Մար­տի­նի քա­ղա­քա­կան հան­գա­ման­քին փո­խո­ւե­լով՝ շատ լուրջ խնդիր մը ծա­գած էր քա­ղա­քի ա­սո­րիա­պատ­կան ա­ղօ­թա­տե­ղի­նե­րու ճա­կա­տագ­րին հա­մար։ ­Նա­խա­պէս գիւղ հա­մա­րո­ւող բազ­մա­թիւ բնա­կա­վայր­ներ այս նոր դրու­թեամբ վե­րա­ծո­ւե­ցան թա­ղա­մա­սի եւ այդ գիւ­ղե­րուն սե­փա­կա­նու­թիւ­նը հա­մա­րո­ւած կա­լո­ւած­ներն ալ փո­խան­ցո­ւե­ցան ­Պե­տա­կան ­Գան­ձին։

­Սա­կայն այս­տեղ խնդրոյ ա­րար­կայ կա­լո­ւած­նե­րը ա­սո­րա­պատ­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, վան­քեր եւ գե­րեզ­ման­ներ են։ ­Պե­տա­կան ­Գան­ձը այս հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րը փո­խան­ցեց Կ­րօ­նից ­Տես­չու­թեան։ Այս տա­րօ­րի­նակ զար­գա­ցու­մին «Ա­կօս»ին մէջ հրա­պա­րա­կո­ւե­լէն ետք կա­յա­ցած հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ ­Մար­տի­նի կու­սա­կա­լու­թիւ­նը վե­րա­նա­յի իր ո­րո­շու­մին եւ հրա­ժա­րի այս տա­րօ­րի­նակ գոր­ծադ­րու­թե­նէն։ ­Սա­կայն ան­շուշտ որ այս­քա­նը բա­ւա­րար չէ եւ հի­մա ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է ­Պե­տա­կան ­Գան­ձին փո­խան­ցո­ւած կա­լո­ւած­նե­րու սե­փա­կա­նա­թուղթ­նե­րուն ալ վերս­տին ա­սո­րի հա­մայն­քին ա­նու­նով գրան­ցու­մը։ Այս­տեղ պա­հան­ջո­ւա­ծը շնորհք մը չէ, այլ ար­դա­րու­թեան կա­յա­ցու­մը, քա­նի որ այդ կա­լո­ւած­նե­րը դա­րեր շա­րու­նակ մնա­ցած են ա­սո­րի հա­մայն­քի սե­փա­կա­նու­թեան մէջ։

Այս մա­սին ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան հե­տե­ւեալ հար­ցում­նե­րը ուղ­ղած է ­Վար­չա­պետ ­Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մին եւ փոխ-վար­չա­պետ ­Վէյ­սէլ ­Քայ­նա­քին։

Ա.- Ի՞նչ նպա­տա­կով ­Մար­տի­նի ա­սո­րի­նե­րու պատ­կա­նած այս կա­լո­ւած­նե­րը փո­խան­ցո­ւած են ­Պե­տա­կան ­Գան­ձին։

Բ. ­Մար­տի­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին տե­ղա­պահ­ներ ղրկե­լէն ետք, ի՞նչ կար­գադ­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են, մա­նա­ւանդ ա­նոնց նախ­կին քա­ղա­քա­պետ­նե­րուն յա­րու­ցած դա­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ։

Գ.- ­Լօ­զա­նի ­Դաշ­նա­գի­րը ­Թուր­քիոյ հիմ­նադ­րու­թեան ե­րաշ­խիքն է նաեւ։ ­Կա­տա­րո­ւա­ծը այդ դաշ­նագ­րի 38էն սկսեալ մին­չեւ 48րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րու մէջ նշո­ւած ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւն­նե­րու ոտ­նա­կո­խումն է։ ­Դաշ­նագ­րի 37րդ ­յօ­դո­ւա­ծը կը հաս­տա­տէ, թէ օ­րի­նա­կան ո՛չ մէկ ո­րո­շում, օ­րէն­քի նա­խա­գիծ կամ կա­նո­նադ­րու­թիւն չի կրնար հա­կա­սել այս հա­մա­ձա­յա­նագ­րի պար­տադ­րած պայ­ման­նե­րուն։ Ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նէք կա­տա­րուա­ծը։