
Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի
աւարտականներու վկայականներու բաշխման երեկոյին,
տնօրէնուհի Հայկանուշ Մինասեանի արտասանած խօսքը
Շատ սիրելի աշակերտներ, ծնողներ, հիւրեր, հանդիսականներ, գործակիցներ,
Արդիւնաշատ եւ պտղաբեր տարեշրջան մը եղաւ 2022-2023-ը։ Տարեշրջան մը, որուն ընթացքին մեր դպրոցին մէջ խանդավառութեամբ ընդունեցինք Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.վեհափառը։ Մանկապարտէզին եւ նախակրթարանին դասարաններուն աշակերները հանդէս եկան երգերով, պարերով եւ հայկական կենցաղի պատկերացունմերով։ Ինչպէս նաեւ՝ ոգեկոչեցինք բացառիկ ելոյթով մը մեզմէ անակնկալօրէն բաժնուած ուսուցիչ Խաչիկ Ապարեանի յիշատակը։ Ելոյթին վերջաւորութեան բացումը ըրինք դպրոցին վերանորոգուած «Խաչիկ Ապարեան» գրադարանին, որուն ծախսերը հոգացին հանգուցեալ ուսուցիչին ընկերները։
Թագավարակի համաճարակէն ետք, վերադարձանք դպրոցական տարեշրջանի մը բնականոն ընթացքին։ Առաւել, բոլոր դասարանները իրենց առօրեան ճոխացուցին եռալեզու, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան դասապահերուն հետաքրքրական նորարար աշխատանոցներով։ Նաեւ Գ. եւ Դ. դասարաններուն աշակերտները երեք ամսուան համար, շաբաթական հերթականութեամբ, երկուական դասապահով, մարզանքի դասին ծիրէն ներս մասնակցեցան լողի դասերուն Նիքէայի «Փլաթոն» լողաւազանին մէջ։
Խորապէս մտահոգուած, սակայն միաժամանակ հետաքրքրուած Արցախի մէջ բռնօրէն շրջափակուած մեր ժողովուրդին վիճակով, մանաւանդ մատղաշ սերունդով, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կը պահպանեն մեր պապենական հողերը, համախորհուրդ Սփիւռքի կարգ մը դպրոցներու հետ, գործակցեցանք եւ աշակերտները Դեկտեմբերին «L.F» ոչ կառավարական կազմակերպութեան միջոցով յոյսի, հաւատքի եւ պայքարի գիրեր-գծագրութիւններ ու շարադրութիւններ ղրկեցին Արցախի տարբեր դպրոցներու։ Մեր աշակերտներուն գործերը ղրկուեցան Ստեփանակերտի Այգեստան դպրոցի իրենց տարեկից դասընկերներուն, փոխանցելով անոնց պատգամ՝ թէ մինակ չեն։ Անոնց պատասխանը իրապէս յուզեց բոլորիս։
Այս տարի ալ, ինչպէս վերջին տարիներուն, գործակցեցանք Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Արեւմտահայերէնի զարգացման բաժանմունքին հետ։ Այսպէս՝
Ուսուցիչներու աշխատանոցներ
Մանկապարտէզին ու նախակրթարանին վարժարանիս հայ ուսուցիչներս մասնակցեցանք երկու ծրագիր-աշխատանոցներու՝ Լիոն եւ Փարիզ, ու զանոնք իրականացուցինք շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկին բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեան։
Լիոնի աշխատանոց
Անուշ Ֆենդեան եւ Հայկանուշ Մինասեան մասնակցեցանք Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած աշխատանոցին, որուն ընթացքին մասնակցողներս մշակեցինք այս եւ յաջորդող տարեշրջաններուն համար նորարար եւ գործնական ծրագիրներ։
