­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տօ­նին՝ 25 ­Մար­տի ա­ռի­թով, ­Գո­մո­թի­նիի հա­յու­թիւ­նը եւս պա­տո­ւեց ան­կա­խու­թեան 202-րդ ­տա­րե­դար­ձը, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով ծրագ­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րուն։ Ա­մէն տա­րո­ւան նման, ըն­դա­ռա­ջե­լով շրջա­նի մարզ­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին, Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան մաս­նակ­ցե­ցան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րուն։ ­Նաեւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Գո­մո­թի­նիի մշա­կու­թա­յին միու­թեան պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, հա­գո­ւած հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­ներ։ ­Գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթ­քէն ետք, քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում յու­շա­ր­ձա­նին առ­ջեւ։
­Յա­նուն շրջա­նի հա­յու­թեան, Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան դափ­նեպ­սակ զե­տե­ղեց։ ­Տէր հայ­րը եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը ի­րենց բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին ներ­կայ ե­ղող շրջա­նի քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ հո­գե­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ ­Յա­ջոր­դա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ տո­ղանցք, ո­րուն ըն­թաց­քին ­Գո­մո­թի­նիի Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ դրօ­շա­կով եւ հա­մա­խումբ քա­լո­ւած­քով, տո­ղան­ցե­ցին պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ, խլե­լով բո­լո­րին գնա­հա­տան­քը եւ ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