Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969)

Գուրգէն Մահարի (Աճէմեան, 1903-1969). Կրկ­նա­կի աք­սո­րեալ ­Հա­յուն տա­ղան­դա­ւոր բան­բե­րը Ն.

0
5487

Օ­գոս­տոս 1ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան 115րդ ­տա­րե­դար­ձը իր մե­ծա­տա­ղանդ զա­ւակ­նե­րէն ­Գուր­գէն ­Մա­հա­րիի, որ 66 տա­րո­ւան իր կեան­քի ըն­թաց­քին եր­կու ան­գամ ար­մա­տախ­լու­մի դառն բախ­տին են­թար­կո­ւե­ցաւ՝ տե­ղա­հա­նու­թիւն եւ աք­սոր ճա­շա­կե­լով…
­Մա­հա­րի անլ­ռե­լի վկա­նե­րէն է ­Հա­յու­թեան վի­ճա­կո­ւած կրկնա­կի հայ­րե­նա­հան­ման ու տա­րագ­րու­թեան. նախ՝ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի հա­յա­թափ­ման ո­ճի­րին, ա­պա՝ խորհր­դա­յին ­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան ձե­ռամբ 1930ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն գոր­ծադ­րո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ան­ճիտ­ման հե­տե­ւան­քով։
Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ քսա­նե­րորդ դա­րու հայ գրա­կա­նու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր դէմ­քե­րու փա­ղան­գին մէջ իր ամ­րա­կուռ պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած գրողն է ­Մա­հա­րի։
­Տա­ղան­դա­ւոր ձայնն է խորհր­դա­հայ գրա­կա­նու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին, որ դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ «կար­միր ա­րեւ»ին՝ «­Մուրճ ու ­Ման­գաղ»ին ներ­բո­ղան­քին, բայց որ դառ­նու­թեամբ ցմրուր ճա­շա­կեց ա­հա­ւոր բա­ժա­կը նոյ­նինքն խորհր­դա­յին «­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան» եւ այս­պէս կո­չո­ւած «ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ուն…
­Մա­հա­րի կրտսեր գոր­ծա­կիցն ու գա­ղա­փա­րա­կի­ցը ե­ղաւ ­Չա­րեն­ցի եւ ­Բա­կուն­ցի, ո­րոնք ի­րենց ա­րեամբ վճա­րե­ցին ծան­րա­գոյն գի­նը խորհր­դա­յին «այ­գա­բաց»ին հա­ւա­տա­լու եւ զայն գո­վեր­գե­լու գա­ղա­փա­րա­կան ման­կամ­տո­ւթեան…։
­Մա­հա­րի իր կար­գին հա­լա­ծո­ւե­ցաւ ու բռնա­դա­տո­ւե­ցաւ, բայց ­Չե­կա­յի բան­տե­րուն մէջ ֆի­զի­քա­պէս չսպան­նո­ւե­ցաւ, այլ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ ցմահ աք­սո­րի…
Այ­դու­հան­դերձ՝ իր ապ­րած դառ­նա­գոյն աք­սո­րի խոր ցա­ւը սրտին, ­Գուր­գէն ­Մա­հա­րի իր մա­հո­ւան սնա­րին մէջ իսկ գա­ղա­փա­րա­կան իր լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը բնաւ չկրոսն­ցուց եւ մար­գա­րէա­կան շուն­չով պատ­գա­մեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն.
