ԳՈՅԺ

0
453

Խոր կսկի­ծով կը գու­ժենք ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ, Թ.Ալ­թու­նեա­նի ա­նո­ւան եր­գի-պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի գլխա­ւոր պա­րու­սոյց ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԽԱՉԻԿԵԱ­Նի մա­հը, որ կեան­քէն հե­ռա­ցաւ 71 տա­րե­կան հա­սա­կին։
Ան ե­ղաւ հայ մշա­կոյ­թի նո­ւի­րեալ ա­րո­ւես­տա­գէտ, հայ պա­րա­րո­ւես­տի զար­գաց­ման հա­մար հա­ւա­տա­րիմ գոր­ծիչ, որ նո­ւա­ճեց աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ հե­ղի­նա­կա­ւոր բե­մեր։ Ա­կունք­նե­րէն սնո­ւող, սե­րունդ­ներ կրթող, ա­րա­րող, ստեղ­ծա­գոր­ծող նո­ւի­րեալ վար­պետ ­Յով­հան­նէս ­Խա­չի­կեան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Յու­նաս­տա­նի հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան պա­րա­խում­բե­րու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ղե­կա­վա­րը եւ պա­րու­սոյ­ցը, «­Նա­յի­րի», «­Նա­նոր» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րու սի­րո­ւած, գնա­հա­տո­ւած, խստա­պա­հանջ, բա­ցա­ռիկ ա­րո­ւես­տա­գէտ-ու­սու­ցի­չը։
­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ կը յայտ­նենք ­Յով­հան­նէս ­Խա­չի­կեա­նի ըն­տա­նի­քին, բա­րե­կամ­նե­րուն եւ հա­րա­զատ­նե­րուն։ ­Կը կի­սենք ա­նոնց ցաւն ու վիշ­տը, խա­ղա­ղու­թիւն եւ սփո­փանք կը մաղ­թենք ըն­տա­նի­քին։ ­Յով­հան­նէս ­Խա­չի­կեա­նի յի­շա­տա­կը միշտ վառ պի­տի մնայ։ ­Հանգ­չիր խա­ղա­ղու­թեամբ՝ սի­րե­լի վար­պետ։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԽԱՉԻԿԵԱՆ (կեն­սագ­րա­կան գի­ծեր)

­Յով­հան­նէս ­Գէոր­գի ­Խա­չի­կեան ծնած է 1950-ին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 1961-1968 թո­ւա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­րա­նէն ներս։ 1968 -1988 ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին աշ­խա­տած է Ալ. Ս­պեն­դիա­րեա­նի ա­նո­ւան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նը, որ­պէս մե­նա­կա­տար։ ­Միա­ժա­մա­նակ, 1972-2005 տա­րի­նե­րուն աշ­խա­տած է Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­րա­նէն ներս, որ­պէս դա­սա­կան պա­րի ու­սու­ցիչ: 1986-1996 տա­րի­նե­րուն աշ­խա­տած է Ա­զատ ­Ղա­րի­բեա­նի ա­նո­ւան «Կ­ռունկ» պա­րի հա­մոյ­թին մօտ, որ­պէս պա­րու­սոյց: 1990-1998 թուա­կան­նե­րուն ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րո­ւես­տի ու­սում­նա­րա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան վա­րի­չը: 1988-ին աշ­խա­տած է ­Փա­րի­զի «Աղ­թա­մար» խում­բին մէջ, 1995-էն ի վեր եր­կար տա­րի­նե­րուն հա­մար ե­ղած է Յու­նաս­տա­նի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նոր» եւ «­Մա­րա­լօ» խում­բե­րու պա­րու­սոյց, 1999-ին հրա­ւի­րուած է ­Սու­րիա եւ աշ­խա­տած է որ­պէս ­Հա­լե­պի «­Սար­դա­րա­բատ» խում­բի պա­րու­սոյց։ 2005-ին աշ­խա­տած է որ­պէս պա­րու­սոյց-փոր­ձա­ւար Ալ. Ս­պեն­դիա­րեա­նի ա­նո­ւան օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ: 2005-էն մին­չեւ վեր­ջերս աշ­խա­տած է Ե­րե­ւա­նի պա­րա­րո­ւես­տի պե­տա­կան քո­լէ­ճին մէջ, որ­պէս հայ­կա­կան բա­ժի­նի վա­րիչ: ­Նաեւ 2008-էն մինչ օրս աշ­խա­տած է Թ. Ալ­թու­նեա­նի ա­նո­ւան ­Հա­յաս­տա­նի եր­գի–պա­րի պե­տա­կան վաս­տա­կա­ւոր հա­մոյ­թին մէջ, որ­պէս գլխա­ւոր պա­րու­սոյց: 2006-ին ար­ժա­նա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի կո­չու­մին: 2008-ին պար­գե­ւատ­րո­ւած է ոս­կի մե­տա­լով ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան: 2013-ին ոս­կի մե­տա­լով պար­գե­ւատ­րո­ւած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին կող­մէ: 2014-ին ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին կող­մէն պար­գե­ւատրո­ւած է ոս­կի մե­տա­լով:

«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ»Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