­Կի­րա­կի 18 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւանա­կո­չու­թեան տօնն էր։ Այլ խօս­քով, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­ներուն ուխ­տի պան­ծա­լի օրն էր, զոր ա­մէն տա­րի կը տօ­նա­կա­տա­րո­ւի յա­տուկ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Այդ առ­թիւ, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­բող­ջա­կան նո­րո­գութեան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­զիւ իր ա­ւար­տին հա­սած հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը ան­մի­ջա­պէս լծո­ւե­ցան տօ­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Ուր­բաթ, 16 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4։00­ին, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան օրհ­նեց տօ­նի մա­տա­ղի ա­ղը, որ­մէ ետք ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ սկսան պատրաս­տու­թեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին։
­Տօ­նի նա­խոր­դող շա­թաբ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Տիկ­նանց մար­մի­նը լծո­ւե­ցաւ տօ­նի ա­ւան­դա­կան նուի­րա­հա­ւա­քին։ ­Հարկ է գո­հու­նա­կու­թեամբ ու շնոր­հա­կալու­թեամբ յայտ­նել, թէ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան­նե­րը ի­րենց հա­ւատ­քին կառ­չած կա­տա­րե­ցին սրտա­բուխ ի­րենց նո­ւէր­նե­րը։ ­Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ ա­նոնք շատ քիչ ժա­մա­նակ ա­ռաջ, ի­րենց նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րած էին նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Կի­րա­կի, 18 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022­ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։15­ին, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւն ա­պա Ս. պա­տա­րագ։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին մա­տու­ցեց Ս. պա­տա­րա­գը, ո­րու քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, խմբա­վա­րութեամբ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի, իսկ եր­գե­հո­նի վրայ տիկ. ­Լիա­նա ­Սա­րեա­նի։ ­Խո­րա­նին վրայ սպա­սար­կե­ցին սար­կա­ւագ­ներ՝ պրնք. ­Կա­րա­պետ ­Քէօ­սէեան, ­Պետ­րոս ­Կա­րա­պե­տեան, ­Գար­լօ Աք­սա­րէ­լեան եւ դպիր­ներ՝ պրն. ­Գէորգ ­Պօ­ղոսեան, Ք­րիս­տա­փոր Ա­բի­կեան, ­Տիգ­րան ­Կա­րա­պե­տեան, ­Կա­րօ ­Գա­սար­ճեան եւ ­Կա­րէն Է­քի­զեան։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի յղած հրա­ւէր­նե­րուն, տօ­նին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազգ. կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­Վե­րապա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պետ պրն. Եոր­ղոս Իո­ւա­քիմի­տիս, ­Բի­րէա­յի փոխ քա­ղա­քա­պետ պրն. Ար­թօ ­Մար­գա­րեան, ե­րես­փո­խան պրն. ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­բու­լոս, նախ­կին ե­րես­փո­խան պրն. Իո­ւան­նիս Թ­րա­ղաքիս, Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գա­բար­ձու­թեան ու ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղային խորհր­դոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, կա­ռոյց­նե­րու ու միու­թիւն­նե­րու ներկա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։ ­Խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան սկաուտներ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան պատ­ւոյ շար­քը կազ­մա­կեր­պե­լու։ Իսկ ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­Գերպ. Տ. ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեան, տօ­նին առ­թիւ նա­խա­պէս փո­խան­ցեց իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։
­Քա­րո­զէն ա­ռաջ, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան ըն­թեր­ցեց օ­րո­ւան ա­ւե­տարա­նը։ Ա­պա պա­տա­րա­գիչ՝ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, իր քա­րո­զը սկսաւ Ք­րիս­տո­սի խօս­քով «Ես եմ բա­րի ու քաջ հո­վի­ւը եւ ես եմ դու­ռը» նշա­նա­բա­նով։
Ան բա­ցատ­րեց թէ, Ք­րիս­տոս ինք­զինք բա­րի ու քաջ հո­վի­ւի կը նմանց­նէ, ինչ­պէս նաեւ փա­րա­խի այն դրան, ուր­կէ ոչ­խար­նե­րը ա­պա­հով կը մտնեն ու կ’ել­լեն։ Իս­կա­կան ու անձ­նա­զոհ հո­վի­ւը աշ­խար­հի վրայ կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է։ Ան լա­ւա­պէս կը ճանչ­նայ իր ոչ­խար­նե­րուն։ ­Կա­պո­ւած կ’ըլ­լայ իր հօ­տին, ինչ­պէս նաեւ գի­շեր ու ցե­րեկ ար­թուն ու քաջ մնա­լով զա­նոնք կը պա­հէ գո­ղե­րէն կամ վտանգ­նե­րէն հե­ռու։ ­Հին կտա­կա­րա­նին մէջ թա­գա­ւոր­նե­րը շատ ան­գամ ներ­կա­յա­ցո­ւած են որ­պէս հո­վիւ­ներ։
Այս պատ­կե­րը մե­զի կը ներ­կա­յաց­նէ Աս­տո­ւած եւ ժո­ղո­վուրդ կա­պը կամ ե­կե­ղե­ցի եւ ժո­ղո­վուրդ կա­պը։ Ք­րիս­տոս նաեւ դուռն է ե­կե­ղեց­ւոյ։ Եւ այն որ կը մտնէ ան­կէ, հա­րա­զա­տօ­րէն կը մտնէ եւ ինք­զինք ա­պա­հով կ’զգայ։
Այ­սօր դար­ձեալ կը կա­տա­րենք ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նակո­չու­թեան տօ­նը։ Այս ե­կե­ղե­ցին շի­նե­ցին ­Գո­քի­նիոյ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ները քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի ըմբռ­նու­մով եւ մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով։ Ա­նոնք շի­նե­ցին, որ­պէս­զի ի­րենք ու ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ա­նոր դու­ռէն ներս մտնեն հարա­զա­տօ­րէն։ Այ­լա­պէս օ­տար դռներ պի­տի զառ­նեն։
­Հո­գե­ւոր հո­վի­ւին ու ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ջան­քե­րով Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեցին վեր­ջերս ամ­բող­ջո­վին նո­րո­գո­ւե­ցաւ ու ան­գամ մը եւս պայ­ծա­ռա­ցաւ։ ­Սոյն աշ­խա­տան­քի ի­րա­գործ­ման հա­մար, ա­նոնք կա­րի­քը ու­նե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թեան։ Եւ ա­հա, ե­կե­ղեց­ւոյ հօ­տը ան­մի­ջա­պէս հա­սաւ օգ­նու­թեան ու մեր բո­լո­րի հո­գի­նե­րը ու­րա­խա­ցան։ ­Հե­տե­ւա­բար ա­նոնք ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան գու­մա՞ր կորսն­ցու­ցին։ Իսկ ա­նոնք ո­րոնք չմաս­նակ­ցե­ցան գումա՞ր շա­հե­ցան։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, մաս­նակ­ցող­նե­րը ի­րենց հո­գի­նե­րը հարս­տացու­ցին եւ ու­րիշ­նե­րու ու­րա­խու­թեան ալ պատ­ճառ դար­ձան։
­Քա­րո­զի ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը շեշ­տեց, որ մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ո­րոնք կա­ռու­ցո­ւե­ցան մեր նախ­նիք­նե­րուն կող­մէ, ու­նին կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մեր հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին կեան­քէն ներս։ Դպ­րո­ցին, ա­կումբին եւ միու­թիւն­նե­րուն կող­քին, մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­պայքա­րի հիմ­նա­կան ու ա­պա­հով վայ­րե­րէն մին է։ ­Հե­տե­ւա­բար զո­հո­ղու­թեան ա­մէն գնով պէտք է բաց պա­հել ա­նոնց դռնե­րը։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւնն ու հո­գե­հանգիս­տը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­գո­ւե­ցան «­Կի­լի­կիա» ու «­Մեր հայ­րե­նիք» ո­գերգ­նե­րը, ա­պա Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը օրհ­նեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղովուր­դը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կէն ներս ըն­դու­նեց պաշ­տօնա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այդ առ­թիւ, ­Թա­ղա­յին խորհուրդն ու ­Տիկ­նանց մար­մի­նը պատ­րաս­տած էին յա­տուկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

ԹՂԹԱԿԻՑ