— «Այս բռնու­թիւ­նը եր­կար չի տե­ւի, Խ.Ս.Հ.Մ.ը լի է բան­տե­րով եւ ճամ­բար­նե­րով, այն դա­տա­պար­տուած է կոր­ծան­ման: ­Չա­րու­թեան կայս­րու­թիւ­նը վեր­ջա­պէս կը քան­դո­ւի: Իշ­խա­նու­թիւ­նը, ո­րը պահ­ւում է դա­ւա­ճան­նե­րի մի­ջո­ցով, գո­յու­թեան ի­րա­ւունք չու­նի: ­Կը գայ նոր դա­րաշր­ջան, եւ հա­յը նո­րից կը դառ­նայ իր երկ­րի տէ­րը: Ճշ­մար­տու­թիւ­նը կը յաղ­թի, եւ ինձ վեր­ջա­պէս կը հաս­կա­նան, բայց, ցա­ւօք, ես ար­դէն չեմ լի­նի»:
­Մա­հա­րի կրցաւ գո­յա­տե­ւել աք­սո­րի դա­ժան պայ­ման­նե­րուն մէջ եւ, վեր­ջա­պէս, Խ­րուշ­չո­վի օ­րով «ան­պարտ» ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ վե­րա­դար­ձաւ հայ գրա­կա­նու­թեան, որ­պէս­զի կա­րե­նայ վկա­յել խորհր­դա­յին «դրախտ»ի էու­թեան՝ հո­գե­բա­րո­յա­կան ար­հա­ւիր­քին մա­սին։
­Մա­հա­րի միշտ հա­ւա­տաց, որ «Ա­մէն մէ­կի կեան­քում պէտք է մի փոքր անձ­րե­ւա­յին ե­ղա­նակ լի­նի, որ­պէս­զի յե­տոյ լաւ փայ­լա­տա­կի ա­րե­ւը»: Իր ամ­բողջ գրա­կա­նու­թիւ­նը կի­զա­կէտ ու­նե­ցաւ այդ հա­ւատքն ու սպա­սու­մը։ ­Բայց յատ­կա­պէս անձ­նա­կան իր կեան­քին ու իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դին ու հայ­րե­նի­քին չար բախ­տէն, ­Մա­հա­րի ապ­րե­ցաւ ու վա­յե­լեց միայն կար­ճա­տեւ ա­րե­ւոտ ե­ղա­նակ, ո­րով­հե­տեւ շա­րու­նակ անձ­րեւ ու մշուշ, ա­րիւն եւ ցաւ «տե­ղաց» իր ճամ­բու ըն­թաց­քին…
Իր սե­րուն­դին վի­ճա­կո­ւած ­Մեծ Աք­սո­րէն վե­րապ­րե­լով՝ ­Մա­հա­րի իր յետ-աք­սո­րեան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն վկա­յեց խորհր­դա­յին «դրախտ»ի բո՛ւն էու­թեան՝ խորհր­դա­յին հո­գեմտա­ւոր հեղ­ձու­ցիչ Ար­հա­ւիր­քին մա­սին։
Ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին ­Մա­հա­րի պի­տի վկա­յէր ­Շա­հան ­Շահ­նու­րի ուղ­ղո­ւած իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ, ա­ւե­լի քան 17 տա­րի ­Սի­պի­րեան աք­սո­րա­վայր­նե­րը «ճա­շա­կած» ­Մա­հա­րիին հա­մար գաղտ­նիք չէր, թէ ո՛վ էր այդ՝ մարդ­կա­յին մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն պա­տաս­խա­նա­տուն.-
«… մեծ ոճ­րա­գործ, դա­հիճ եւ սինլ­քոր վրա­ցի Ս­տա­լի­նի գոր­ծերն էին, կա­տա­րող­նե­րը՝ նրա դրա­ծո­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­յը, ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ ռու­սը, ­Բե­լա­ռու­սիոյ մէջ բե­լա­ռու­սը…» («Շ. ­Շահ­նու­րին», 28 ­Յու­նի­սի 1962 թ.):
­Գուր­գէն Գ­րի­գո­րի Ա­ճէ­մեան ծնած էր 1903 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տոս 1ին, ­Վան՝ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի պոր­տը հան­դի­սա­ցող քա­ղա­քին մէջ: Ա­րեւմ­տա­հա­յու իր կազ­մա­ւո­րու­մը եւ ման­կու­թեան ու պա­տա­նե­կու­թեան իր յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը վճռո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան ա­նոր հե­տա­գայ կեան­քին ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղիին հա­մար։
­Վա­նե­ցիի իւ­րա­յա­տուկ կազ­մա­ւո­րու­մով՝ ­Մա­հա­րի մշա­կեց թէ՛ իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, թէ՛ իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ ­Մա­հա­րիի ար­ձա­կին մնա­յուն նո­ւա­ճում­նե­րը ե­ղան իր «­Ման­կու­թիւն» (1929) եւ «­Պա­տա­նե­կու­թիւն» (1930), «Ե­րի­տա­սար­դու­թեան սե­մին» (1955), «­Ծաղ­կած փշա­լա­րեր» (1950ա­կան­նե­րու վեր­ջը) ու «Այ­րո­ւող Այ­գես­տան­ներ» (1966) ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան գոր­ծե­րը, ո­րոնց տի­րա­կան գի­ծը մէկ կող­մէ հա­մով ու հո­տով պա­տումն ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան թարմ շունչն էին, իսկ միւս կող­մէ դառն եւ թու­նա­ւոր տպա­ւո­րու­թիւն­ներն ու հա­մո­զում­ներն էին, ­Մա­հա­րիա­կան բուռն յու­զաշ­խար­հէն յայտ­նա­բե­րո­ւած։
­Թէեւ մին­չեւ Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րա­հա­մար­տի բռնկու­մը, ինչ­պէս որ ինք կը վկա­յէ, ­Մա­հա­րի ապ­րե­ցաւ «քիչ թէ շատ ան­հոգ» ման­կու­թիւն ու պա­տա­նե­կու­թիւն, բայց այդ շրջա­նին իր ապ­րած թէ՛ անձ­նա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մին­չեւ մահ ծանր մղձա­ւան­ջի մէջ պա­հե­ցին ա­նոր ողջ էու­թիւ­նը։ ­Մա­նա­ւանդ որ նա­խա­խորհր­դա­յին հայ ի­րա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան խմո­րում­նե­րուն՝ յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սեր­մա­նած ա­զա­տագ­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան ար­ժէք­նե­րուն ու ա­ւանդ­նե­րուն հան­դէպ ան­հաշտ հա­կադ­րու­թիւն մը շա­րու­նակ կրծեց ­Մա­հա­րիի գա­ղա­փա­րա­կան էու­թիւ­նը։ (­Հա­մո­զո­ւած հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան էր եւ միշտ մո­լուց­քով կը պատ­մէր, թէ սե­փա­կան մօ­րեղ­բօր ձեռ­քով հօ­րը սպան­նել տո­ւած էին, ­Վա­նի մէջ, Ա­րամ ­Մա­նու­կեանն ու Իշ­խա­նը)…
­Նոյն այդ էա­պէս հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան բար­դոյ­թով՝ ­Մա­հա­րի ան­հիմն ու «ինք­նաս­պա­նա­կան» պաշ­տա­մունք մը զար­գա­ցուց այս­պէս կո­չո­ւած «խորհր­դա­յին դրախտ»ին նկատ­մամբ, ո­րուն հա­մար ծան­րա­գոյն գին վճա­րեց՝ եր­կար տա­րի­ներ հայ­րե­նի հո­ղէն ու հայ գրա­կա­նու­թե­նէն զրկո­ւած, հե­ռա­ւոր աք­սո­րա­վայր­նե­րու մէջ ապ­րե­լով։