Փարիզի աշխատանոց
Վարժարանիս ամբողջ հայ ուսուցչական կազմով՝ Անի Աբիկեան եւ Թամար Պետոյեան (Մանկապարտէզ), Հայկանուշ Մինասեան, Անուշ Ֆենդեան եւ Արաքսի Միքայէլեան (նախակրթարան) մասնակցեցանք Փարիզի «Մեսրոպեան Արապեան» դպրոցին մէջ 1 շաբթուան տեւողութեամբ՝ 10-15 Փետրուար, Եւրոպայի հայ ուսուցիչներու հաւաք-աշխատանոցին, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպուած «Մեսրոպեան-Արապեան» դպրոցին տնօրէնութեան կողմէ. նշենք թէ սոյն աշխատանոցը շարունակութիւնն էր նախորդ տարեշրջանին Մայիս 22-29 մեր դպրոցին մէջ կայացած առաջին հաւաք-աշխատանոցին։
Աշակերտներու աշխատանոց
2 — 7 Ապրիլ, մէկ շաբաթ տեւողութեամբ 6-րդ դասարանին աշակերտները, մասնագէտի մը ուղեկցութեամբ, ի սպաս բերին «Ֆիլմի եւ թատրոնի ծրագիր աշակերտներուն հետ» ծրագիրը՝ որ կարճ անուանեցինք stop-motion։ Սոյն ծրագրին արդիւնքները վայելեցինք շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխման երեկոյին ընթացքին։
Գործակցութիւններ, այցելութիւններ
Սերտ գործակցութիւն ունեցանք Պոլսոյ «Պեզճեան մայր վարժարան»ին հետ։ Մեր դպրոցին եւ «Պեզճեան մայր վարժարան»ի 6-րդ դասարաններուն աշակերտները նամակագրութեամբ, ինչպէս նաեւ zoom-ի օգնութեամբ հեռավար իրարու ծանօթացան եւ վերջապէս փոխանակեցին իւրաքանչիւրը իր դպրոցին եւ անոր թաղին մասին տեսերիզ մը։ Մեր աւարտականներուն պատրաստած տեսերիզը բոլորս վայելեցինք շրջանաւարտներուն վկայականներու բաշխման երեկոյին ընթացքին։
Շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Պարետ քհնյ. Խաչերեան Ս.Ծնունդի եւ Սուրբ Զատկուան տօներուն նախօրեակին այցելեց մեր դպրոցը եւ զրուցեց 5-րդ ու 6-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ։
Դպրոցական ելոյթներ, տօներ,
դաստիարակչական այցելութիւններ
Վերադարձանք նախկան թագավարակի իրավիճակին եւ ամսական հերթականութեամբ իւրաքանչիւր դասարան ունեցաւ իր դաստիարակչական այցելութիւնները եւ հետեւեցաւ թատերական ներկայացումներու։
Անշուշտ թէ այս բոլորին զուգահեռ, զանազան առիթներով շարունակեցինք կազմակերպել եւ կամ նշել շարք մը ներ-դպրոցական ելոյթներ։
Նաեւ, յունական եւ հայկական ազգային եւ հոգեւոր տօներուն առթիւ, բոլոր դասարաններուն աշակերտները հանդէս եկան իրենց նախաձեռնած աշխատանքներով եւ ներկայացումներով։
Այցելութիւններ
Դեկտեմբերին, ուրախութեամբ մեր դպրոցը ընդունեցինք Հ.Հ.Երեւանի «Շիրակացու» դպրոցին տնօրէնութեան մաս կազմող տիկին Աննա Սարգսեանը։ Երկու դպրոցներու աշակերտները փոխանակեցին ձեռային աշխատանքներ՝ էջադիրներ, բացիկներ։
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ, Ծնողական միութեան անդամուհիները կարկանդակով եւ նուէրներով այցելեցին մեր դպրոցը, ու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն փոխանցեցին իրենց բարեմաղթանքերը։
