­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան 12ին սկիզբ ա­ռած վար­չա­պե­տի ընտ­րու­թեան յա­տուկ նիս­տի ա­ւար­տին, ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու­թեան կողմ քո­ւէար­կեց 45 պատ­գա­մա­ւոր, դէմ՝ 55 պատ­գա­մա­ւոր։ Այս­պի­սով Հ.Հ. վար­չա­պե­տի միակ թեկ­նա­ծու ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նը չընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Հ. վար­չա­պետ: ­Վար­չա­պետ ընտ­րո­ւե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նո­ւա­զա­գոյ­նը 53 ձայն:
­Բազ­մա­մարդ եւ ա­ւե­լի քան 10 ժամ տե­սած հան­րա­հա­ւա­քի ժա­մա­նակ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան յայ­տա­րա­րեց ի­րենց հա­կա­քայ­լը։
«Հ.Հ.Կ. կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կը յա­ջոր­դէ մեր հա­կա­քայ­լը՝ վա­ղը կը յայ­տա­րա­րո­ւի ամ­բող­ջա­կան գոր­ծա­դուլ ու դա­սա­դուլ, վա­ղը կը շրջա­փա­կո­ւին բո­լոր փո­ղոց­նե­րը, եր­կա­թու­ղին, մեթ­րոն, օ­դա­կա­յա­նը, ա­մէն ինչ, ինչ հնա­րա­ւոր է: Ես կը դի­մեմ որ­պէս ժո­ղովր­դի թեկ­նա­ծու՝ բո­լոր պե­տա­կան ծա­ռա­յող­նե­րուն վա­ղը կը յայ­տա­րա­րենք  ամ­բող­ջա­կան գոր­ծա­դուլ: Այս պայ­քա­րը չի կրնար չա­ւար­տո­ւիլ յաղ­թա­նա­կով, չկայ այդ­պի­սի տար­բե­րակ, ուղ­ղա­կի գո­յու­թիւն չու­նի: ­Վա­ղը կա­րիք չի ըլ­լար փո­ղո­ցը փա­կե­լու հա­մար ո­րե­ւէ մէ­կէն նե­րո­ղու­թիւն խնդրել, ո­րով­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն գրե­թէ չեն մնա­ցել մար­դիկ, ո­րոնք կողմ չեն այս յաղ­թա­նա­կին:
Հ.Հ.Կ.ն­ այ­լեւս բա­րո­յա­պէս գո­յու­թիւն չու­նի, ե­թէ նոյ­նիսկ փո­ղո­ցի մէջ մէկ տեղ տես­նէք հան­րա­պե­տա­կա­նի ո­րե­ւէ պատ­գա­մա­ւո­րի, չնկա­տե­լու տո­ւէք, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք այ­սու­հետ գո­յու­թիւն չու­նեն:
­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­ւե­լի քիչ փո­ղոց կայ, քան այս­տեղ մար­դիկ, ե­թէ միայն այս բո­լոր մար­դիկ էլ լծո­ւին այդ գոր­ծին, Հ.Հ.ի մէջ այ­լեւս բաց փո­ղոց չի մնար:
Ես կ’ու­զեմ խո­նար­հիլ ձեր առ­ջեւ: Ես ը­սած եմ, որ այ­սօր ինչ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Ա.Ժ.ի մէջ, այդ­քան էա­կան չէ: Ինչ­քան կ’եր­կա­րի այս գոր­ծըն­թա­ցը, այդ­քան յայտ­նի կը դառ­նայ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հի մէջ ու շու­տով կը դառ­նայ աշ­խար­հի ի­դէա­լը: Հ.Հ.ի վար­կա­նի­շը աշ­խար­հի մէջ եր­բեք այս­քան բարձր չէ ե­ղած, ինչ­քան այ­սօր:
Ա.Ժ.ն, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այժմ երկ­րոր­դա­կան բա­ներ են, ո­րով­հե­տեւ այժմ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը այս հրա­պա­րա­կի վրայ է, ու աշ­խար­հի մէջ կը շա­րու­նա­կեն զար­մա­նալ՝ ինչ­պի­սի քա­ղա­քա­կիրթ, ինչ­պի­սի զուսպ ազ­գի հետ գործ ու­նին:
Այ­սու­հետ աշ­խար­հի մէջ հա­յե­րու ա­նու­նը պի­տի զու­գոր­դո­ւի յաղ­թա­նա­կի, սի­րոյ, ար­ժա­նա­պատ­ւու­թեան հետ, մենք հպարտ ենք, որ հայ ենք, որ Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի ենք:
­Վա­ղը ա­ռա­ւօ­տեան 8:15էն ամ­բող­ջա­կան գոր­ծա­դուլ եւ դա­սա­դուլ, կը շրջա­փա­կենք հա­ղոր­դակ­ցու­թեան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը՝ եր­կա­թու­ղին, օ­դա­կա­յա­նի փո­ղոց­նե­րը, ա­մէն ինչ, Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի­նե­րը դուրս կ’ե­լեն պա­հան­ջով, որ ի­րենց թեկ­նա­ծուն դառ­նայ վար­չա­պետ: Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 19:00ին կրկին ցու­ցա­նի­շա­յին հան­րա­հա­ւաք տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ: Այ­սօ­րո­ւան հան­րա­հաւ­քը ա­մե­նա­մար­դա­շատն է այս բո­լոր օ­րե­րու մէջ»,-ը­սաւ ան: