Ուրբաթ՝ 27 Ապրիլին, 85 տարեկան հասակին մէջ, յաւիտենապէս իր աչքերը փակեց Յունաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան՝ բառին իսկական առումով հաւատարիմ վեթերան մեր ընկերներէն Թագւոր Գազանճեան:
Հանգուցեալ մեր սիրելի ընկերը 50 տարիէ աւելի ծառայած է Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբին, իբրեւ անդամ եւ յաճախ իբրեւ մենակատար, ինչպէս նաեւ «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի գեղարուեստական բնագաւառներէն ներս, առաջնակարգ ու խորքային կարեւոր դերեր մարմնաւորելով յունահայ գաղութի արժանաւոր ու անմոռանալի բեմադրիչ՝ Արշաւիր Գազանճեանի եւ Կարպիս Ֆուրունճեանի ղեկավարութեամբ անզուգական թատերական ներկայացումներ ունենալով, նոյնինքն մեր երկու բեմադրիչներու եւ հոյլ մը տաղանդաւոր երգիչ դերասաններու հետ, ինչպէս՝ Ծաղիկ Գազանճեան, Արուս Գրիգորեան, Սիրանուշ Չալըքեան, Կարպիս Վարդանեան, Կարօ Ղեւոնդեան, Մարօ Օննիկեան, Մատթէոս Աջապահեան, Պետրոս Պարսամեան, Մարի Աւշարեան, Յարութիւն Սարաճեան, Եղիս Թերզիպաշեան, Կիւլա Գարապաճաքեան, Տիգրան Սէլիմեան, Գրիգոր Մինասեան եւ շատ մը ուրիշներ:
Կատակերգութիւն, ողբերգութիւն, օփերա եւ օփերեթ հայ թատերագիրներու թէ յունարէնէ հայերէն թարգմանուած թատրերգութիւններ, մեր ազգային ու յեղափոխական կեանքէ ներշնչուած գրականութենէն քաղուած գլուխգործոցներէ մարմնաւորուած դերեր, որոնք մինչեւ այսօր թարմ ու կենդանի կը մնան յունահայ մշակութասէր հասարակութեան միտքին ու հոգիին մէջ: Բայց այս բոլորէն աւելի կը պաշտէր Կոմիտասը, Լեւոն Շանթը, Շիրվանզադէն եւ Գաբրիէլ Սունդուկեանը:
Ընկեր Թագւոր՝ համեստ նկարագրի տէր անձնաւորութիւն մը, պարտաճանաչ, ժամացոյցի մը կանոնաւորութեամբ յաջողապէս կ’ամբողջացնէր իր ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները գերագոյն յաջողութեամբ իր աւարտին հասցնելով զանոնք:
Նոյն տարիներուն՝ մասնակցութիւն բերած էր նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թատերախումբին, գործակիցներ ունենալով տոքթ. Ժագ Զաքարեանը, Զարուհի Զաքարեանը, Նազիկ Չէրքէզեանը, Շաքէ Ղեւոնդեանը, Մերի Փափատոփութուլու եւ ուրիշներ, իր փորձառութիւնը, տաղանդն ու ունակութիւնները ներդնելով նաեւ այս թատերախումբի ներկայացումներու յաջողութեան, այդ յաջողութեան մէջ իր լուռ, բայց կարեւոր բաժինը ստանձնելով:
Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը՝ իր տարիներու վաստակին իբրեւ նուազագոյն արտայայտութիւն, Նոյեմբեր 2003ին խմբային պարգեւատրումի հրապարակային յոբելինական հանդիսութեան մը ընթացքին, յատուկ յուշատախտակով պարգեւատրած էր զինք, արժանացնելով զայն պատուոյ անդամի պատիւին:
Ընկեր Թագւոր Գազանճեանի պէս մարդիկ, հայ մշակոյթի ներկայի ու ապագայի ոսկեայ բանալին կը կազմեն, հայ կեանքի մեր ազգային ու քաղաքակրթական հասարակութեան շարունակութեան երաշխիքը հանդիսանալով:
Մշակոյթի պատմութիւնը մեր օրերուն շատ արագ քայլերով կ’ընթանայ: Արագ ընթանալով հանդերձ սակայն, իր ետին թանկագին ու անառարկելի հետքեր կը ձգէ, որպէսզի նորերը արժանաւոր հետեւողականութեամբ օրինակուին եւ մեր մշակոյթի ու արուեստի չմաշող զինանոցը լրացնեն ու համալրեն միեւնոյն բծախնդրութեամբ, օրինակելի պարտաճանաչութեամբ ու անշեղ նուիրումով:
Մահուան առիթով, իր կենսատու գործին արժեւորումն ու գնահատումը ընելով՝ խորունկ յարգանքով կը խոնարհինք իր անթառամ յիշատակին առջեւ:
***
Երկուշաբթի՝ 30 Ապրիլին, Ֆիքսի հայ կաթողիկէ «Ս. Գրիգոր Լուասաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ընկ. Թագւոր Գազանճեանի թաղման կարգը: Յետ արարողութեան Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անունով դամբանախօսեց Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Ժագ Տամատեան:
Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Համազգայինի ընտանիքի՝ վարչական, երգչախումբի, թատերախումբի, հանգուցեալի անցեալի գործակիցներ եւ ընկերոջ յիշատակը յարգողներ:
Յունաստանի Համազգայինի
Շրջանային Վարչութիւն