Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին, Երեւան եւ Լիոն քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է յուշագիր, ուր նախանշուած են այն հիմնական գերակայ ուղղութիւնները, որոնց մէջ պիտի խորացուի երկու քաղաքներու գործակցութիւնը: Փաստաթուղթը ստորագրած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան:
Յուշագիրի ստորագրութեան արարողութենէն ետք Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները հանդէս եկած են ելոյթներով:
Յատկապէս կարեւոր նկատելով երկուստեք կապերու ա՛լ աւելի ամրապնդումն ու փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումը` Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նկատել տուած է, որ անցած աւելի քան երկու տասնամեակները թէ՛ ապակեդրոնացեալ գործակցութեան, թէ՛ տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ թէ՛ այլ բնագաւառներու մէջ նշանաւոր եղած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումով:
Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գնահատանքին համար, համոզում յայտնած է, որ ստորագրուած նոր յուշագիրով նոր էջ պիտի բացուի երկու քաղաքներու գործակցութեան մէջ՝ ապահովելով զարգացման նոր ուղղութիւններ, ի շահ Երեւան եւ Լիոն քաղաքներու բնակիչներուն:
Պաշտօնական արարողութեան ժամանակ Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանը պարգեւատրած է Երեւանի քաղաքապետի ոսկիէ շքանշանով:
Այնուհետեւ Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները պատասխանած են նաեւ լրագրողներու հարցումներուն: Տարօն Մարգարեան ու Ժորժ Քեփենեկեան համոզում յայտնած են, որ ստորագրուած յուշագիրով ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդուի երկու քաղաքներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ բարեկամութիւնը եւ կողմերը պիտի կարենան կեանքի կոչել բոլոր այն ծրագիրները, որոնք նախանշուած են:
Գործակցութեան յուշագիր
Երեւանի եւ Լիոնի քաղաքապետները գործակցութեան յուշագիր ստորագրած են