­Կի­րա­կի, 17 ­Դեկ­տեմ­բեր 2023-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղային խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով տօ­նա­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։
­Մեր մեծ ­Սուր­բին ա­նու­նով օ­ծո­ւած ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­նե­րուն հա­մար, հա­ւատ­քի եւ ուխ­տի վե­րա­նո­րոգ­ման օրն էր։ ­Միա­ժա­մա­նակ հպար­տան­քի ու պար­ծան­քի օր։
Ուր­բաթ, 15 ­Դեկ­տեմ­բեր 2023-ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 4-­ին, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան օրհ­նեց տօ­նի մա­տա­ղի ա­ղը։ Ա­պա ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ, լծուե­ցան մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին։
­Տօ­նի նա­խոր­դող շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Տիկ­նանց մար­մի­նը լծուե­ցաւ տօ­նի ա­ւան­դա­կան նո­ւի­րա­հա­ւա­քին։ ­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան­նե­րը, ի­րենց հաւատ­քին կառ­չած, կա­տա­րե­ցին սրտա­բուխ ի­րենց նո­ւէր­նե­րը։
­Կի­րա­կի, 17 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։15-­ին, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւն։ Իսկ ժա­մը 10։00-ին սկսաւ Ս. պա­տա­րա­գը։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չերեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին մա­տու­ցեց Ս. պա­տա­րա­գը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան քա­ռա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց մեր ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, խմբա­վա­րու­թեամբ՝ դպրա­պետ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի, իսկ եր­գե­հո­նի վրայ տիկ. ­Լիա­նա ­Սա­րեա­նի։ ­Խո­րա­նին վրայ սպա­սար­կե­ցին սար­կա­ւագ­ներ՝ պրնք. ­Կա­րա­պետ ­Քէօ­սէեան, ­Պետ­րոս ­Կա­րա­պե­տեան, ­Գէորգ Ա­լեք­սա­նեան եւ դպիր­ներ՝ պրնք. ­Գէորգ ­Պօ­ղո­սեան, ­Տիգ­րան ­Կա­րա­պե­տեան, ­Կա­րօ ­Գա­սարճեան եւ ­Կա­րէն Է­քի­զեան։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի յղած հրա­ւէր­նե­րուն, Ս. պա­տա­րա-գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ազգ. կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նապետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայնքա­պետ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ե­րես­փո­խան­ներ պրնք. Իոան­նիս Թ­րա­ղա­քիս եւ ­Տի­միթ­րիոս ­Մար­քո­բու­լոս, Ա­թէն­քի ե­կե­ղեց­ւոյ ­Հո­գա­բար­ձու­թեան ու ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, կա­ռոյց­նե­րու ու միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։ ­Խումբ մը ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան սկաուտ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան պատ­ւոյ շար­քը կազ­մա­կեր­պե­լու։ Իսկ ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քա­պետ ­Գերպ. Տ. ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեան, տօ­նին առ­թիւ նա­խա­պէս փո­խան­ցեց իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը։
­Քա­րո­զէն ա­ռաջ, Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան ըն­թեր­ցեց օ­րո­ւան ա­ւե­տարա­նը։ Ա­պա պա­տա­րա­գիչ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան, իր քա­րո­զը սկսաւ Ս. ­Յա­կո­բի նո­ւի­րուած շա­րա­կա­նի ա­ռա­ջին տու­նով։ «Աս­տո­ւա­ծա­յին զօ­րու­թեամբ կա­րող ե­ղար զար­մա­նա­լի հրաշք­ներ կա­տա­րե­լու եւ ­Պետ­րոս ա­ռա­քեա­լի նման Ք­րիս­տո­սի հօ­տին հո­վիւ դար­ձար»։
