­Տա­րի­նե­րու սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, այս տա­րի եւս, ­Շա­բաթ՝ 8 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց տօ­նա­կան պա­զար՝ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րուն մէջ։ Ա­միս­ներ ա­ռաջ սկսած աշ­խա­տան­քով, ա­մէ­նօ­րեայ հեր­թա­կա­նու­թեամբ խա­չու­հի ըն­կե­րու­հի­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին հայ­կա­կան հա­մեղ ճա­շեր եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ, ո­րոնք տրա­մադ­րո­ւե­ցան ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղող հայ­րե­նա­կից­նե­րուն։ ­Պա­զա­րին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ շրջա­նի Հ.Յ.Դ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան խում­բե­րը եւ տրա­մադ­րե­ցին յու­շա­նո­ւէր­ներ եւ գիր­քեր, իսկ ա­նոնց կող­քին յա­տուկ սե­ղան ու­նե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը հայ­կա­կան գիր­քե­րով։
­Ներ­կայ ե­ղան Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թեան եւ քոյր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չա­կան­ներ եւ շատ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ, որ գնա­հա­տեց կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը ու այս­պէս՝ տրա­մադ­րո­ւած ապ­րանք­նե­րը շու­տով սպա­ռե­ցան։ ­Ներ­կա­նե­րը հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան հա­մեղ ճա­շե­րով եւ քաղց­րա­ւե­նի­նե­րով, բո­լորն ալ պատ­րաս­տո­ւած ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ։
­Պա­զար­նե­րէն գո­յա­ցած հա­սոյ­թը իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նի ­Կա­պոյտ ­Խա­չի գոր­ծու­նէու­թեան վրայ, ո­րով­հե­տեւ այս մի­ջո­ցով միու­թիւ­նը կը սա­տա­րէ խնա­մա­տա­րա­կան, կրթա­կան եւ ակմ­բա­յին կա­րիք­նե­րուն, ցոյց տա­լով իր վսեմ ա­ռա­քե­լու­թեան բարձր չա­փա­նիշ­նե­րը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն ու գա­ղու­թի բար­գա­ւաճ­ման սա­տա­րե­լու խոր գի­տակ­ցու­թիւ­նը։