ֆրանսերէնի դասապահերուն ընթացքին, 6-րդ դասարանը ընդունեց մէկ ամսուան համար (շաբաթական երկու պահով) եւ գործակցեցաւ ERASMUS ծրագրէն ներս մեր դպրոցը եկած երկու ֆրանսացի ուսուցչուհիներու հետ։
Մարմնակրթութեան պահերէն ներս, 6-րդ դասարանը 3-րդ եռամսեայի ընթացքին մասնակցեցաւ «e-twinning»ի յատուկ ծրագիրին։
Հաւատարիմ նպատակին՝ մօտիկ բերել եւ ծանօթացնել իրարու Հ.Կ.Խ.-ի երկու նախակրթարաններուն եւ միջնակարգին աշակերտները, աւարտական դասարանը այցելեց Լ. եւ Ս. Յակոբեան նախակրթարանը, ուր մօտէն ծանօթացաւ այդ դրպոցին իր դասընկերներուն հետ, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ «Ճէնազեան» միջնակարգին միջավայրին, դասարաններուն եւ աշակերտներուն։
6-րդի աշակերտները այցելեցին «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրատունը։ Անոնք մօտէն ծանօթացան թերթի մը տպագրումին եւ հրատարակման փուլերուն։ Ուշադրութեամբ լսեցին ու լուսաբանական հարցումներ ուղեցին խմբագրական կազմին՝ Ք. Էքիզեան, Մ.Չիլինկիրեան ու տիկին Ալիս Յարութիւնեանին։
Ընդառաջեցինք ԻՆԱԼՔՕ-ի հայագիտական-մանկավարժական բաժնին ուսանողուհիի մը դիմումին եւ ան իր եռամսեայ փորձաշրջանը կատարեց մեր դպրոցին մէջ։
Շնորհակալութիւն
Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին, վարժարանիս հանդէպ տածած գուրգուրանքին համար։
Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն՝ դպրոցին զանազան կարիքներու մատակարարման-հոգատարութեան համար։
Սուրբ Յակոբ եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւին, թաղային եւ տիկնաց մարմիններուն, որոնք միշտ դպրոցի կողքին են։
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան։
Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան։
Ամերիկայի Յունահայերու միութեան անդամներուն եւ յատկապէս ատենապետուհի տիկին Հռիփսիմէ Յակոբեանին։ Յունահայերու միութիւնը տարիներ շարունակ նեցուկ կը կանգնի մեր վարժարանին եւ կը հոգայ բազմազան կարիքներուն։
Ազատ Օրի խմբագրական կազմին։
Արմենիքա պարբերաթերթի խմբագրութեան։
Սան պահող ազնուափայլ բարերարուհի տիկին Պերճուհի Ունճեանին։
Զաւարեան կեդրոնի խորհուրդին։
Բոլոր սիրելի նուիրատուներուն՝ Իոաննա եւ Արամ Գասարճեաններուն, Արսէն եւ Լուսինէ Գափլանեաններուն («Թօ Մակալի խորովառան»), Հայկ Աճէմեանին եւ Ռաֆայէլ Չալեանին։
Ու մեր բոլոր բարեկամներուն՝ որոնք թիկունք կանգնեցան մեր վարժարանին ու հոգացին բազմատեսակ կարիքներուն։
Դպրոցի մատակարար, տիկին Կարինէ Խաչատրեանին ինքնաշարժներու վարորդներուն՝ նիքօ Ծավարասին եւ Նորա Յակոբեան-Սավուլեանին, ուղեկցող տիկիններուն՝ Լուիզա Աւագեանին եւ Սուզաննա Պօղոսեանին։
