Յարգելի ծխականներ ու հաւատացեալներ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ:
Մօտաւորապէս 90 երկար տարիներ, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցին, «Զաւարեան» կեդրոնի կողքին դարձաւ շրջանի հայութեան փափախուն սիրտը, ինչպէս նաեւ հայապահպանման ու գոյատեւման ապահով խարիսխը։ «Ս. Յակոբ» եկեղեցին իր ծխականներուն ու ընդհանրապէս հայորդիներուն մատակարարեց հոգեւոր սնունդ ու ազգային ոգի։ Եւ սոյն նուիրական առաքելութիւնը տակաւին կը շարունակէ հաւատքի նոյն զօրութեամբ եւ համոզումով։
Ինչպէս մեր բոլորի բնակարանները, մեր եկեղեցին ալ որպէս հոգեւոր ու խորհրդաւոր բնակարան, ժամանակ առ ժամանակ կարիքն ունի նորոգութեան կամ շինութեան։ Մօտաւորապէս 20 տարիներ առաջ կատարուած նորոգչական աշխատանքը, ժամանակի ընթացքին բնականաբար սկսաւ խոնաւութեան եւ այլ վնասներու ենթարկուիլ։ Այսօր այդ վնասները հասած են մտահոգութեան աստիճանին եւ մեզ կը հարկադրեն նորոգչական աշխատանքի մը նախաձեռնութեան։
Յետ կարգ մը ընկերութիւններու մեր կատարած դիմումներուն եւ ապա քննարկման, նորոգութիւնը պիտի արժէ մօտ 14.000 եւրօ։ Նորոգութեան ժամանակ նախատեսելի է յաւելեալ նոր աշխատանքներ եւս։
Թաղային խորհուրդս ըստ կարգի, օրին սոյն ծրագիրը մանրամասն կերպով ներկայացուց Ազգային Վարչութեան եւ ստացաւ հաւանութիւնը։
Ուստի նկատի ունենալով «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդիս տնտեսական դժուարին կացութիւնը, ինչպէս նաեւ նորգչական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, որոշեցինք այս առթիւ մեր շրջանէն ներս կազմակերպել նորոգութեան համար յատուկ հանգանակութիւն մը։
Վստահ ենք, որ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ ծխականներն ու հաւատացեալները, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ու պատկանելիութեան խոր զգացումով, իրենց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը պիտի բերեն իրենց հոգեւոր բնակարանին նորոգութեան աշխատանքին։
Ձեր նուիրատուութիւնները փոխանցելու եւ կամ այլ մասնրամասնութեանց համար կրնաք զանգել հետեւեալ թիւերուն.- Գարլօ Գույումճեան 6944760655, Սերգօ Արապեան 6943487470, Մէրի Կորկոտեան 6980305950:
Թաղային Խորհուրդ