Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ «­Հա­մազ­գա­յին» Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Թե­սա­ղո­նի­կէի «Իա­նոս» գրա­խա­նու­թին, Հինգ­շաբ­թի՝ 26 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, «Իա­նոս» գրա­խա­նու­թին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յոյն գրա­սէր շրջա­նակ­նե­րուն մէջ ծա­նօթ Եոր­ղոս Փո­լի­րա­քի­սի «­Կը խոս­տա­նամ չմոռ­նալ» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը, նո­ւի­րուած՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի Հո­գե­ւոր Հո­վի­ւին, շրջա­նէն ներս գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ յոյն եւ հայ գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան հոծ բազ­մու­թեան։ Հե­ղի­նա­կի գիր­քէն հա­տո­ւած­ներ ըն­թեր­ցեց «­Հա­մազ­գա­յին»ի Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ Մա­րի Քիւրք­ճեան եւ, ա­պա, եր­կու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ «­Քա­թե­մե­րի­նա» թեր­թի մէջ հան­րա­ծա­նօթ գրող Եո­թա Միր­զիո­թի եւ Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի կող­մէ Նա­տիա Պէք­թա­շեան, ներ­կա­յա­ցու­ցին հե­ղի­նա­կին «­Կը խոս­տա­նամ չմոռ­նալ» գիր­քը։
Ա­ւար­տին, իր սրտի խօս­քը ուղ­ղեց նաեւ գիր­քի հե­ղի­նակ՝պրն. Եոր­ղոս Փո­լի­րա­քիս՝ իր սրտի գո­հու­նա­կու­թիւնն ու շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­լով բո­լո­րին անխ­տիր ու մաս­նա­ւո­րա­բար Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ գա­ղու­թին։ Ե­ղան բարձր գնա­հա­տա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ հար­ցադ­րում­ներ գիր­քին վե­րա­բե­րեալ։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, Մա­րիա Ս­փի­րի­տո­նի­տու իր քաղցր ձայ­նով, հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով, օ­րո­ւան ձեռ­նար­կը ճո­խա­ցուց։
Ա­ւար­տին, հե­ղի­նա­կը իր գիր­քէն օ­րի­նակ­ներ մա­կագ­րեց հան­դի­սա­տես­նե­րուն։ Ա­պա, «­Հա­մազ­գա­յին» Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը «Է­րե­բու­նի» ճա­շա­րա­նէն ներս պատ­շաճ ընթ­րի­քով մը պա­տո­ւեց հիւ­րե­րը։

Թղ­թա­կից