Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 30 Մայիսին, յունահայոց թեմի եկեղեցիներէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 103-ամեակին նուիրուած գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։ Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Պատարագիչ հայրերը անդրադարձան անկախութեան խորհուրդին, նշելով թէ 1918-ին ատեղծուած անկախ Հայաստանը եղաւ հիմնասիւնը այսօրուան անկախ պետականութեան գոյութեան։ Գոհաբանական մաղթանքներուն ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան անդամները եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։