­Մա­հա­րի գրչա­նու­նով ան­մա­հա­ցած ­Գուր­գէն Ա­ճէ­մեա­նի գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հին ան­յաղ­թա­հա­րե­լի վէր­քը ե­ղաւ ու մնաց ըն­տա­նե­կան ող­բեր­գու­թիւն մը, որ պա­տա­հե­ցաւ իր ման­կու­թեան տա­րի­նե­րուն։ Ար­մե­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան պատ­կա­նող հայ­րը սպան­նո­ւե­ցաւ իր սե­փա­կան մօ­րեղ­բօր կող­մէ, որ դաշ­նակ­ցա­կան էր։ ­Մա­հա­րի մին­չեւ մահ չկրցաւ հաշ­տո­ւիլ այդ ող­բեր­գու­թեան հետ եւ ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցած ու­ղին դի­տեց ու ար­ժե­ւո­րեց թու­նա­ւոր այդ հո­գե­վի­ճա­կով՝ միջ-կու­սակ­ցա­կան վէ­ճե­րով ու սուր հա­կադ­րու­թիւն­նե­րով ա­րա­տա­ւո­րել փոր­ձե­լով հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան ան­կորն­չե­լի հարս­տու­թիւ­նը։
­Չա­փա­զան­ցու­թիւն չէ այն ընդ­հան­րա­ցու­մը, որ ­Գուր­գէն ­Մա­հա­րի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ մին­չեւ մեր օ­րե­րը հայ­րե­նաբ­նակ հա­յու­թեան ո­րոշ շեր­տե­րուն մէջ «վե­րապ­րող» հա­կա­կու­սակ­ցա­կան եւ յատ­կա­պէս հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան գա­ղա­փա­րա­կան մաղ­ձին։
­Կեն­սա­գիր­նե­րը ի­րա­ւա­ցիօ­րէն կը նշեն, որ ­Սիա­ման­թո­յով եւ ­Վա­րու­ժա­նով, ­Թէ­քէ­յեա­նով ու ­Մե­ծա­րեն­ցով սնած ու գրա­կա­նու­թեան փա­րած ­Մա­հա­րիի կեան­քը հիմ­նո­վին գլխի­վայր շրջո­ւե­ցաւ, երբ պայ­թե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը։ ­Պա­տա­նիի զար­հու­րած աչ­քե­րով ան հե­տե­ւե­ցաւ ու սե­փա­կան մոր­թին վրայ զգաց ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թեանց պի­ղա­տո­սեան ձեռ­նա­ծա­լու­թեան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան կեղ­ծի­քին ու մա­քիա­ւե­լա­կան պա­տե­հա­պաշ­տու­թեան։ ­Տե­սաւ մա­նա­ւանդ հե­րո­սա­կան խո­յան­քը սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին, որ ­Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան օ­րի­նա­կով՝ ա­րե­ւուն տակ յաղ­թա­հա­սակ կանգ­նե­լու մեր ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը նո­ւա­ճեց։
­Բայց ո­րով­հե­տեւ հա­յու­թիւ­նը իր մեծ տո­կո­սով քա­ղա­քա­կան իր ա­պա­գան կա­պած էր ­Ռու­սաս­տա­նին, այդ պատ­ճա­ռով ալ ­Վա­նի հե­րո­սա­մար­տին յաղ­թա­նա­կած մեր ժո­ղո­վուր­դը, երբ ռու­սա­կան զօր­քե­րը յան­կարծ սկսան նա­հան­ջել, բիւ­րա­ւոր գաղ­թա­կան­նե­րով ան­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան՝ նաեւ թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թե­նէն խու­սա­փե­լու մտա­սե­ւե­ռու­մով։
­Գուր­գէն Ա­ճէ­մեան մեծ գաղ­թի ժա­մա­նակ կորսնցուց մայրն ու հա­րա­զատ­նե­րը. իր սերն­դա­կից­նե­րու մեծ մա­սին պէս պատս­պա­րո­ւե­ցաւ որ­բա­նոց­նե­րու մէջ։ ­Տա­րի­ներ ետք ­Մա­հա­րի վե­րագ­տաւ իր մայ­րը եւ հա­րա­զատ­նե­րը։ Իր ման­կու­թեան այն­քան պաշ­տե­լի «տա­տիկ»ը ար­դէն մա­հա­ցած էր գաղ­թի ճամ­բուն վրայ։ ­Թէեւ ­Թիֆ­լիս, Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ թէ Ե­րե­ւան, որ­բա­նոց­նե­րու մէջ, նախ­նա­կան կրթու­թեան ու կտոր մը հա­ցի եւ պնակ մը կե­րա­կու­րի հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ, բայց որ­բի կեան­քը