով եւ լաւատեսութեամբ Փարիզէն շտապեց Պոլիս։
1908ի օսմանեան խորհրդարանական ընտրութեանց Զօհրապ պատգամաւոր ընտրուեցաւ։ Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանական գրեթէ բոլոր քննարկումներուն, ամէն ջանք գործադրեց խորհրդարանի կողմէ արդարացի օրէնքներ ընդունելու համար։ Ինքն իր մասին Զօհրապ կը սիրէր ըսել, թէ «Ես սահմանադրութեան փաստաբանն եմ»։
Զօհրապ մեծապէս յարգուած եւ երեւելի անձնաւորութիւն դարձաւ թէ՛ հայ ազգային, թէ՛ համա-օսմանեան հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Սակայն երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Թուրքիոյ իշխանաւորները պահը յարմար գտան ի գործ դնելու հայերու դէմ իրենց մշակած ցեղասպանութեան ծրագիրը։ Մէկ գիշերուան մէջ՝ Ապրիլ 24ին, մեծագոյն մասով ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան Պոլսոյ հայ մտաւորականները։ Զօհրապ ամէն ջանք գործադրեց՝ ազատելու իր անմեղ ազգակիցները։ Դիմեց պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որոնցմէ շատերուն հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունէր, այդ շարքին՝ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային եւ վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշային։ Անոնք բոլորն ալ դրական եւ յուսադրիչ պատասխաններ կու տային։ Սակայն շուտով Զօհրապին եւ Վարդգէսին ալ միասնաբար ձերբակալեցին եւ աքսորեցին։ Անոնց ալ կը սպասէր նոյն դաժան ճակատագիրը։
1915 թուականի Յուլիսին, աքսորի ճանապարհին, դաժանօրէն սպաննուեցան Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս։
Ցեղասպան Թուրքիան այդպէ՛ս խեղդեց Հայկական Իրաւունքի եւ Արդարութեան խիզախ պաշտպան-փաստաբանին անկաշառ ձայնը։
Կենսագիրներու վկայութիւններով եւ արխիւային նիւթերով հաստատուած է, որ Հայոց Արհաւիրքի աղիտալի օրերուն, Զօհրապ ոչ մէկ վայրկեան հեռացաւ անձնուրաց մարդասէրի եւ հայոց Իրաւունքի անկաշառ դատապաշտպանի իր դիրքերէն: Երբ սկսան հայ մտաւորականութեան եւ ազգային ղեկավարութեան զանգուածային ձերբակալութիւնները, խորհրդարանական պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւն վայելող Զօհրապը սկզբնապէս չձերբակալեցին։ Շրջապատը կը թելադրէր Մեծ Հայուն, որ հեռանայ Թուրքիայէն: Սակայն Զօհրապ մերժեց բաժնուիլ իր ժողովուրդէն՝ յայտարարելով, թէ՝ «որո՞ւ թողում սա անտէր ու անգլուխ ժողովուրդը. չէ՛, փախչիլ չեմ կրնար, պէտք է, պարտքս է մինչև վերջ պատնէշին վրայ մնալ»։
Օգտուելով խորհրդարանական պատգամաւորի իր իրաւունքէն եւ վայելած հեղինակութենէն՝ Զօհրապ դիմեց օրուան ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթին՝ հաշիւ պահանջելով հայութեան սերուցքին հանդէպ գործադրուող մեծ ոճիրին համար։
Զօհրապ ազդարարած է Թալէաթին.- «Օր մը, ապահով եղէք, որ հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ եւ դուք չպիտի կարենաք արդարացնել ձեր արարքները»: Թալէաթ պէյ հեգնանքով հարց տուած է.- «Ո՞վ պիտի պահանջէ այդ հաշիւը:
«Ե՛ս,- պատասխանած է Զօհրապ,- Խորհրդարանի մէջ իբր հայ մեպհուս ձենէ հաշիւ պիտի պահանջեմ»:
Թէեւ ճակատագրիրը չարտօնեց, որ Զօհրապ իրագործէ իր ազդարարութիւնը, բայց հայ ժողովուրդը Թեհլիրեաններու ձեռամբ ոչ միայն հաշիւ պահանջեց, այլեւ գերագոյն արդարադատութեամբ արժանի պատիժին ենթարկեց մեծ հայասպանին։
Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915)
Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915). Հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»ը. Օրէնքի եւ Իրաւունքի պաշտպանութեան անկաշառ իրաւաբանը Ն.