Դատապարտելով թուրքազերիական յարձակումները Արցախի ճակատին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը յղացումը ունեցաւ յատուկ մեծադիր պաստառներ բարձրացնելու մասնաճիւղի մարզական խումբերու պաշտօնական մրցումներուն ընթացքին, տեղեակ պահելու համար յոյն հասարակութիւնը Արցախի ժողովուրդին վրայ կատարուած ոտնձգութիւններուն համար։
Անցնող շաբաթավերջին, մասնաճիւղի բոլոր մարզերու եւ տարբեր տարիքներու խումբերը, մրցումներէն առաջ ցոյց տուին պաստառները եւ իրենց զօրակցութեան ուղերձը յղեցին Արցախի մարտնչող հայութեան։ Նշենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նախաձեռնութիւնը լայն արձագանգ գտաւ յունական մարզասէր շրջանակներուն եւ մամուլին մէջ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ
Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ
Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախի վրայ