Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը՝ խորապէս կը գուժէ իր երէց սերունդի բազմավաստակ անդամներէն ընկ. Կարօ Ղեւոնդեանի մահը։
Հանգուցեալը կանուխ տարիքէն իր ազգային նկարագիրն ու մշակութային սէրն ու տաղանդը կազմաւորեց յունահայ գաղութի իրար յաջորդող տասնամեակներու բազմաշնորհ կեանքի անդաստանին մէջ` իր անվերապահ ու գործնական ներդրումը բերելով թատերական կեանքի, երգչախումբի, մեներգի, ասմունքի, սեղանապետութեան (թամատայութեան) եւ վարչական զանազան մարզերէ ներս, հարուստ ու անփոխարինելի ներկայութեան մը արժանի փաստն ու վկայութիւնը տալով։
Իր մասնակցութիւնն ու ներդրումը զուգահեռաբար եղան մշակութային-քաղաքակրթական, դաստիարակչական, այլեւ՝ գաղափարակա՛ն։
Մեր երէց ընկերը գաղափարականօրէն կը հաւատար, թէ հայը պէտք է ծառայէ հայուն, մարդը պէտք է ծառայէ մարդուն։ Իր մէջ ազնուօրէն միախառնուած էին նկարագրային բազմապիսի փափկանկատ առաքինութիւններ, զորս կը մատուցէր պարզ, համեստ ու հաղորդական ոճով։
Ձեւականութան մարդ չեղաւ ան երբեք. ազնիւ ու անոյշ ժպիտով, հոգեկան անհուն մտերմութեամբ ու անսահման նուիրումով ու մատուցումով կը հասնէր ամէն ինչի եւ կը շէնցնէր, կը գունաւորէր մեր ձեռնարկներուն մթնոլորտը, իր գեղարուեստական անհատականութան շեշտն ու կնիքը դրոշմելով։
Ազգային որեւէ պարտականութեան հանդէպ կը դրսեւորէր անսակարկ պատրաստակամութիւն ու իր համբերատար վերաբերումով կը դաստիարակէր նոր սերունդներուն նկարագիրը, հեռակայ անցեալը եւ մօտաւոր ներկան իրար լաւապէս ներդաշնակելով։
Մէկ խօսքով՝ անձ մըն էր, որ ի՛ր կեանքի օրինակով՝ հայ կեանքին մէջ պարզ անցորդ մը չեղաւ։
Անմիջականօրէն գործակցած ըլլալով Արշաւիր Գազանճեանի եւ Կարպիս Ֆուրունճեանի, այլեւ իրեն սերնդակից տաղանդաւոր գործընկերներու հետ՝ թատերական գերազանց վայելքի ու ապրումներու լաւագոյն յիշատակներ թողուց իր ետքին։
2003ին Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը, իր երկարամեայ ու բազմաբեղուն գործունէութեան համար, հրապարակաւ ու այլ Համազգայնականներու հետ յուշատախտակի արժանացուց Կարօ Ղեւոնդեանը՝ «Համազգայինի պատուակալ անդամի» կոչումը շնորհելով անոր։
Մեր մտքին ու յիշողութեան մէջ, մինչեւ այսօր, կենդանի շեշտով կը հնչէ «Այս հողերը մերն են» ներշնչուած քերթուածը, որ խանդավառ յուզումով ու երախտագիտութեամբ կը վկայակոչէր ան։
Այո՛, սիրելի ընկեր, «այս հողերը մե՛րն են» եւ միշտ մե՛րը պիտի մնան։ Վստա՛հ եղիր անոր։
Գոյժ
Կարօ Ղեւոնդեան