Ան ը­սաւ, թէ այս շա­րա­կա­նին մէջ Ս. ­Յա­կո­բը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս հրա­շա­գործ ­Սուրբ եւ իր ժա­մա­նա­կին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն մին։ ­Սուրբե­րու կեան­քը հա­ւատ­քի կեանք է։ Ա­նոնք սրբա­ցած են ի­րենց հա­ւատ­քով ու գոր­ծով։ Ք­րիս­տո­սի ա­շա­կերտ­ներն ան­գամ խնդրե­ցին Իր­մէ, որ­պէս­զի ա­նոնց հա­ւատ­քը զօ­րաց­նէ։ Եւ Ք­րիս­տոս ը­սաւ ա­նոնց. Ե­թէ մա­նա­նե­խի հա­տի­կի չափ հա­ւատք ու­նե­նաք, պի­տի կա­րե­նաք լեռն իսկ տե­ղէն շար­ժել։ ­Հա­ւատ­քը հրաշքներ կը գոր­ծէ։ ­Հա­ւա­տալ կը նշա­նա­կէ հա­մո­զո­ւած ու վստահ ըլ­լալ այն գա­ղափար­նե­րուն, ո­րոնք մեր կեան­քի մէկ մաս­նի­կը դար­ձու­ցած ենք։ Օ­րի­նակ ­Նո­յը, Ա­բրա­համ նա­հա­պե­տը, ­Թով­մաս ա­ռա­քեա­լը եւ ու­րիշ­ներ, ա­ռանց կաս­կա­ծե­լու այլ հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան Աս­տու­ծոյ կող­մէ։
­Մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­ւատ­քի ժո­ղո­վուրդ է։ ­Մեր հա­ւատ­քին մէջ մենք տե­սանք մեր գո­յու­թեան յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ ան­մա­հու­թիւ­նը։ Ս. ­Սա­հակ եւ Ս. ­Մես­րոպ, ի­րենց կար­գին մեր ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը հա­յա­ցու­ցին։ Ք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քով հա­յը սոր­վե­ցաւ զո­հո­ւիլ, նո­ւի­րո­ւիլ կամ ծա­ռա­յել յա­ւի­տե­նա­կան ար­ժէք­նե­րուն հա­մար։ Աս­տո­ւած եւ հայ­րե­նիք մեր հա­ւատ­քի հի­մե­րը դար­ձան եւ ա­նոր գո­յա­տեւ­ման հա­մար մենք պայ­քա­րե­ցանք։
Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին եւ իր ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը, ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նէն ներս յա­տուկ ար­ժէք ու ի­մաստ ու­նի։ Եւ այդ մէ­կը կու գայ շրջա­նի հա­յու­թեան հա­ւատ­քէն։ Ան­ցեա­լին ­Գո­քի­նիա հաս­տա­տո­ւած գաղ­թա­կան հա­յե­րը, մեծ զո­հողու­թիւն­նե­րով կա­ռու­ցե­ցին Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին եւ ա­պա «­Զա­ւա­րեան» վարժա­րա­նը։ Այս մէ­կը կա­տա­րե­ցին հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ։ Իսկ մենք այ­սօր, նոյն հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ պէտք է տէր կանգ­նինք մեր կա­ռոյց­նե­րուն եւ ա­պահո­վենք ա­նոնց յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը քա­ջա­լե­րեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն ի­րենց հա­ւատ­քի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի սպաս մեր հայ­րե­նիքին, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ մեր ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը եւ հո­գե­հանգիս­տը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­գո­ւե­ցան «­Կի­լի­կիա» ու «­Մեր հայ­րե­նիք» ո­գերգ­նե­րը, ա­պա Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը օրհ­նեց հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղովուր­դը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ե­կե­ղեց­ւոյ գրա­սե­նեա­կէն ներս ըն­դու­նեց պաշ­տօնա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թու­թիւննե­րը։ Այդ մի­ջո­ցին, ­Տիկ­նանց մար­մի­նը յա­տուկ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ պա­տո­ւեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր եւ հիւ­րե­րը։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­պա յա­տուկ զրոյց մը ու­նե­ցաւ դպիր­ներ՝ պրնք. ­Տիգրան ­Կա­րա­պե­տեա­նին, ­Կա­րօ ­Գա­սար­ճեա­նին եւ ­Կա­րէն Է­քի­զեա­նին հետ։ Ան նախ գնա­հա­տեց ա­նոնց ծա­ռա­յու­թիւ­նը Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ետ­քը անդ­րադար­ձաւ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին։ Ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը քա­ջա­լե­րեց դպիր­նե­րուն, որ­պէս­զի հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կեն ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
­Խան­դա­վառ ու ո­գե­ւո­րիչ տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը գնա­հա­տեց Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րու ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր աշ­խա­տան­քը, մաղ­թե­լով ա­նոնց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Թղ­թա­կից

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՆշմար (4)
Յաջորդ յօդուածըՆշմար (5)