Մարգար Շարապխանեան
Արագածոտնի մարզ, գիւղ Ուշի
Քանի մը շաբաթ առաջ այս գիրքը հասաւ Ուշիի գրադարանիս սեղանին։ Բերողը մեր ընտանիքին բարեկամ, նախկին յունահայ, Ալիսն էր։ Բերուած գիրքը Վազգէն Պէրպէրեանի իտալերէն լեզուով գրած ու Իտալիա հրատարակած վէպին յունարէն թարգմանութիւնն էր,«Գադօ աբօ էնա ատիաֆորօ ուրանօ» տիտղոսով։
Եօթը հարիւր քսանհինգ էջնոց հաստկեկ հատոր մըն է այս գիրքը, զոր կարդացի մեծ հետաքրքրութեամբ։
Բազմաճիւղ երեսներով բովանդակութիւն ունեցող վէպ մըն է այս գիրքը, որուն մէջ կը դեգերին երկուորեակ եղբայրներ, որոնք նոյնիսկ հեռուէն իրարու հոգեպէս կապուած են սերտօրէն։ Այս եղբայրներուն ծնողքը, Իզմիրի ահաւոր ջարդէն հազիւ ազատուած, ուրիշ գաղթականներու հետ, Յունաստանի Փաթրա քաղաքը կը գաղթեն։
Իրենց եւ Փաթրա ծնած իրենց երկուորեակներուն ապրած կեանքը կը պատկերացնէ այս գիրքը՝ անսպասելի ելեւէջներով ու տուայտանքներով լեցուն։
Միքայէլը (մէկ եղբայրը) կեանքի պայմաններուն բերումով կը ղրկուի Վենետիկ, որպէս ուսանող Մուրատ-Ռաֆայէլեան պատմական գիշերօթիկ վարժարանին։ Իսկ միւս եղբայրը՝ Գաբրիէլ, ծնողքին հետ կը հաստատուի Խորհրդային Հայաստան, ուրկէ անոնք անիմաստ զրպարտութեամբ կ՛աքսորուին Սիպերիոյ տափաստանները որպէս գերի։ Երկու եղբայրներն ալ հաշտ ու համերաշխ կեանք չեն ապրիր իրենց ղրկուած նոր միջավայրերուն մէջ։
Հոգեբանական ու ներաշխարհային հարցերով ու դէպքերով լեցուն հատոր մըն է Վազգէն Պէրպէրեանի այս գործը, որուն ներփակած նիւթերուն մասին աւելի երկար պէտք է գրել, մանաւանդ երբ կը ծանօթանաս քեզի արդէն ծանօթ, իրենց՝ յատկապէս Միքայէլին ապրած ուսումնական ներքին ու արտադպրոցական տարիներուն, Վենետիկ ու Թորոնթօ, ուր ուսումը ամբողջացնելու կ՛երթայ։
Արդարեւ, նոյնանման երկուորեակ մանչերու տարբեր ու մանաւանդ անտարբեր երկինքներու տակ, դժուար հոգեվիճակներով ապրուած, պատանի, երիտասարդ ու հասուն անձերու կեանքն է այս գիրքը, որ իրական ու նաեւ երեւակայական դէմքերով ու դէպքերով լեցուն է ու կը խօսի գրասէր ընթերցողի սրտին։
Հոս երկու եղբայրներն ալ իրենց ճակատագրին գերին դարձած են, որովհետեւ իրենց տարբեր կեանքերը, երկու անտարբեր երկինքներու տակ կ՛առաջնորդուին իրենց ճակատագրին թելադրանքներով։ Երկինքը սակայն անտարբեր կը հանդիսանայ անոնց ճակատագրին յառաջացուցած վերիվայրումներուն ու տառապանքներուն հանդէպ։ Գիրքը հնարամիտ ու անսպասելի վերջաւորութիւն ունի, երբ տասնեակ տարիներ ետք, Միքայէլը – քրոջը՝ Ռոզային հետ — Սիպերիոյ ցուրտ տափաստանները կ՛երթան, երբ կը տեղեկանան, թէ Ստալինի մահէն ետք իրենց միակ եղբայրը՝ Գաբրիէլը, ազատ արձակուած է։ Հոս ու հոն կը թափառին, կը փնտռեն ու կը փնտռեն եւ վերջաւորութեան…։
Բայց կ՛արժէ, որ գիրքը կարդաք։
Յունարէն թարգմանութիւնը յաջող ու դիւրասահ է։
Խորիմաստ ու յաջող գիրք մըն է Վազգէնին այս գործը։
Ապրի՛ս տղաս։