շատ ծանր տա­րաւ ­Մա­հա­րի, խոր դառ­նու­թիւն եւ ան­սահ­ման ցա­սում ապ­րե­ցաւ, ո­րոնք ե­րի­տա­սար­դու­թեան սե­մին կանգ­նած հայ որ­բին մղե­ցին դէ­պի պոլ­շե­ւի­կեան «ա­րե­ւա­ծագ»ին ինք­նա­խաբ պաշ­տա­մուն­քը։ Որ­բա­նո­ցի տա­րի­նե­րուն ­Մա­հա­րի ծա­նօ­թա­ցաւ ­Չա­րեն­ցի հետ եւ ուղ­ղա­կի իբ­րեւ ու­սու­ցի­չի կա­պուե­ցաւ ա­նոր։ 1922ին լոյս ըն­ծա­յեց բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու իր ա­ռա­ջին հա­տո­րը՝ «Ար­տա­մե­տեան գի­շեր­ներ» խո­րագ­րով։ Երկ­րորդ հա­տո­րը բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց՝ «Մր­գա­հաս» խո­րագ­րով, լոյս տե­սաւ 1932ին, «­Ձօն՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցին» նե­րա­ծա­կան վեր­տա­ռու­թեամբ։ Ա­ւե­լի ուշ, աք­սո­րէ վե­րա­դար­ձին, լոյս տե­սան ­Մա­հա­րիի բա­նաս­տեղ­ծա­կան միւս ժո­ղո­վա­ծու­նե­րը՝ «­Ծո­վի Եր­գեր»ը, «Հն­ձան­ներ»ը, «Ան­դունդն ի վեր»ը, «Ա­նանձ­նա­կան»ն­ ու «­Պոեմ­ներ»ը:
­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան իր գոր­ծե­րուն մէջ, մա­նա­ւանդ սկզբնա­կան շրջա­նին, մե­ծա­պէս զգա­լի են ոչ միայն ա­րեւմ­տա­հայ գե­ղա­պաշտ սե­րուն­դին, այ­լեւ ­Տէ­րեա­նի ու ­Չա­րեն­ցի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը։
­Մա­հա­րիի գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան հե­տա­գայ ու­ղիի հու­նա­ւոր­ման մէջ մեծ ե­ղաւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը Ակ­սէլ ­Բա­կուն­ցի։ ­Մա­հա­րի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ նե­տո­ւե­ցաւ ար­ձա­կագ­րու­թեան աս­պա­րէզ եւ ի­րա­րու ե­տե­ւէ լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Ման­կու­թիւն» եւ «­Պա­տա­նե­կու­թիւն» գոր­ծե­րը, ո­րոնք լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտան եւ մեծ հռչա­կի ար­ժա­նա­ցու­ցին զինք:
­Բա­կուն­ցի ներշն­չու­մով՝ ­Մա­հա­րի իւ­րո­վի վե­րա­նայ­ման են­թար­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին վե­րա­բե­րեալ իր տե­սա­կէտ­նե­րը եւ սկսաւ վե­րար­ժե­ւո­րել ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րը՝ հա­մա­պա­տաս­խան թար­մաց­ման են­թար­կե­լով իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ ­Մա­հա­րիի գա­ղա­փա­րա­կան հա­սու­նաց­ման այդ ու­ղին բա­ւա­րար հիմք նկա­տո­ւե­ցաւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց հա­մար, որ­պէս­զի նաեւ ­Մա­հա­րին են­թար­կեն 1936ի հա­մա­տա­րած հա­լա­ծան­քին ու բռնա­դա­տու­թեանց։ ­Թէեւ մա­հա­պա­տիժ չստա­ցաւ, բայց մին­չեւ Ս­տա­լի­նի մա­հը աք­սո­րի դա­տա­պար­տուե­ցաւ նաեւ ­Մա­հա­րի։ Աք­սո­րի մէջ ալ ա­մուս­նա­ցաւ լիթ­վա­ցի Ան­տո­նի­նա­յի հետ։ 1953ին Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձաւ աք­սո­րէն՝ հիւ­ծած ու քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջու­թեամբ։
