­Գո­քի­նիոյ հա­յու­թեան ուխ­տի օ­րը ան­գամ մը եւս հա­սաւ։ Ս. ­Յա­կո­բի հա­ւա­տա­րիմ հե­տե­ւորդ­նե­րը, ան­գամ մը եւս եր­կիւ­ղիւ եւ հա­ւա­տով՝ պատ­րաս­տո­ւե­ցան վե­րա­նո­րո­գե­լու քրիս­տո­նէա­կան ի­րենց ուխ­տը։ ­Մե­ծին ու փոք­րին տօնն է ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թիւ­նը։
­Տօ­նի նա­խօ­րեա­կին, հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդն ու ­Տիկ­նանց ­Մար­մի­նը յա­տուկ ժո­ղով­նե­րով կա­տա­րե­ցին տօ­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ ­Նո­ւի­րեալ տի­կին­նե­րը նախ լծո­ւե­ցան տօ­նի նո­ւի­րա­հա­ւա­քի աշ­խա­տան­քին։ Ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին մեր ծխա­կան­նե­րուն բնա­կա­րան­ներն ու գոր­ծա­տուն­նե­րը եւ ստա­ցան ա­նոնց սրտա­բուխ նո­ւէր­նե­րը։
Ուր­բաթ՝ 7 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 4ին, ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նան օրհ­նեց մա­տա­ղի ա­ղը, որ­մէ ետք ­Տիկ­նանց ­Մար­մի­նը սկսաւ պատ­րաս­տու­թեան աշ­խա­տան­քին, որ կը տե­ւէ եր­կու օ­րեր։ ­Սոյն աշ­խա­տան­քին ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց ­Մար­մի­նը եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ։
­Կի­րա­կի՝ 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ի ա­ռա­ւօտ ժա­մը 9։30ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թիւն։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին՝ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ քա­ռա­ձայն՝ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սին կող­մէ, խմբա­վա­րու­թեամբ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նի, իսկ եր­գե­հո­նի վրայ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ տիկ. ­Լիա­նա ­Սա­րեան։ Դպ­րա­պե­տը, սար­կա­ւագ­ներն ու դպիր­նե­րը զգես­տա­ւո­րո­ւե­ցան նոր շա­պիկ­նե­րով, ո­րոնք յատ­կա­պէս ապսպ­րո­ւած էին ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի մէջ գտնո­ւող ըն­կե­րու­թե­նէ մը։ Ա­նոնց ծախ­սը յանձն ա­ռած էին խումբ մը ազ­գա­յին­ներ։ ­Նոր շա­պիկ­նե­րու եւ ու­րար­նե­րու օրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ուր­բաթ ե­րե­կոյ, ա­ղի օրհ­նու­թե­նէն ետք։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէր­նե­րուն՝ ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պա­զու­զեան, ե­րես­փո­խան պրն. Իո­ւան­նիս Թ­րա­ղա­քիս, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ու ան­դամ­ներ, Ա­թէն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ, ինչ­պէս նաեւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեան, ­Թե­մա­կան ­Ժո­ղո­վի շրջա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու ու միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով ուխ­տա­ւոր ժո­ղո­վուրդ։ ­Հարկ է նշել, թէ եր­կար տա­րի­նե­րու գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան խումբ մը սկաուտ­ներ ե­կե­ղե­ցի ե­կած էին պա­տո­ւոյ շար­քը պա­հե­լու հա­մար։
­Պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­րո­զի նշա­նա­բա­նը ը­րաւ՝ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ կեան­քի լայն ու նեղ ճա­նա­պար­հը։ Ան բա­ցատ­րեց, թէ մարդ իր կեան­քի սկիզ­բին եր­կու ճա­նա­պարհ­նե­րու առ­ջեւ կը գտնո­ւի. մին՝ լայն, իսկ միւ­սը՝ նեղ։ Ընտ­րու­թիւ­նը մար­դուն կը մնայ։ Աշ­խար­հի Ա­րա­րի­չը՝ ­Տէրն Աս­տո­ւած, մար­դուն օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար, սկիզ­բէն յայտ­նեց, թէ լայն ճա­նա­պար­հին վեր­ջը վնա­սա­կար է ու կո­րուստ։ ­Մինչ նե­ղի­նը՝ փրկու­թիւն ու եր­ջան­կու­թիւն։ Եւ հա­կա­ռակ այդ ցուց­մուն­քին, բազ­մա­թիւ մար­դիկ կ’ընտ­րեն լայն ճա­նա­պար­հը, դիւ­րի­նը եւ հան­գիս­տը։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ազ­գա­յին ու ե­կե­ղե­ցա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։ Ան շեշ­տեց, որ ե­կե­ղե­ցին իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սե­փա­կա­նու­թիւնն է եւ ան պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի տէր կանգ­նե­լու դա­րա­ւոր իր պա­պե­նա­կան հարս­տու­թեան։ Ե­կե­ղե­ցին իւ­րա­քան­չիւր գի­տա­կից հա­յու հո­գե­ւոր ու սննդա­րար տունն է։ ­Բաւ է այ­ցե­լել ու հա­ղոր­դո­ւիլ ա­նոր խոր­հուր­դին։
Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւնն ու հո­գե­հան­գիս­տը։ Ազգ. Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի տնօ­րին­ման հա­մա­ձայն, նոյն օ­րը թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս հո­գե­հան­գիս­տի յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն կա­տա­րո­ւե­ցաւ, ե­րե­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­հա­ւոր երկ­րա­շար­ժի զո­հե­րուն հո­գի­նե­րուն հա­մար։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին եր­գո­ւե­ցան «­Կի­լի­կիա» ու «­Մեր հայ­րե­նիք» ո­գերգ­նե­րը, որ­մէ ետք դպրաց դասն ու ժո­ղո­վուր­դը թա­փօ­րով ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կը, ուր ստա­ցան պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան ­Հօր օրհ­նու­թիւ­նը։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, Ս. ­Յա­կո­բի տօ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ։ ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը կազ­մա­կեր­պեց նաեւ տօ­նի պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը։ Յ­ղո­ւած հրա­ւէր­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ դպրա­պե­տը, սար­կա­ւագ­ներն ու դպիր-դպրու­հի­նե­րը։ Ա­ռա­ւել եւս տիկ. ­Ժան­նա ­Գէոր­գեան, որ սի­րա­հօ­ժար կը կա­տա­րէ ե­կե­ղեց­ւոյ հետ կա­պո­ւած կա­րի բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր սե­ղա­նի օրհ­նու­թե­նէն ետք ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան, խօսք առ­նե­լով՝ յա­նուն ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին ու ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ, իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր տօ­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեան հա­մար։ Ան Սր­բա­զան ­Հօր ներ­կա­յու­թիւ­նը նման­ցուց ըն­տա­նի­քի մը մէջ հօր ներ­կա­յու­թեան պատ­կե­րին։ Ըն­տա­նիք մը ա­պա­հով, ինք­նավս­տահ եւ ու­րախ կը զգայ, երբ տան սիւ­նը՝ հայ­րը ներ­կայ կը գտնո­ւի իր գլխուն վե­րեւ։ Այդ­պէս ալ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ հայ­րա­կան գուր­գու­րան­քը ա­պա­հո­վու­թիւն ու վստա­հու­թիւն կը ներշն­չեն բո­լո­րին։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւս, որ մնա­յուն ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լեր կը հան­դի­սա­նայ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Քա­հա­նայ ­Հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրա­պե­տը, սար­կա­ւագ­ներն ու դպիր­նե­րը։ Ան յա­տուկ կեր­պով ար­ժե­ւո­րեց ա­նոնց նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ մաղ­թե­լով ա­նոնց ա­ռող­ջու­թիւն եւ եր­կար տա­րի­նե­րու Աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ ծա­ռա­յու­թիւն։ Ա­ւար­տին, ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ յատ­կա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին ­Խորհր­դոյ ու ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը, զա­նոնք կո­չե­լով «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ «պա­հա­պան հրեշ­տակ­ներ»։ Ա­պա՝ ող­ջոյ­նի ու շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ ա­տե­նա­պետ պրն. ­Սեր­գօ Ա­րա­պեան եւ դպրա­պետ պրն. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան։ Ետ­քը հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ իր խօս­քը ուղ­ղե­լու։ Ան ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րեց «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քը եւ գնա­հա­տեց տօ­նի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տան­քը։ Ան վստա­հե­ցուց բո­լո­րին, թէ իր նե­կա­յու­թիւ­նը ­Գո­քի­նիոյ մէջ պի­տի ըլ­լայ յա­ճա­խա­կի, որ­պէս­զի միաս­նա­կան ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով յա­ռաջ տա­րո­ւի ազ­գա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, ճաշ­կե­րոյ­թը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ տօ­նա­կան ու­րախ ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

­Թղ­թա­կից