Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի հրա­ւէ­րով՝ 11-12 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին, ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մե­րի­կեան ցա­մա­քա­մա­սի եւ Աւստ­րա­լիոյ Հ.Յ.Դ. մար­մին­նե­րու ­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան եօ­թը եր­կիր­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
­Ժո­ղո­վին ներ­կայ էր Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­ներ եւ Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գույն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:
Եր­կու օր տե­ւած քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րոն ներ­կա­յա­ցուց իր գոր­ծու­նէու­թեան վեր­ջին մէկ տա­րո­ւան տե­ղե­կա­գի­րը, ո­րուն լոյ­սին տակ կա­տա­րո­ւե­ցաւ հա­մա­պար­փակ քննար­կում:
­Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վը ի­րա­զեկ դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան կեան­քի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն, կոա­լի­ցիոն (հա­մա­խո­հա­կան) կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ մեր մաս­նակ­ցու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին: ­Ժո­ղո­վը քննար­կեց ­Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան ամ­րա­կայ­ման, տնտե­սա­կան եւ անվ­տան­գու­թեան մար­զե­րէն ներս բա­րե­փոխ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, եւ հար­ցում­նե­րու ու ար­ժե­ւո­րում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն տո­ւաւ գնա­հա­տա­կան­ներ: ­Յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան Ար­ցա­խեան հար­ցի կար­գա­ւոր­ման վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը եւ Հ.Յ.Դ. կա­տա­րե­լիք աշ­խա­տանք­նե­րը այդ ծի­րէն ներս:
­Կա­րե­ւոր նկա­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բա­նակ­նե­րու հզօ­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը` շեշ­տը դնե­լով բա­նա­կին հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւե­լիք հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին նե­ցու­կին ու զօ­րակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման վրայ: ­Նաեւ՝ կա­րե­ւոր նկա­տո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան հզօ­րա­ցու­մի եւ ըն­կե­րա­յին կեն­սա­մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, իբ­րեւ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի հայ­րե­նի­քին մէջ բար­գա­ւա­ճե­լու նա­խադ­րեալ:
Ա­պա՝ ժո­ղո­վը հան­գա­մա­նօ­րէն զբա­ղե­ցաւ շրջան­նե­րու կազ­մա­կեր­պա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ յա­րա­բե­րա­կան օ­րա­կար­գե­րով:
­Ժո­ղո­վը անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թեանց առ­կայ վի­ճա­կին, ա­նոր բա­րե­լաւ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ սփիւռ­քի գա­ղութ­նե­րու կա­յուն զար­գաց­ման եւ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան գոր­ծին:
­Ժո­ղո­վը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ու այս ի­մաս­տով նաեւ ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­ջարկ­ներ:
­Կազ­մա­կեր­պա­կան յա­ւե­լեալ հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ժո­ղո­վը ներ­կա­յա­ցուց նոր ա­ռա­ջարկ­ներ եւ միաս­նա­կան դիր­քո­րո­շում­ներ որ­դեգ­րեց շարք մը օ­րախն­դիր հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ:

Հ.Յ.Դ. ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
12 ­Նո­յեմ­բեր 2017, ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէս