Ա­մէն տա­րի­նե­րուն նման, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գեց իր ժա­մադ­րու­թիւ­նը ըն­թեր­ցա­սէր ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն հետ, ան­գամ մը եւս կազ­մա­կեր­պե­լով գիր­քե­րու տօ­նա­վա­ճառ եւ տրա­մադ­րե­լով հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան գիր­քե­րու ճոխ ցանկ մը։ ­Շա­բաթ՝ 14 ­Դեկ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 18 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, մեծ թի­ւով  ծնող­ներ, հայ­րե­նա­կից­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ ըն­դա­ռա­ջե­ցին հրա­ւէ­րին եւ քա­ջա­լե­րե­ցին կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը, ո­րուն հա­սոյ­թը կը տրա­մադ­րո­ւի վար­ժա­րա­նէն ներս զա­նա­զան կա­րիք­նե­րու գո­հաց­ման հա­մար։