ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Համազգայինի թղթակից
13 Մարտի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Թագւոր եւ Ռոզա Աւետիքեան» սրահէն ներս կատարուեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէն կազմակերպուած` վարժապետ տիկ. Վասիլիքի Փիթուլիի «Զմիւռնիան կ՚արտասուէ, Հայաստանը կը յիշէ» գիրքի ներկայացումը։ Ներկայ էին միութեանց ներկայացուցիչներ, հայ եւ յոյն գրասէրներ։
Այս շնորհանդէսն ալ սկսաւ գուժի մը յայտարարութեամբ` ընկ. Ռեբեկա Պարազեանի կորուստին լուրով։ Սիրելի ու համեստ ընկերուհին տարիներով Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» Երգչախումբի անդամ, քանի մը օր առաջ ստացած էր «Ազատ Օր»ին յուշանուէրը, սակայն չհասաւ վայելել Համազգայինի նախատեսուած պարգեւատրումը։ Յիշատակը յարգուեցաւ մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ:
Համազգայինին կողմէ, համադրող ընկ. Ժագ Տամատեան իր հակիրճ բացման խօսքին մէջ նշեց, որ գիրքը բացառիկ կերպով կը միաւորէ 1915-ի ու 1922-ի եղեռնագործութիւնները. յօրինուածք մը` հիմնուած իրական դէպքերու վրայ։
Այս ներդաշնակ ձեւակերպումին անդրադարձաւ տիկ. Սիսի Քափլանի, գրող, թարգմանիչ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի տնօրէն, ներկայացնելով գիրքին բովանդակութիւնը։ Ըսաւ, որ կը բացայայտուին անծանօթ դրուագներ, խօսք ընելով Երիտթուրքերու ժողովին համար, որ գումարուեցաւ 1908-ին Թեսաղոնիկէի մէջ, ուր հայերը եւ յոյները կոչուեցան «քրիստոնեայ մոլախոտեր»։
Տարիներ ետք, 1965-ին, նոյն քաղաքին մէջ, կը կատարուի Սուրբ Մկրտութիւն մը։
Մէկ գերդաստանը` Քարտաշեանները. ընտանիքի անդամները կ՚ապրէին Տիգրանակերտ եւ անցնելով անասելի տառապանքներ փրկուեցաւ Ցեղասպանութենէն։
Միւսն ալ` Զմիւռնացի Տիմիթրաքոփուլոս ընտանիքը, վերապրած 1922-ի աղէտէն։
Մէկ քոյրը մտած է ճափոնական «Թոքէյ Մարու» շոքենաւը, որու քաջասիրտ նաւատիրոջ շնորհիւ փրկուեցան բազմաթիւ հայեր եւ յոյներ. միւսին համար` կը կարծէին ինկած էր Տրափեցոնայի «Վուրլա» կոչուած օրինաւոր պոռնկատունը։
Բայց իրականութեան մէջ, գաղթական յոյն աղջիկ մըն էր, որ կը կրէր անոր անձնագիրը։ Քոյրը փրկուած էր թրքական ընտանիքի մը կողմէն եւ իսլամացած էր։
1921-ին յունաց ղեկավարութեան անձնաւորութիւնները` Փլասթիրաս, Սթերղիատիս եւ Զմիւռնիոյ Առաջնորդ Խրիսոսթոմոս կ՚ունենան երեւակայական զրոյց մը։ Ապա` բանախօսը անդրադարձաւ «Հայոց Նիւրեմպերկին»՝ «Նեմեսիս» յատուկ գործին։
«Ժողովուրդ որ չի յիշեր իր պատմութիւնը` ժողովուրդ է առանց ապագայի», կարգախօսով ամբողջացուց իր խօսքը։
Յաջորդաբար գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր։ Հայազգի հանրածանօթ դերասանոււհի Խրիսթինա Ալեքսանեան իր անզուգական դերասանական ոճով արտասանեց գիրքի կտորներ եւ մաեսթրօ Ստեփան Թէքիրեան` իր գրաւիչ մեղեդիներով, բացառիկ յուզեր ներշնչեց ներկաներուն։ Սիրուած երաժիշտը մեկնաբանեց «Քելէ քելէ», «Բարի արագիլ», «Սոխակ», «Եար քո բարակ» եւ «Պինկէօլ» երգերը։
Շնորհանդէսը աւարտեցաւ գիրքի հեղինակին ամփոփումով ու շնորհակալական խօսքերով ուղղուած կազմակերպիչներուն ու ներկաներուն, յայտնելով իր սիրոյ զգացումները հայերուն եւ հայոց լեզուին հանդէպ։ Նշեց, որ լայնածաւալ հետազօտութիւններէ ետք զգաց «պատուոյ պարտք» մը։ «Հայկական անունները, որ գործածեցի գիրքիս մէջ, կարծես թէ բանաստեղծական կը հնչէին, իրենց մեկնաբանութիւններն ալ` տպաւորիչ», ըսաւ ան։
«Մարդկութեան համար` անտեղեակութիւնը թշնամի է. Գիրքը կրնայ ապաքինել զայն», կարգախօսով ամբողջացաւ գարնանային երեկոյթը, ջերմ մթնոլորտի մէջ, համահունչ մշակութային ոգեշնչումով ու գեղեցիկ զգացումներով։
Վարձքը կատար բոլորին։