Մեր շատ սիրելի Ծնողական միութեան վարչութեան անդամուհիներուն, տիկիններ՝ Սօսի ՝Գարապաճաքեան, Ալիս Տէր Արթինեան, Մարի Աճէմեան, Մաթուլա Լաթուրի-Ամիրալեան, Թանիկ Քէօսէյեան, Կարինէ Մնացականեան, Հռիփսիմէ Կարապետեան։ Սերտօրէն գործակցեցանք եւ շնորհիւ անոնց անխոնջ աշխատանքին ի սպաս բերուեցան հետեւեալ գործունէութիւնները-
ապահովագրեցին մեր աշակերտները,
շարունակեցին ու զարգացուցին զանազան նորարարութիւններով գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառումը եւ միշտ համոզուած հայ գիրքին կարեւորութեան համար, ճոխացուցին հայալեզու մանկապատանեկան եւ չափահասներու նոր հրատարակութիւններով,
շարունակեցին այդքան կարեւոր երեխայի մը մտային զարգացման համար ճատրակի դասերը շաբաթական հերթականութեամբ, եւ այս բեմէն հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ մեր դպրոցին 15 հոգիէ բաղկացած ճատրակի խումբը կազմող մեր աշակերտները՝ Ուրբաթ 9 Յունիսին մասնակցեցան Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին կողմէն կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքին եւ իրենց արդիւնքներով գրաւեցին առաջնահերթ դիրքեր։
Նոր Տարուան առթիւ հանդէս եկան կարկանդակներով եւ կաղանդ պապուկին ձեռամբ բաժնեցին նուէրներ։
Տարեփակին օրը բոլոր աշակերտներուն պաղպաղակ մեծարեցին
Եւ վերջապէս Ծաղիկ եւ նախակրթարանի իւրաքանչիւր շրջանաւարտին յանձնեցին անհատական գիրքեր եւ նուէրներ։
Մրցանակներ — կրթաթոշակ
Ամէն տարի, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը աւարտական դասարանէն տարեշրջանին ընթացքին, հայերէն լեզուի մէջ գերազանց արդիւնք բերող աշակերտին կը պարգեւատրէ Պատանեկան Միութեան ամառուան բանակումի մասնակցութեան մրցանակով։ Այս տարի մրցանակին արժանացաւ Մանվէլ Եսայեան։
Տիկին Պերճուհի Ունճեան, իր ամուսնոյն Բիւզանդ Ունճեանի յիշատակին, տարեկան 500 եւրոյի կրթաթօշակով կը պարգեւատրէ հայկական դասանիւթերուն մէջ բացառիկ ճիգ թափող եւ գերազանց արդիւնքներ ձեռքբերող աշակերտ մը։ 2023-24 տարեշրջանին համար, կրթաթօշակին կ՛արժանանայ Մարիամ Մովսիսեան։
Պարոն Հայկ Աճէմեան, 150 եւրոյի մրցանակով կը պարգեւատրէ մեր վարժարանի աւարտական դասարանէն Հայոց Պատմութեան գերազանց աշակերտը։ Մրցանակին արժանացաւ Ալեքս Էկեան։
Վարձքը կատար՝
Աւարտական դասարանին աշակերտ Կարէն Էքիզեանին։ Ան դասարանին դէպի Էղինա կղզին միօրեայ պտոյտին նկարները համադրեց եւ գեղեցիկ տեսերիզի վերածեց, որ բոլորս վայելեցինք։