­Թա­փով վերսկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի։ 1950ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն լոյս տե­սաւ իր «­Ծաղ­կած փշա­լա­րեր» վի­պա­կը, որ աք­սո­րի տա­րի­նե­րուն կը վե­րա­բե­րի։ Իբ­րեւ «խորհր­դա­յին կու­լակ»ի խորհր­դան­շած մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թեան ու գա­ղա­փա­րա­կան ար­հա­ւիր­քին նո­ւի­րո­ւած ցնցիչ գրա­կա­նու­թիւն՝ ­Մա­հա­րիի այս գոր­ծը իր տե­սա­կին մէջ մի­ջազ­գա­յին մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ. այդ պատ­ճա­ռով ալ շու­տով ար­ժա­նա­ցաւ ռու­սե­րէն, ֆրան­սե­րէն եւ անգ­լե­րէն թարգ­մա­նու­թեան։
­Գուր­գէն ­Մա­հա­րիի գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն իր նա­մակ­նե­րը, ո­րոնք եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ գրո­ւած եւ ուղ­ղուած են քսա­նե­րորդ դա­րու մեր գրա­կա­նու­թեան մե­ծար­ժէք դէմ­քե­րուն եւ կը շօ­շա­փեն ոչ միայն հայ գրա­կա­նու­թեան, այ­լեւ ազ­գա­յին մեր կեան­քին հրա­տապ խնդիր­նե­րը։
­Գուր­գէն ­Մա­հա­րի վախ­ճա­նե­ցաւ ­Յու­նիս 17ին, 1969 թո­ւին, ­Պա­լան­գա (­Լիթ­վա) եւ թա­ղո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։
Ու­շագ­րաւ է, որ ­Մա­հա­րի՝ այդ­քա՜ն բազ­մա­չար­չար կեանք ապ­րե­լով հան­դերձ, խոր հա­մո­զու­մով տէր կանգ­նե­ցաւ իր կտրած ու­ղիին։ Ինչ­պէս որ իր ինք­նա­կեն­սագ­րա­կա­նի ա­ւար­տին կ­’ընդգ­ծէ.
«… Ե­թէ այս րո­պէին ներս մտնէր ա­հեղ եւ ա­մե­նա­կա­րող Ե­հո­վան, նստէր իմ դի­մաց, մի ծխա­խոտ վա­ռէր եւ ա­սէր.- ­Տա­լիս եմ քեզ երկ­րորդ կեանք, գծիր քո երկ­րորդ կեան­քի ու­ղին օ­րօ­րո­ցից մին­չեւ գե­րեզ­ման, ինչ­պէս որ ցան­կաս, եւ կը կա­տա­րո­ւի քո կամ­քը… ինչ­պէ՞ս կ­’ու­զէիր ապ­րել։ Ես նրան կը պա­տաս­խա­նէի, ա­ռանց վա­րա­նե­լու.- ­Ճիշտ այն­պէս, ինչ­պէս ապ­րե­ցի»։
­Մեծ գրո­ղի ծնուն­դը շնոր­հա­ւո­րող ծաղ­կե­փունջ թող ըլ­լայ հե­տա­գայ քեր­թո­ւա­ծը ­Մա­հա­րիի գրա­կա­նու­թե­նէն.

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

­Ծի­ծեռ­նակ­ներն ե­կան աշ­խարհ­նե­րից հե­ռու,
­Ճամ­բա­նե­րով եր­կար, ճամ­բա­նե­րով ան­տես,
­Ծի­ծեռ­նակ­ներն ե­կան ճի­չով եւ եր­գե­րով,
Իմ աշ­խար­հում բա­ցին եր­գի, գար­նան հան­դէս:

Ե­կան ծի­ձեռ­նակ­ներն, թե­ւին տո­ւին, ի­ջան
Կ­տուր­նե­րին ծա­նօթ ու ծա­ռե­րին,
Ա­ւե­րել էր ո­մանց բոյ­նե­րը հող­մը չար,
Ո­մանք էլ չգտան ի­րենց տնե­րը հին:

Ու թռչում են նրանք, կան­չում տագ­նա­պա­հար,
Ո­րո­նում են յար­մար նոր քի­ւեր ու սար­քեր,
Ու կրում են սէ­զեր ու հիւ­սում են յա­մառ
Օ­թե­ւան­ներն ի­րենց ան­ձե­ռա­կերտ:

Ու հնչում է նրանց եր­գը զո­ւարթ, վառ­ման,
­Հիւ­սում են բոյ­նե­րը մա­մու­ռից ու եր­գից…
— ­Ծի­ծեռ­նակ­նե՛րն ե­կան, կա­րա­պետ­նե՛ր գար­նան,
­Հե­ռու աշ­խարհ­նե­րից վե­րա­դար­ձան եր­կիր…