Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­կիւ­ղի վար­չու­թեան, ­Կի­րա­կի, 2 Ապ­րիլ 2023-ին, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ ա­նո­ւա­նի գրա­գէտ ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նի յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած «Ես Այդ ­Շունն Եմ» եւ յու­նա­հայ ­Յով­հան­նէս-­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի «­Կեան­քի ­Մը ­Յու­շեր» յու­նա­րէն լե­զուով գրո­ւած գիր­քե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մը:
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նը: ­Հայր սուր­բը իր խօս­քին մէջ շեշ­տեց հայ գրա­գէտ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու ա­նոնց գրի ա­ռած գիր­քե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը մեր կեան­քին մէջ: Ան նաեւ յի­շե­ցուց ներ­կա­նե­րուն, թէ որ­քան կա­րե­ւոր է գիրք ըն­թեր­ցե­լը, մար­դոց մտա­զար­գա­ցու­մին եւ յի­շո­ղու­թեան հա­մար: ­Շեշ­տեց նաեւ, որ ըն­թեր­ցու­մը կը զար­գաց­նէ մար­դու քննա­կան միտ­քը եւ շա­րադ­րե­լու ու­նա­կու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ կը հարս­տաց­նէ ա­նոր բա­ռա­պա­շա­րը: Ա­պա ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ա­նու­նով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց պրն. ­Յով­հան­նէս-­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նին:
­Բաց­ման խօս­քէն ետք, ա­ռա­ջին հեր­թին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Պօ­ղոս Ս­նա­պեա­նին «Ես Այդ ­Շունն Եմ» գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դամ­նե­րէն՝ ­Մէ­լին ­Գա­րաօղ­լեա­նին եւ ­Տիգ­րան ­Սար­գի­սեա­նին կող­մէ, ո­րոնք ման­րա­մասն խօ­սե­ցան գիր­քին բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին, ո­րոշ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ներ­կա­նե­րուն եւ ան­շուշտ անդ­րա­դար­ձան գիր­քին յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նե­լու նպա­տա­կին մա­սին:
Ա­պա հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան հիւ­րը՝ պրն. ­Յով­հան­նէս-­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեան, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նէ եւ ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցէ իր հե­ղի­նա­կած «­Կեան­քի ­Մը ­Յու­շեր» գիր­քին մա­սին: ­Խօ­սե­լով իր հե­ղի­նա­կած գոր­ծին մա­սին, պրն. Ա­ղա­պա­տեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ այս գիր­քը գրած է իր նախ­նի­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ­Փոքր Ա­սիա­յէն գաղ­թե­լով՝ հաս­տա­տո­ւած էին Կ­րե­տէի մէջ, ուր ի­րենց կեան­քը շա­րու­նա­կած եւ հայ ազ­գին պա­տի­ւը միշտ բարձր պա­հած են: Պրն.- Ա­ղա­պա­տեա­նին խօս­քէն ետք ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ տե­սե­րիզ մը, ուր ան հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցած էր իր թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ իր գիր­քին մա­սին:
Ա­ւար­տին, հե­ղի­նա­կը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նին, ըն­ծա­յո­ւած այս ա­ռի­թին հա­մար: ­Հա­մազ­գա­յի­նը իր կար­գին պա­տո­ւեց հիւ­րը՝ յու­շա­նո­ւէ­րով մը:

ԹՂԹԱԿԻՑ