Մանկապարտէզի ու Նախակրթարանի բոլոր ուսուցիչներուն՝ Մաքետոնոփուլու Տեսփինա, Նաթալիա Աֆթենտոփուլու, Տիմիթրա Ուկրինի, Խրիսա Փարեանու, Թէոտորա Մացակուրա, Մարինա Փարասքեւա, Էֆի Քիրիաքիտու, Էլսա Փեսեքցիտու, Ֆուլի Քալոքսիտու, Վասիլիս Լօիս եւ Լուիզա Միխալաքոփուլու։ Եւ մասնաւորաբար, կորովի հայ ուսուցչական կազմին՝ Անի Աբիկեան, Թամար Պետոյեան, Արաքսի Միքայէլեան եւ Անուշ Ֆենդեան, որ ամէն ջանք կը թափէ, որպէսզի մեր աշակերտները ապրումով ճանչնան մեր հեքեաթները, աւանդութիւնները, Հայոց Պատմութիւնը, մեր հարուստ մշակոյթն ու գրականութիւնը։ Մեր աշակերտներն են որ կը տողանցեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական դրօշին տակ, կը խանդավառեն մեզ իրենց աշխուժ թէ՛ նազ պարերով Համազգայինի պարախումբերու ելոյթներուն, շաբաթական ներկայութիւն են Պատանեկան Միութեան շարքերէն ներս, Զաւարեան կեդրոնին մէջ։
Յատուկ շնորհակալական խօսք Գալուստ Կիւպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնին կրթական, բարոյական աջակցութեան եւ նաեւ ցուցաբերած վստահութեան համար։
Շնորհակալութիւն՝
Մեր սիրելի աշակերնտերուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին բացի իրենց ամենօրեայ պարտականութիւններէն, գուրգուրացին իրենց վարժարանին վրայ: Մասնաւորաբար մեր աւարտական դասարանի աշակերտներուն։ Աշխուժ դասարան եղաք ու ձեր իւրայատուկ ձեւով պատրաստակամ որեւէ մարտահրաւէրի։ Յանձն առիք եւ բծախնդրօրէն կատարեցիք զբօսանքներուն ընթացքին ձեզի վստահուած աստիճաններուն հսկողութիւնն ու վերանորոգուած գրադարանին պատասխանատուութիւնը։ Պատահական չէր ամէնօրեայ եռուզեռը, ուր որոշուած օրերու զբօսանքներուն ընթացքին աշակերտներուն համբերատար ու կարգապահ երկար շարքը կը սպասէր, որպէսզի անոնք գիրք վերադարձնեն ու նոր գիրք մը փոխ առնեն։ Ամրան առաջին շաբթուան ընթացքին, ուշադրութեամբ եւ սիրով խնամեցիք Զաւարեան կեդրոնին Դալար տանիքին բոյսերը։ Մէկ խօսքով, գուրգուրացիք բոլորէս սիրուած մեր «Զաւարեան» դպրոցին վրայ։ Հայերէնի եւ Հայոց Պատմութեան պահերը չսահմանափակուեցան պարզ դասապահեր ըլլալու ծիրին մէջ. Եղան մշակումի, յօրինումի, հիւմորի, ստեղծագործութեան, հարցականներ տալու արդիւնաւէտ պահեր, որոնցմէ նմուշ մը այսօր մեզ մեծարեցիք։
Առաւել խորապէս զգացուած Արցախի մեր հայրենակիցներուն տառապանքէն, անոր հանդէպ հանրութեան ցուցաբերած անտարբերութենէն եւ ձեր տարեկիցներուն անցուցած դժուար պահերէն, սակայն հիացած Արցախի հայութեան կամքէն՝ կառչած մնալ հայրենի հողին վրայ, գրաւոր արտայայտեցիք ձեր միտքերը ու քանի մը անոնցմէ ուզեցիք բաժնեկցիլ ձեր հարցականները եւ կամ զգացումները այսօր։ «Ֆիլմի եւ թատրոնի ծրագիր աշակերտներուն հետ» ծրագիրին ընթացքին, ձեր խանդավառութենէն ամբողջ դպրոցը վարակուեցաւ։ Հինգ օրուան մէջ յաջողեցաք ի սպաս բերել stop-motion` «Բարի եկաք մեր դպրոցը» ծրագիրը։
Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի ծնողներուն, որ մեզի կը վստահին իրենց զաւակները։ Շնորհիւ ձեզի՝ սիրելիներ, հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ Սփիւռքի տարածքին։ Անկեղծ ու գիտակից հայկական դպրոցին առաքելութեան հանդէպ, համեստօրէն կը շարունակէք անոր նեցուկ կանգնիլ։