ՇԱՀԱՆ ՖԱՐԱՃԵԱՆ
«Նոր Օր»-ի ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր»-ի թուղթը դեղնորակ էր. մաշած մագաղաթի նման խորհրդաւոր ու յարգի, հիները կը յիշեն վստահաբար:
Օրաթերթը կը մտնէր տուներէն ներս եւ աղքատիկ սենեակներու լաւագոյն սեղանին վրայ տեղ կը գտնէր, կարդացուելու համար ընտանիքի բոլոր անդամներուն կողմէ: Համաշխարհային պատերազմէն մնացած գարշահոտը պատուհաններէն ու դռներէն դուրս կը գոցուէր, որպէսզի քարիւղի լապտերներու լոյսին տակ ծայրէ ի ծայր կարդացուի ու լսուի գաղութի ձայնը. հիները կը յիշեն:
Պատերա՞զմն էր արդեօք, այդ օրերու անձկութի՞ւնը, վա՞խը, իրարու մօտիկ զգալու անհրաժեշտութի՞ւնը. կային այս բոլոր զգացումները անշուշտ, կար սակայն նաեւ աւելին՝ ազգային ինքնութիւնը հաստատելու պահանջը: Առանց չափազանցած ըլլալու կարելի է ըսել թէ հայ մամուլը այս եւս առաքելութեան կը ծառայէր: Ինչո՞ւ կը գործածեմ անցեալը եւ չեմ ըսեր կը ծառայէ…
Վիճելի չէ, կը կարծեմ, այն տեսակէտը ըստ որուն մամուլը, յատկապէս մեր ժողովուրդի պարագային, միայն լրատուութիւն չէ, այլ միաժամանակ ինքնավստահութեան ու յաւելեալ դաստիարակութեան աղբիւր: Եթէ այսօր եւս այդպէս է, անցեալը պէտք չէի գործածել: Պատահեցաւ սակայն, որ անխուսափելիօրէն եկան նոր ժամանակները եւ թուղթը իսկապէս կարծես դարձաւ անցեալի մագաղաթ. ու կ՚ըսուի, թէ բովանդակութիւնն է կարեւորը, թէ թուղթի վրայ տպուած էջ մը կամ պաստառի մը վրայ մարմանացող բառերը նոյնն են ընթերցողին համար, մինչ պաստառը աւելի դիւրաւ մատչելի է ու աժան, իսկ տպուած թուղթը ժամանակավրէպ:
Հարկ է անմիջապէս նշել թէ կարդալ փափաքողին համար արդին կամ դիւրամատչելին չէ որ պիտի խթանէ կարդալու տրամադրութիւնը. թուղթի վրայ տպագրուած էջը չկարդացողը պիտի չկարդայ նաեւ ելեկտրոնային տարբերակը: Հետեւաբար, վերջին տարիներու ընթացքին ստեղծուած այս վէճը անիմաստ պէտք է նկատել: Իսկ, թէ մերօրեայ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս կը խուսափի ընթերցումէն այլ խնդիր է, որուն պատճառները տարբեր շրջագիծի մը մէջ պէտք է փնտռել:
Անկախ սակայն ընթերցումէն, կարեւորը ինքը թերթն է որպէս առարկայ: Թերափապաշտի ( fetichiste ) ամբաստանութեան ենթարկուելէ առաջ պիտի ուզէի ամբողջացնել տեսակէտս, որ հիմնուած է հաղորդութեան՝ այսինքն մասնակից դառնալու գաղափարին վրայ, որ ամենայն յարգանքով պէտք է ըսել թէ կրօնական նաեւ խորհուրդ մըն է: Այսպէս, օրաթերթը նաեւ, շօշափելի առարկայ մը ըլլալով, ունի իր համը, այս պարագային թուղթի յատկանշական հոտը եւ առարկային հետ շփման գոհունակութիւնը կ՚ընծայէ ստացողին:
Փորձութիւնը ունեցայ այս մտածումներով մօտենալ «Ազատ Օր»-ի 75-ամեակի տարեդարձին, որովհետեւ վերջին տարիներու տնտեսական դժուարութիւնները, զանազան խօսակցութիւններու պատճառ դարձած են մեր օրաթերթի ապագային ու տեսակին նկատմամբ:
Անշուշտշ շատ զօրաւոր է նաեւ զգացական բաժինը: Այս փորձութեան եւս պիտի ընդառաջեմ գիտակցաբար՝ ապաւինելով ընթերցողի համբերութեան ու ներողամտութեան:
75 տարի պատնէշի վրայ մնալէ ետք, «Ազատ Օր»ը կը շարունակէ պահպանել իր գոյութիւնը յանուն յունահայ գաղութին ու ոչ միայն: Թուղթը դեղնորակ չէ այլեւս եւ տեսքը աւելի ինքնավստահ: Եթէ սակայն այսօր՝ իր յաճախ գունաւոր էջերով եւս, «Ազատ Օր»ը վայելուչ ձեւով կը ներկայանայ հանրութեան, այդ մէկը կը պարտի անցեալի նուիրեալներուն, որոնց շատ համեստ առօրեան, նման ատենի դեղնորակ էջերուն, բացառիկ փայլ մը կը ստանար հաւատարմութեան փարոսի ճառագայթներէն:
Գաբրիէլ Լազեան, Ահարոն, Վազգէն եւ ուրիշներ, ինչպէ՞ս յիշել բոլորը, ինչպէ՞ս մոռնալ այն բոլոր դէմքերը, որ անցան ու կ՚անցնին «Ազատ Օր»ի խմբագրատունէն ազգային հպարտութեամբ, առանց պատիւներու արժանանալու. Յովսէփը, գրաշարները, ցրուիչները, այո՜ ցրուիչները, որ ամէն օր կ՚աւետէին ու կ՚աւետեն մեր գաղութի շարունակականութիւնը, մեր գաղութի կենդանի ներկայութիւնը հայութեան գոյատեւման ու պայքարի ճամբուն վրայ. հոս են բոլորը ու պիտի շարունակեն ըլլալ մեր մէջ:
Ու երբ օր մը յիշեն, տարիներ վերջ, այսօրուայ «Ազատ Օր»ի փայլուն, թէեւ քիչ մը կարծր թուղթը եւ յուզուին մտաբերելով խմբագրատան մերօրեայ դերակատարները, օրաթերթի պատասխանատուները, գործակիցները եւ բաժանորդները, որոնք սիրեցին զիրար որպէս Հայ, բայց նաեւ որպէս թուղթի սիրահարներ՝ յուսով եմ որ պիտի տեսնեն հոգւոյ աչքերով նաեւ ցրուիչ Գաբրիէլ Գաբրիէլեանի կերպարը ու պիտի ընկերակցին անոր շատ արագ քայլերուն, երբ կը բաժնուէր տուներէն խանութներէն, այլ թաղեր այցելելու եւ գաղութի սիրտը ցրուելու համար տունէ տուն:
Կան ազդակներ որոնք միացուցած ու հզօրացուցած են գաղութը, կարեւոր մշակոյթ մը ստեղծելով: Դպրոցները անշուշտ, Աւետիսի շրջագայութիւնը եւ նաեւ օրաթերթը, մեր «Ազատ Օր» դարձած «Նոր Օր»ը:
Եկան սեւ օրեր: Գաղութին համար, բայց գլխաւորաբար մեր ազգին համար: Յուսախափութիւնը պատեց մեր ամբողջ էութիւնը. ինչպէ՞ս դիմանալ, մինչեւ ե՞րբ. Արցախը վիրաւոր, Հայրենիքը վիրաւոր, ներքին քաղաքական վէճեր, անհանդուրժողութիւն, տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամ, գաղութներու այլասեռման ու տկարացման լուրջ վտանգ, որքա՜ ն դժուար է Հայ ըլլալ… պիտի տոկա՞նք:
Պարտաւոր ենք տոկալ, այլընտրանք չկայ. Հայրենիքի սիրոյն, Արցախի սիրոյն, մեր ժողովուրդի երթին սիրոյն:
Հայ մամուլը այս երթի հիմնական պահակներէն մէկն է: Ահա՛ թէ ինչու կը փափաքիմ խոնարհիլ այն բոլորին առջեւ որոնք յամառօրէն կը պայքարին մեր ներկան ու ապագան երաշխաւորող ազդակները կանգուն պահելու վճռականութեամբ:
Այս գովերգը ձօնուած է անոնց: